Ո՞Ր ՄԷԿԸ ԱՒԵԼԻ ՎՏԱՆԳԱՒՈՐ Է

Բեղուն էր բոլորիս անցեալ շաբաթը. Վարդանանց տօնեցինք, «քէշկէկ» ու «հերիսա» պատրաստողներ եղան՝ մայրեր ու միութիւններ: Վարդանանց Զօրավարաց յիշատակին նուիրուած Ս. Պատարագին ներկայ գտնուեցանք: Մեր վարժարանի մանուկներուն ու դպրաց դասին Վարդանանց նուիրուած երգեր երգեցինք: Թէեւ մեր հի՜ն ժամանակներուն գոց կ՚երգէինք մենք այդ բոլոր երգերը, բայց խնդիր չէ, ձեռքը թուղթ բռնած «Իմ հայրենեաց հոգի Վարդան» երգող, հասած տեղը կորսնցնող, ետ գտնող (կամ չգտնող) մեր աշակերտները դիտելն ալ մեզ կը խանդավառէ, հաւատացէք…

«Տեառնընդառաջ» ալ տօնեցինք անցեալ շաբաթ. խարոյկ վառեցինք: Մեր հեռաձայններուն առաջարկած «ռիլ»երուն մէջ այս աւանդութեան հեթանոսութենէն մեզի հասած ըլլալն ու քրիստոնէութենէն վերջ զայն մեզի յարմարեցուած ըլլալը բացատրող մեր հոգեւորկանները տեսանք, լսեցինք:

Ինչ դիւրահա՜ս են գիտելիքները… 

Հայաստանի տարբեր գիւղերու ձիւնոտ թաղերուն մէջ քալող մանուկ ու պատանիներ տեսայ, չեմ գիտեր՝ դուք ալ հանդիպեցաք, թէ չէ, դէպի հի՜ն ժամանակներ տանող մաս-մաքուր պատկեր մըն էր անոնց միաբերան հնչեցուցած ժողովրդական երգերը, խաղիկներն ու հագած տոհմիկ հագուստները: Մեր տարբեր-տարբեր միութիւններուն դիմատետրի էջերուն վրայ անգլերէնով տրուած բացատրութիւններն ալ տեսայ. նոր ժամանակ տանող պատկերներն են ասոնք, հիներէն աւելի անհրաժեշտ եւ նպատակասլաց. քանի՞ հոգի «Տէրըտեզ»ի հին երգերը հաճոյքով պիտի լսէ: Դիմատետրին ըրած արհեստավարժ բաժանումներուն համեմատ՝ 50-էն 60 եւ աւելի մեծահասակ օգտատէրերը, որոնք վստահաբար առաջին թիրախը չեն՝ այս պարագային… ի՜նչ վնաս ունի. թող կարդան, անգլերէն թող կարդան, միա՜յն թող գիտնան: Այդպէս չէ՞: «Աւելորդ» խստապահանջութիւնը մեր բո՜ւն կիզակէտը եղող երիտասարդները կը խրտչեցնէ: 

«Բարեկենդան» ալ տօնեցինք այս շաբաթ: Ճիշդ է. որ երէկ էր «Բուն բարեկենդան»ը, բայց բոլորս գիտենք, որ շաբթուան ընթացքին մեր վարժարաններուն հայերէնի ուսուցիչները իրենց դասարաններուն, միութենականներն ալ իրենց սրահերուն մէջ կը կազմակերպեն մեծ ու փոքր՝ բոլորին սիրելի այս տօնը, որուն մանրամասնութիւնները տարիէ տարի կը փոխուին. մանուկներուն այսօրուան հերոսները, խանութներուն՝ սուրէն մինչեւ կօշիկ, թագէն մինչեւ պայուսակ պատրաստած ամբողջական փայլփլուն տարազները… ի՜նչ վնաս ունի. գայլ, կատու, մոխրիկ ու դդում, բժիշկ ու խոհարար կը ծպտուէինք մենք. մեր հերոսներն էին ասոնք: Իրենք ալ իրենց հերոսները պիտի ըլլան. թէկուզ շատ յաճախ՝ անմարդկային կերպարներով, ոչ-շատ բարի սրտերով, խնդիրներուն դիմաց անոնց առաջարկած ոչ-շատ իտէալ լուծումներով, բայց…. Վարդանանցի երգի թուղթին պէս՝ ծպտուիլն ալ մեզ կը խանդավառէ… 

Աստեղներն ենք մենք: 

Բոլոր այս տօներուն այսօրուան մեր մօտեցումներուն, շաբթուան ընթացքին դիտածներուս, տեսածներուս, կարդացածներուս, հասկցած ու չհասկցածներուս մասին աւելի մանրամասն մտադիր էի գրել, բայց կարեւոր բան մը եղաւ:

Օր մը օրանց վերստին կարդալու, դարձեալ ամչնալու, զգաստանալու, թերեւս զարմանալու, կամ ժամանակի ընթացքին այլեւս երբեք չզարմանալու միտումով պիտի նշեմ մեր հայրենիքին մէջ ընթացող իշխանութիւն-եկեղեցի հակամարտութեան ծիրէն ներս, մեծ մասամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ գումարուող Եպիսկոպոսաց ժողովը որոշուած էր գումարել փետրուար 16-19 թուականներու միջեւ, Աւստրիոյ մէջ:

Այսպէս, փետրուար 13-ին մեր վարչապետը շատ անկեղծ ու անմիջական զրոյցի մը ընթացքին մեզի բացատրեց, թէ Հայաստանի սահմաններէն դուրս գումարուող կամ գումարուելիք որեւէ ժողով Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Մայր Աթոռը Հայաստանէն դուրս հանելու, Էջմիածնայ գանձերը գողնալու, անոնց տիրանալու փորձ մըն է, որ պիտի կանխարգելուի հայրենանուէր մեր իշխանութեան կողմէ:

«Մենք թոյլ չենք տալու…», ըսաւ վարչապետը եւ յայտնեց, որ մեզ՝ հայութիւնը վնասող այս քայլը կանխարգիլելու համար անհրաժեշտ բոլոր գործողութիւնները կրնայ ընել, պիտի ընէ մեր իշխանութիւնը: 

Քանի մը օր առաջ Հայաստանի իշխանութեան՝ եկեղեցիին հետ ունեցած հակամարտութիւնը դադրեցնելու կոչ ուղղած սփիւռքի մեծ բարերարներն ալ զգուշացուց մեր վարչապետը, որ շուտով բաւական սաստող քայլեր պիտի առնուին ի պատասխան իրենց այս կոչին… 

Վերջապէս, Եպիսկոպոսաց ժողովէն երկու օր առաջ, փետրուար 14-ի երեկոյեան, դատախազութիւնը քրէական հետապնդում մը յարուցեց Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի նկատմամբ՝ կարգալոյծ եղած Մասեացոտնի թեմի առաջնորդին դատական գործընթացի կատարումը խոչընդոտելու մեղադրանքով: Այսպէս տեղեկացուցին լրատուական բոլոր միջոցները: 

«Վեհափառ Հայրապետի Հայաստանէն ելքը արգիլուեցաւ», եզրակացուցին անոնք եւ յիշեցուցին, որ վարչապետը նախապէս յայտարարած էր, որ «թոյլ չի տալու…»: 

Այս լուրին տարածումէն ետք, հեռաձայնս ձեռքէս վար չդրի. Մայր Աթոռին իջեցուցած յայտարարութիւնը կարդացի, որուն մէջ դատապարտած էր ընդգծուած քաղաքական բնոյթ ունեցող հակասահմանադրական ու անօրինական այս կեցուածքը, որով իշխանութիւնը կը խոչընդոտէ Վեհափառ Հայրապետին հովուապետական գործունէութիւնը: 

«Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը կոչ կ՚ուղղէ անյապաղ վերանայիլ Հայոց Հայրապետի, Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամ վեց եպիսկոպոսներուն եւ քարտուղարի նկատմամբ կայացուած ապօրինի որոշումները. այն, ինչ կը պառակտէ մեր հասարակութիւնը, կը նսեմացնէ հայրենի պետութեան վարկն ու հեղինակութիւնը։

Անյապաղ վերանայի՞լ… 

Ո՞վ պիտի վերանայի. կը հարցնեմ: 

Ո՞վ պիտի վերանայի, երբ լուրը տարածուելէն վերջ՝ կարծես ոչինչ եղաւ: Այո՜, ընկերային ցանցերու վրայ որոշ քաղաքական գործիչներ արձագանգեցին: Իրենց այդ արձագանգին տակ մարդիկ նորէն վիճեցան, հայհոյեցին, «լաւ եղաւ» ըսին, ուրիշներ տխրեցան, «ամօթ է» գրեցին, աս երկուքը իրար կտրեցին, թափեցին… 

Ա՞ս էր մեր ընելիքը, երբ Ամենայն Հայոց մեր Կաթողիկոսը հետապնդուի եւ անոր ելքը փակուի: 

Հայոց պետականութեան անսասան յենասիւնը համարուող դարաւո՜ր կառոյցը՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը ներկայացնողը չէ՞ մեր Հայրապետը: 

Այս կառոյցին գլուխին ուղղուած որեւէ անյարգալից վերաբերմունք, անարգանք չէ՞ Միածնաէջ մեր եկեղեցիին, մեզի՝ հայութեան: 

Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիները ինչո՞ւ իրենց տուներէն չիջան, ինչո՞ւ Ազատութեան հրապարակ չգացին, ինչո՞ւ չհաւաքուեցան, ինչո՞ւ իրենց ձայնը չբարձրացուցին: Մարդիկ ինչո՞ւ Էջմիածին չգացին: Ինչո՞ւ իրենց բողոքը, ձայնն ու աջակցութիւնը չփորձեցին մեր Հայրապետին հասցնել: 

Դէմն ես, ըրածներէն դժգոհ ես, զինք կը քննադատես… ի՞նչ նշանակութիւն ունի: Այս պահուն, դժուարին այս պահուն, քեզի ժառանգուած դարաւոր պատմութիւնդ, հաւատալիքներդ, հոգեւոր քու հիմքերդ, հայու քու ինքնութիւնդ չէ՞ իսկութեան մէջ արգելափակուածը:

Ասքա՞նն ալ զգալու ունակութիւնը կորսնցուցինք: 

Այսքա՞ն անտարբեր ենք այլեւս:

Եթէ չենք, ինչո՞ւ ատենին, ճի՜շդ պահուն չկրցանք, չենք կրնար մէջտեղ հանել մեր ցասումը: 

Կը վախնա՞նք: 

Ո՞ր մէկը աւելի վտանգաւոր է. չզգալը՞, թէ վախնալը: 

Մենք՝ սփիւռքի մէջ ի՞նչ ըրինք: 

Քանի՞ հոգի նոյն օրը տեղեակ էր, քանի՞ հոգի այսօր՝ երկու օր վերջ տեղեակ է այս եղածէն: Եղածը ո՞րքանով կը յուզէ աշխարհասփիւռ մեր հայութիւնը: 

Ինչո՞ւ մեր եկեղեցիներուն, մեր միութիւններուն մէջ չհաւաքուեցանք, չմտածեցինք բան մը ընել: 

Մենք՝ սփիւռքահայերս ալ չե՞նք զգար այլեւս, թէ՞ մեր զգացածին կամ ընելիքին նշանակութիւն, օգուտ մը չունենալու արժեզրկումը կ՚ապրինք:

Ո՞ր մէկը աւելի վտանգաւոր է. չզգալը՞, թէ արժեզրկուիլը: 

Հայրենիք թէ՜ սփիւռք, ամենացաւալի մեր վիճակներուն մէջ՝ անտարբերութիւն, ստրկութիւն, վախ, արժեզրկում… կը հարցնեմ. 

Այսօր, մեր բոլորիս արժանապատուութիւնը ո՞ւր է: 

ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ

Գահիրէ

Երկուշաբթի, Փետրուար 16, 2026