ԳՈՐԾԵԼ ՎՃՌԱԿԱՆՕՐԷՆ

Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն եւ Գերմանիոյ վարչապետ Ֆրիտրիխ Մերց վերջին օրերուն յայտարարութեամբ մը հանդէս եկան՝ Եւրոմիութեան ապագային վերաբերեալ իրենց համատեղ տեսլականին շուրջ։ Անոնք ընդգծեցին, որ եւրոպական տնտեսութեան վերածնման միջոցներու հարցին շուրջ իրենք ունին միասնական հայեացքներ։

Պելժիոյ հիւրընկալմամբ, Ալտէն Պիզէն դղեակին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու ղեկավարներու անպաշտօն գագաթաժողովը։ Էմմանիւէլ Մաքրոն եւ Ֆրիտրիխ Մերց այս գագաթաժողովէն վերջ ունեցան համատեղ ելոյթ մը։

«Մենք կը փափաքինք, որ այս Եւրոմիութիւնը ըլլայ աւելի արագ։ Մենք կը փափաքինք, որ ան ըլլայ աւելի լաւը։ Ամէն բանէ առաջ մենք կը փափաքինք հասնիլ Եւրոպայէ ներս մրցունակ արդիւնաբերութեան։ Ուրախ եմ, որ Էմմանիւէլ Մաքրոնը եւ ես, գրեթէ ինչպէս միշտ, միասնական ենք այս հարցերուն մէջ», ըսաւ Մերց։

Միւնիխի անվտանգութեան համաժողովի բացման ալ Մերց երէկ յայտնեց, որ ԱՄՆ-ի եւ Եւրոպայի միջեւ լուրջ պառակտում գոյութիւն ունի։ Իր կարգին, Մաքրոնն ալ նշեց, որ ինքը եւ Մերցը կը բաժնեն այն զգացումը, թէ խիստ անհրաժեշտութիւն կայ, որպէսզի Եւրոպան գործէ վճռականօրէն։ 

ԵՄ-ի վերջին անպաշտօն գագաթաժողովը ձօնուած էր անոր տնտեսութեան մրցունակութեան։ Արդարեւ, Եւրոմիութիւնը այս առումով կը դիմագրաւէ շարք մը դժուարութիւններ. օրինակ՝ դիւանակալութիւն, եւրոպական միասնական շուկայէ ներս առկայ խոչընդոտներ, ուժանիւթակիրներու բարձր գիներ, ինչպէս նաեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան աճող մրցակցութեան պատճառով յառաջացած ազդեցութիւններ։

Հարկ է նշել, որ ԵՄ-ի ղեկավարներու անպաշտօն հաւաքը նախորդեց Միւնիխի անվտանգութեան գագաթաժողովին, որ տեղի կ՚ունենայ այս շաբաթավերջին։ Մինչ այդ, Մաքրոն յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին կը պատրաստուի այցելել Նիւ Տելհի, ուր կը հիւրընկալուի Հնդկաստանի վարչապետ Նարենտրա Մոտիի կողմէ։

Միջազգային աղբիւրները միջոցէ մը ի վեր կը հաղորդեն նաեւ, որ Փարիզ կանաչ լոյս կը վառէ Մոսկուայի հետ երկխօսութեան համար։ Մաքրոն նշած է, որ եւրոպացի քանի մը պաշտօնակցի առաջարկած է վերսկսիլ երկխօսութիւնները Ռուսաստանի հետ։ Մաքրոնի դիւանագիտական խորհրդական Էմմանիւէլ Պոն վերջերս այցելած էր Մոսկուա։ «Իմ խորհրդածութիւնները շատ պարզ են։ Արդեօք մենք կը փափաքի՞նք քննարկումը ուրիշներուն պատուիրակել։ Մեր աշխարհագրական դիրքը չի փոխուիր՝ անկախ ան բանէն, թէ Ռուսաստանը կը հաւնի՞նք կամ ոչ։ Ան նաեւ վաղը որեւէ տեղ պիտի չանհետանայ։ Ան մեր կողքին է», ըսած է Մաքրոն։ Եւրոպական զանազան թերթեր տեղ կու տան ֆրանսացի ղեկավարի արտայայտութիւններուն, թէ Եւրոպա ստիպուած կ՚ըլլայ իր անվտանգութեան նոր ճարտարապետութիւնը կառուցել Ռուսաստանի հետ միասին։ Մաքրոն համոզուած է, թէ վերջին շրջանին Եւրոպայի՝ Ռուսաստանի ուժանիւթի պաշարներէն կախուածութիւնը փոխարինուած է ԱՄՆ-էն կախուածութեամբ։

Իր կարգին, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-Նոէլ Պարրոն ալ վերջերս հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսաւ. «Այս դարու ամենամեծ մարտահրաւէրը հաւանական հակամարտութիւնն է ԱՄՆ-ի եւ Չինաստանի միջեւ։ Եթէ Եւրոպան որոշէ անկախ ըլլալ, ապա կրնայ իր կողմը գրաւել մեծամասնութիւնը աշխարհի այն երկիրներուն, որոնք կը հրաժարին ըլլալ այդ տէրութիւններէն որեւէ մէկուն ենթակաները։ Սա կը պահանջէ մեր ռազմավարական ինքնավարութեան ամրապնդում եւ ինքնիշխանութեան նկատմամբ յարգանքի վրայ հիմնուած նոր գործընկերային յարաբերութիւններու ստեղծում»։

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ յայտարարութիւն մը հրապարակելով շեշտած էր, որ Եւրոպա Ռուսաստանի հետ պէտք է քննարկէ անվտանգութեան հարցերը։

Միւս կողմէ, իր կարգին, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիօ յայտարարեց, որ իր երկրի եւ Եւրոպայի յարաբերութիւնները կը բախուին որոշիչ պահու մը:

Շաբաթ, Փետրուար 14, 2026