ՀԱՄԱԿԱՐԳԻ ՄԵՐԿԱՑՈՒՄԸ

Ճեֆրի Էփշթայնի գործը կը մերկացնէ համակարգային փտածութիւն մը, որ վտանգ եւ լուրջ սպառնալիք կը համարուի՝ իշխանութեան եւ լռութեան հատման կէտին վրայ:

Ճեֆրի Էփշթայնի գործը այն դրուագներէն է, երբ յանցագործութեան պատմութիւնը կը դադրի անհատական ըլլալէ եւ կը վերածուի համակարգային հայելիի։ Այստեղ խնդիրը այլեւս միայն այն չէ, թէ ի՞նչ ըրած է մէկ հոգի մը, այլ այն, թէ ինչպէ՞ս ամբողջ միջավայր մը թոյ լտուաւ այդ մարդուն գործել, պաշտպանուիլ եւ տարիներ շարունակ մնալ անպատիժ։ Այս գործը կը բանայ ամերիկեան իշխանական համակարգի այն շերտերը, ուր հարստութիւնը կը վերածուի անձեռնմխելիութեան, կապերը կը վերածուին ապահովագրութեան, իսկ լռութիւնը լուռ, բայց, համատարած համաձայնութեան։

Այս իրողութեան դիմաց բնական հարց մը կը ծագի. կրնա՞յ արդեօք Էփշթայնի գործը քաղաքական բեռ դառնալ ո՛չ միայն ամերիկեան համակարգին, այլեւ նախագահ Տանըլտ Թրամփի իշխանակարգին վրայ։

Իր բնոյթով, Էփշթայնի գործը այնպիսի պատմութիւն մըն է, որ քաղաքականօրէն երբեք ամբողջապէս չի փակուիր։ Ան կը վերադառնայ ո՛չ թէ միշտ նոր փաստերով, այլեւ նոյն հարցումներով. ո՞վ գիտէր, ո՞վ լռեց եւ ինչո՞ւ այդ լռութիւնը ընդունելի դարձաւ։ Այդ պատճառով ալ այս գործը կը ծանրանայ ամերիկեան քաղաքական համակարգին վրայ՝ որպէս վստահութեան ճեղք, որ ժամանակի ընթացքին աւելի կը լայննայ՝ քան կը փակուի։

 Թրամփի վարչակարգի պարագային այս ծանրութիւնը կը դառնայ աւելի զգայուն, որովհետեւ ան քաղաքական ինքնութիւնը կառուցած էր՝ համակարգին դէմ կանգնելու խոստումով։ Սակայն, Էփշթայնի գործը կը հակասէ այդ պատկերին՝ ցոյց տալով, թէ որքան խորունկ են վերնախաւային ցանցերը եւ որքան դժուար է իրական հաշուետուութիւն պարտադրել այն համակարգին մէջ, որ ինքզինք պաշտպանելու երկար տարիներու փորձառութիւն ունի։ Նոյնիսկ առանց ուղղակի իրաւական կապի՝ գործը կը մնայ քաղաքականօրէն ծանր, որովհետեւ ան կը յիշեցնէ այն միջավայրը, ուր ազդեցիկ անձերը միմեանց կը պաշտպանեն՝ անկախ իշխանութեան գագաթին գտնուող անունէն։

Այսպիսի գործերու պարագային քաղաքական իրականութիւնը յաճախ աւելի ազդեցիկ կը դառնայ՝ քան դատական եզրակացութիւնը։ Բաւարար է, որ հանրային գիտակցութեան մէջ մնայ տպաւորութիւնը, թէ արդարադատութիւնը ընտրովի եղած: Այդ տպաւորութիւնը կը դառնայ քաղաքական գործիք՝ ընդդիմութեան համար հարուածի միջոց, իսկ գործող իշխանութեան համար պաշտպանողական բեռ։ Էփշթայնի գոր-ծը այս իմաստով կը վերածուի մշտական յիշեցման մը, թէ համակարգը միշտ չէ, որ կը ծառայէ զոհերուն, այլ յաճախ կը գործէ ի նպաստ ուժեղներուն։

Աւելի լայն առումով, այս պատմութիւնը կը գերազանցէ անհատ նախագահներու կամ վարչակարգերու սահմանները։ Ան կը դառնայ նախազգուշացում մը ամերիկեան ժողովրդավարութեան համար՝ ցոյց տալով, որ առանց իրական թափանցիկութեան, անկախ հետաքննութեան եւ բարոյական պատասխանատուութեան՝ իշխանութիւնը կրնայ հեշտօրէն խեղաթիւր-ւիլ։ Այս պատճառով Էփշթայնի գործը կը մնայ քաղաքական բեռ ո՛չ միայն Թրամփի վարչակարգին, այլեւ ամբողջ այն համակարգին վրայ, որ տարիներ շարունակ նախընտրեց լռել՝ ճշմարտութիւնը բացայայտելու փոխարէն։

Ո՞Վ ԷՐ ԷՓՇԹԱՅՆ

 Ճեֆրի Էփշթայն անունը այլեւս սովորական մարդու մը անունը չէ։ Ան վերածուած է համակարգի մը անուան. այն համակարգին, ուր հարստութիւնը կը վերածուի անձեռնմխելիութեան, կապերը կը վերածուին պաշտպանական պատնէշի, իսկ լռութիւնը՝ համընդհանուր համաձայնութեան։ Այս պատմութիւնը սոսկ սեռական ծանր յանցագործութիւններու շարան մը չէ, այլ բաց պատուհան մը՝ դէպի ամերիկեան վերնախաւային աշխարհի մութ ներսը, ուր քաղաքական եւ իրաւաբանական ազդեցիկ ներկայութիւն հանդիսացող ուժերը տարիներ շարունակ համատեղեցին իրենց շահերը՝ ճշմարտութիւնը ստուերի մէջ պահելու համար։ Այստեղ հարցը միայն այն չէ, թէ ի՞նչ ըրաւ Էփշթայն, այլ այն, թէ ինչպէ՞ս կարողացաւ ընել, որո՞նք գիտէին, որո՞նք լռեցին եւ ինչո՞ւ այդ լռութիւնը դարձաւ ընդունելի վարքագիծ։ Էփշթայնի գործը կը բացայայտէ ո՛չ միայն մէկ մարդու փտածութիւնը, այլ ամբողջ այն միջավայրը, որ թոյլ տուաւ այդ փտածութեան ծաղկման, պաշտպանման եւ երկար տարիներ անպատիժ մնալուն, մինչ զոհերու ձայները կը խեղդուէին ազդեցութեան եւ հեղինակութեան աղմուկին մէջ։ 

Ճեֆրի Էփշթայն ամերիկացի գանձատրող եւ բարձր հասարակական կապեր ունեցող անձ մըն էր, որ 1990-ականներէն սկսեալ ազատ կերպով շրջեցաւ քաղաքական, տնտեսական եւ մեծահարուստ շրջանակներու մէջ։ Ան ինքզինք կը ներկայացնէր՝ որպէս ներդրող եւ խորհրդատու, սակայն, իր գործունէութեան իրական ծաւալն ու գանձատրական աղբիւրները մշտապէս մշուշոտ մնացին։ Այդ մշուշին մէջ ալ տարիներ շարունակ ծածկուեցան անչափահաս աղջիկներու դէմ գործադրուած ծանր յանցագործութիւնները։

Էփշթայնի անունը առաջին անգամ լայնօրէն հանրայնացաւ 2000-ականներու սկիզբին, երբ Ֆլորիտայի մէջ ոստիկանութիւնը հետաքննութիւն սկսաւ անչափահաս աղջիկներու ցուցմունքներուն հիման վրայ։ Այդ վկայութիւնները կը նկարագրէին ո՛չ թէ մեկուսացած դէպքեր, այլ համակարգուած շահագործում մը։ Սակայն, գործը շուտով սահմանափակուեցաւ եւ Էփշթայն ազդեցիկ փաստաբաններուն եւ քաղաքական կապերուն շնորհիւ, դատապարտուեցաւ միայն թեթեւ մեղադրանքով։ Ան ստացաւ արտօնեալ պայմաններով պատիժ՝ ընդամէնը 13 ամիս բանտարկութիւն՝ այնպիսի պայմաններով, թէ շաբաթավերջերը կրնար տուն վերադառնալ։ Այս դէպքը դարձաւ առաջին մեծ ազդանշանը, թէ արդարադատութիւնը կրնայ խեղաթիւրուիլ, երբ մեղադրեալը հարուստ է, կապեր ունի եւ պաշտպանուած է համակարգին կողմէ։

Այն ինչ յետագային կոչուեցաւ «Ճեֆրի Էփշթայնի թղթածրար», երբեք մէկ անգամէն ամբողջութեամբ չբացայայտուեցաւ։ Ան տարիներու ընթացքին կուտակուած դատական փաստաթուղթերու, ցուցմունքներու, թռիչքներու արձանագրութիւններու եւ քաղաքացիական հայցերու ամբողջութիւն մըն է, որ փուլ առ փուլ ի յայտ եկաւ հանրութեան առջեւ։ Երկրորդ եւ շատ աւելի ցնցիչ փուլը սկսաւ 2018-2019 թուականներուն, երբ լրագրական հետաքննութիւնները եւ նոր դատական հայցերը վերակենդանացուցին գործը։ Մամուլի շարունակական ճնշումը  դատարանները ստիպեց աստիճանաբար հրապարակել անցեալին գաղտնի պահուած նիւթեր, որոնք կը բացայայտէին ազդեցութեան, լռութեան եւ փոխադարձ շահի վրայ հիմնուած ամբողջական ցանց մը։

Էփշթայնի ձերբակալութենէն եւ մահէն ետք հրապարակուած հարիւրաւոր նամակները առանձնայատուկ կերպով լոյս սփռեցին անոր շուրջ ձեւաւորուած վերնախաւային միջավայրին վրայ։ Նամակներուն մեծ մասը գրուած էր 2008-էն ետք՝ այն ժամանակ, երբ Էփշթայն արդէն դատապարտուած էր։ Այդուհանդերձ, ազդեցիկ ընկերներ, գործարարներ, խորհրդատուներ եւ հանրային դէմքեր շարունակեցին վերջինիս հետ սերտ հաղորդակցութիւն պահել։ Այս նամակագրութիւնը կը բացայայտէ ո՛չ միայն զոհերուն դէմ անտարբերութիւն, այլեւ գիտակցուած փորձեր՝ ուշադրութիւնը շեղելու համար սեռական յանցագործութիւններէն եւ զայն փոխադրելու դէպի «բարեգործական գործունէութիւն», քաղաքական ենթադրութիւններ կամ մամուլի դէմ պաշտպանողական ռազմավարութիւններ։ Զոհերը այս հաղորդակցութիւններուն մէջ գործնականօրէն բացակայ էին։

Նամակներուն մէջ յիշատակուած անուններու շարքին կային լրագրողներ, գիտական խորհրդատուներ եւ քաղաքական շրջանակներու մօտ կանգնած անհատներ, որոնք ո՛չ միայն չհեռացան Էփշթայնէն, այլեւ որոշ դէպքերու մէջ մասնակցեցան անոր հանրային կերպարի պաշտպանութեան։ Այս փաստաթուղթերը կը պատկերեն սառնասրտութիւն, անզգամութիւն եւ բարոյական փտածութիւն մը, որ բնորոշ է այն համակարգին, ուր փոխադարձ շահը կը գերակշռէ մարդկային արժանապատուութեան եւ պատասխանատուութեան վրայ։

Թղթածրարին ամենէն մտահոգիչ բացայայտումներէն մէկը կը վերաբերի «Կոլտմըն Սաքս»ի գլխաւոր իրաւաբան Քեթի Ռումլըրի հետ Էփշթայնի ունեցած յարաբերութիւններուն։ Ըստ հրապարակուած փաստաթուղթերուն՝ Ռումլըր ամիսներ առաջ, Էփշթայնի ձերբակալութենէն առաջ, անոր օգնութիւնը խնդրած է ֆէյսպուք ցանցին մէջ բարձրաստիճան պաշտօն մը ապահովելու նպատակով, միեւնոյն ժամանակ, ստանալով խորհուրդներ իր դէմ ուղղուած մամուլի հարցումներուն արձագանգելու եզրերու մասին։ Փաստաթուղթերը ցոյց տուին, որ Էփշթայն ներգրաւուած եղած է աշխատավարձի բանակցութիւններու մէջ, կապ հաստատած է ընկերութեան բարձր ղեկավարութեան հետ եւ միջամտած ազդեցիկ անձերու միջոցաւ՝ ազդեցութիւն տարածելու համար։

Այս կապերը լուրջ հարցականի տակ կը դնեն այն պնդումը, թէ Ռումլըրի եւ Էփշթայնի յարաբերութիւնը սահմանափակուած է միայն մասնագիտական շրջանակով։ Շքեղ նուէրներու, հազարաւոր հաղորդագրութիւններու եւ փոխադարձ վստահութեան փաստերը կը բացայայտեն, որ ինչպէս կարեւոր համակարգի մը ներսը գործող «դարպասապահները» կրնան խոցելի դառնալ ազդեցիկ, բայց, բարոյականօրէն կործանարար անձերու առջեւ։

Թղթածրարին փուլ առ փուլ բացայայտումը կը հաստատէ, որ համակարգային անգործութիւնը, դատական գործարքները եւ լռութեան մշակոյթը տարիներ շարունակ թոյլ տուին ծանր յանցագործութիւններու շարունակման։ Էփշթայնի մահը բանտին մէջ փակեց դատական գործընթաց մը, բայց, չփակեց հարցադրումները։ Մինչեւ օրս այս գործը կը մնայ նախազգուշացում մը, թէ առանց իրական թափանցիկութեան եւ հաշուետուութեան՝ արդարադատութիւնը կրնայ վերածուիլ ուժեղներուն ծառայող դրութեան մը, այլ ո՛չ թէ զոհերու պաշտպանութեան։

ՍԱԳՕ ԱՐԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Փետրուար 14, 2026