ԺԱՄԿԷՏՆԵՐԸ ՄԻՇՏ ԱՆՈՐՈՇ

Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան յայտարարեց, որ Թուրքիոյ հետ քննարկումները կը շարունակուին՝ արդէն իսկ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները հնարաւորինս արագ իրականացնելու շուրջ: Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղեալ բանակցութիւններու շրջանակներէն ներս, կողմերը համաձայնած են, որպէսզի երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու եւ դիւանագիտական անցագիրի տէր անձերու համար ցամաքային սահմանը բացուի: «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին Արմէն Գրիգորեան ըսաւ հետեւեալը.

«Ժամկէտի մասին որեւէ մէկ բան չեմ կրնար ըսել: Մենք կ՚ակնկալենք, որ այն պայմանաւորուածութիւնները, որոնք ունեցած ենք Թուրքիոյ հետ, կ՚իրականացնենք: Կը շարունակենք քննարկել թրքական կողմի հետ, որպէսզի այս պայմանաւորուածութիւնները իրականութիւն դարձնենք հնարաւորինս շուտ»:

Շաբաթ, Փետրուար 14, 2026