ԱՅՍՕՐՈՒԱՆ ԱՇԽԱՐՀԸ՝ ՔՈԼՈՄՊՈՍԵԱՆ ՓՈԽԱՆԱԿՄԱՆ ԱՐԴԻՒՆՔ. ԼԱ՞Ւ, ԹԷ ՎԱՏ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆ
Այս յօդուածը ընթերցելու պահուն, երբ սուրճ մը կը խմենք, իսկ քիչ ետք լոլիկով աղցան մը պիտի պատրաստենք, հազուադէպ կը խորհինք, թէ մեր առօրեայ այս կեանքը սկսած է 1492 թուականին։
Պատմագիտութեան եւ համաշխարհային քաղաքակրթութեան ուսումնասիրութեան մէջ գոյութիւն ունի կարեւոր եւ լայնօրէն գործածուող արտայայտութիւն մը՝ «Քոլոմպոսեան փոխանակում»։
Այս եզրը կը նշանակէ այն հսկայական կենսաբանական, մշակութային, տնտեսական եւ գաղափարական փոխադարձ հոսքը, որ սկսաւ աշխարհահռչակ գաղութատէր, հետազօտող, ճանապարհորդ Քրիստոֆըր Քոլոմպոսի՝ Ամերիկաներ կատարած ճամբորդութիւններէն ետք։
1492 թուականին սկսած աննախադէպ պատմական այդ գործընթացը արմատապէս փոխեց աշխարհի դիմագիծը։
Պատմաբան Ալֆրետ Քրոսպի 20-րդ դարուն առաջին անգամ օգտագործեց «Քոլոմպոսեան փոխանակում» եզրը՝ ընդգծելու համար, որ 1492 թուականէն ետք աշխարհը առաջին անգամ դարձաւ իրապէս փոխկապակցուած համակարգ։
Քոլոմպոսեան փոխանակումը միայն աշխարհագրական յայտնագործութիւն չէր․ անիկա դարձաւ մարդկութեան պատմութեան մեծ շրջադարձ մը, որուն հետեւանքները մինչեւ այսօր կը կերտեն մեր առօրեայ իրականութիւնը։
Այսօրուան աշխարհը, ուր ամէն շարժում եւ կապ փոխկապակցուած է միացեալ, մեծ ցանցերով, իրականութեան մէջ Քոլոմպոսեան փոխանակման կենդանի ժառանգորդն է։
Մոլորակի մէկ ծայրէն միւսը տարածուող սննդատեսակները, բուսական եւ կենդանական աշխարհին նոր համադրութիւնները, մշակոյթներու փոխազդեցութիւնը եւ տնտեսական շղթաները իրենց արմատները կը գտնեն այդ պատմական շրջադարձին մէջ։
Նոր աշխարհէն Հին աշխարհ փոխանցուեցան այնպիսի բարիքներ, որոնք այսօր սովորական կը թուին եւ անբաժանելի են մեր կեանքէն․ հողկիթը, եգիպտացորենը, լոլիկը, սուրճը, շաքարեղէգը եւ բազմաթիւ այլ բուսական տեսակներ փոխեցին ո՛չ միայն խոհանոցը, ուտեստային մշակոյթը, այլեւ՝ բնակչութեան աճի եւ տնտեսական զարգացման ուղիները։ Տարածաշրջանային սնունդները դարձան համաշխարհային։ Իտալական, հնդկական կամ թայլանտական խոհանոցները այսօր անհնար է պատկերացնել առանց լոլիկի կամ կծու պղպեղի, որոնք Ամերիկաներէն հասած են։ Մեքսիքական խոհանոցը, որ ինքնին հին քաղաքակրթութիւններու ժառանգ է, այսօր կը միաւորէ տեղաբնիկ եգիպտացորենը եւ եւրոպական մսամթերքը՝ ստեղծելով աներեւակայելի ճաշատեսակներ՝ հինի եւ նորի խառնուրդով։
Տեղաբնիկ եւ ներմուծուած բաղադրիչներու միաձուլումը ստեղծեց նոր խոհարարական աւանդոյթներ։
Միեւնոյն ժամանակ կենդանական եւ բուսական նոր տեսակներու տարածումը փոխեց բնապահպանական հաւասարակշռութիւնը եւ մարդկային համայնքներուն կենսակերպը։
Սակայն, այս փոխանակումը միայն բարիքներով լի պատմութիւն մը չէր։ Հին աշխարհէն Նոր աշխարհ հասած վարակիչ հիւանդութիւնները՝ բնական ծաղկախտը, խոզուկ վարակիչը (ունկնախտ մանկական վարակը) եւ ուրիշներ, ողբերգական հետեւանքներ ունեցան բնիկ ժողովուրդներուն համար՝ միլիոնաւոր մարդկային կեանքեր խլելով եւ ամբողջ հասարակութիւններու ճակատագիրները փոխելով։ Բնիկ ժողովուրդները չունէին բնական դիմադրութիւն այս վարակներուն նկատմամբ, եւ հետեւանքը աղէտալի եղաւ։
Ըստ ժամանակակից վերլուծութիւններու, առանց Եւրոպայէն Ամերիկա անցած հիւանդութիւններու՝ Ամերիկայի բնիկ ժողովուրդները գուցէ պահպանէին իրենց մեծամասնութիւնը եւ քաղաքական ուժը։
Պատմաբաններուն գնահատականներով՝ ծաղկախտի եւ այլ վարակներու պատճառով տեղի ունեցած զանգուածային մահերու ալիքն էր, որ արագացուց գաղութատիրութիւնը։
Եթէ այդ փոխանակումը չըլլար, աշխարհաքաղաքական ուժերու բաշխումը այսօր լրիւ այլ տեսք կրնար ունենալ։
Այդ պատճառով Քոլոմպոսեան փոխանակումը նաեւ կը դիտուի որպէս մարդկային պատմութեան բարոյական քննութիւն մը՝ յառաջ բերելով հարցումներ ուժի, շահագործման եւ պատասխանատուութեան մասին։
Այս մեծ փոխադարձ հոսքը ստեղծեց նոր սննդակարգեր եւ տնտեսական համակարգեր, նաեւ՝ քաղաքական իրականութիւններ։
Ատլանտեան աշխարհին մէջ ձեւաւորուեցան ստրկութեան եւ հարկադրական աշխատանքի ցանցեր, որոնք դարձան համաշխարհային տնտեսութեան մութ հիմքերէն մէկը։
Քոլոմպոսեան փոխանակումը իր մէջ կը միաւորէ միաժամանակ յառաջընթաց եւ ողբերգութիւն, ստեղծագործութիւն եւ կործանում՝ մարդկութեան պատմութեան հակասական երկփեղկուածութիւնը։
Այսօր, երբ մենք կը խմենք սովորական դարձած թէյը կամ հացին վրայ անուշ դնելով կ՚ուտենք, հազուադէպ կը խորհինք, թէ այդ համերը պատմութեան ինչպիսի՜ երկար ճամբայ անցած են։ Համաշխարհայնացուած շուկաները եւ մշակութային ազատ փոխազդեցութիւնը մեզի կը թուին բնական երեւոյթներ, սակայն, անոնք ծնունդ առած են բազմադարեան շարժումներէ, որոնց առանցքային պահերէն մէկը եղաւ Քոլոմպոսեան փոխանակումը։
Եթէ փորձենք պատկերացնել աշխարհ մը առանց այդ փոխանակման, պիտի տեսնենք խիստ սահմանափակ, տարածաշրջանային կեանքերու ամբողջութիւն մը։ Հողկիթը, եգիպտացորենը, հացահատիկը, լոլիկը եւ բազմաթիւ այլ ընդհանրացած ուտելիքներ պիտի մնային միայն իրենց բնօրրաններուն մէջ, նաեւ համաշխարհային խոհարարութիւնը պիտի չունենար այն բազմազանութիւնը, որ այսօր կը բնորոշէ զայն։ Իտալացիները պիտի փորձէին բացատրել, թէ ինչպէ՛ս կարելի է դդմաճ ուտել առանց լոլիկի թացանի, իրլանտացիները պիտի փնտռէին հողկիթին փոխարինիչը, իսկ աշխարհը պիտի կորսնցնէր չիլի պղպեղին այն կրակը, որ ճաշին համ տալէն զատ նաեւ գոյն կու տայ սեղանին։
Ո՛չ միայն համերն ու գոյներն էին, որ պիտի պակսէին ճաշի սեղաններէն, այլեւ մշակոյթները եւ գաղափարները եւս պիտի զարգանային աւելի փակ շրջանակներու մէջ՝ առանց այն արագ փոխազդեցութեան, որ այսօր կը սահմանէ մեր ժամանակը։
Այնուամենայնիւ, Քոլոմպոսեան փոխանակումը միայն սննդային կամ տնտեսական երեւոյթ մը չէ։ Անիկա մարդկային մտածողութեան նոր հորիզոններ բացաւ՝ գիտելիքներու, գիտութեան եւ մշակութային փոխանակութեան ընդարձակ ուղիներ ստեղծելով։ Մարդկութիւնը սկսաւ ինքն իրեն ընկալել որպէս փոխկապակցուած ամբողջութիւն մը, ուր գաղափարները կը ճամբորդեն նոյնքան արագ, որքան ապրանքները։
Մենք բոլորս այսօր կը վայելենք այդ փոխանակումի բերած հարստութիւնը՝ լեզուներու խառնուրդէն մինչեւ համաշխարհային խոհանոց, սակայն, նաեւ կը կրենք անոր ժառանգած պատասխանատուութիւնը՝ հասկնալու անցեալի սխալները եւ նոր փոխանակումները կառուցելու աւելի արդար հիմքերու վրայ։
Քոլոմպոսեան փոխանակումը մեզ կը փոխանցէ երկու պատգամ։ Առաջինը՝ մարդկային ստեղծագործական ուժին մասին է, որ կրցաւ աշխարհները միացնել եւ նոր իրականութիւններ ստեղծել։ Երկրորդը՝ զգուշացումն է, թէ ամենէն մեծ փոփոխութիւնը իր հետ կը բերէ նաեւ կորուստներ եւ բարոյական մարտահրաւէրներ։ Այս երկակի ժառանգութիւնն է, որ կը սահմանէ այսօրուան մեծ աշխարհը՝ միաժամանակ պտղաբեր եւ վտանգաւոր, միացեալ եւ բազմազան։ Այսօրուան աշխարհը՝ բազմազան, շարժուն եւ համաշխարհային, այդ մեծ պատմական շարժման անմիջական շարունակութիւնն է․ լա՞ւ, թէ վա՞տ աշխարհ է, դժուար է ըսել, բայց փաստ է, որ մենք կ՚ապրինք այն իրականութեան մէջ, որ ծնունդ առաւ Քոլոմպոսեան փոխանակումէն։ Ամէն ճաշատեսակ, ամէն բոյս, ամէն մշակութային ազդեցութիւն կը կրէ այդ պատմութեան հետքը։ Աշխարհը այլեւս բաժնուած կղզիներու ամբողջութիւն մը չէ, այլ փոխկապակցուած կենդանի համակարգ մը, ուր ամէն ժողովուրդ եւ մշակոյթ իր բաժինը ունի ընդհանուր մարդկային պատմութեան մէջ։
Եւ երբ կը դիտենք մեր ժամանակակից աշխարհը՝ անոր բազմազանութեամբ, հակասութիւններով եւ ստեղծագործ ուժով՝ կը հասկնանք, թէ Քոլոմպոսեան փոխանակումը անցեալին մէջ մնացած դէպք մը չէ․ անիկա մեր ներկան է, մեր առօրեան եւ մեր ապագային ուղղութիւնը։ Մեր հեռախօսին մէջ պատուիրուած ուտեստը, մեր խոհանոցի դարակներուն դասուած համեմունքները, մեր պնակին մէջ խառնուած բաղադրիչները՝ բոլորը այդ հին փոխանակումին արդի արձագանգներն են։
ԱՄԵՐԻԿԱՆԵՐԷՆ ԴԷՊԻ ԵՒՐՈՊԱ, ԱՓՐԻԿԷ ԵՒ ԱՍԻԱ ՓՈԽԱՆՑՈՒԱԾԸ
Քոլոմպոսեան փոխանակումի արդիւնքին Ամերիկաներէն դէպի Եւրոպա, Ափրիկէ եւ Ասիա անցան հողկիթը, եգիպտացորենը, լուբիան, դդմազգիները, լոլիկը, գետնանուշը, գետնախնձորը, ավոքատոն, քաղցր պղպեղները, արքայախնձորը։
Կենդանիներէն՝ հնդկահաւը։ Այլ արտադրանքներէ՝ ծխախոտ, քաքաոյի հատիկ, համեմենի (վանիլիա) եւ քինին (ճերմակ բիւրեղային նիւթ, որ տենդի բուժման միջոցն է)։
ԵՒՐՈՊԱՅԷՆ, ԱՓՐԻԿԷԷՆ ԵՒ ԱՍԻԱՅԷՆ ԴԷՊԻ ԱՄԵՐԻԿԱՆԵՐ ՓՈԽԱՆՑՈՒԱԾԸ
Բուսատեսակներէն եւ մշակաբոյսերէն նոյն կերպով Եւրոպայէն, Արփիկէէն եւ Ասիայէն դէպի Ամերիկաներ անցան ցորենը, բրինձը, գարին, վարսակը, շաքարեղէգը, պանանը, սուրճի հատիկը, դեղձը, տանձը, ձիթենին, կիտրոնազգի պտուղները, խաղողը, սոխը, շաղգամը։
Կենդանիներէն՝ կովը, ոչխարը, խոզը, ձին, ինչպէս նաեւ մեղուն։
Հիւանդութիւններէն՝ բնական ծաղկախտը, կրիփը, բծաւոր տենդը, կարմրախտը, մալարիան, կապոյտ հազը եւ օդակաթիլային սուր վարակները։
Այս փոխանակումը խորապէս փոխեց աշխարհի բոլոր մայրցամաքներու կեանքը։
Քոլոմպոսեան փոխանակումէն առաջ Ամերիկաները գրեթէ չէին ունեցած ընտելացուած կենդանիներ. ինչպիսիք են՝ կովը, խոզը կամ ձին։ Անոնց ներմուծումը փոխեց սնունդի աղբիւրները եւ արմատապէս վերափոխեց գիւղատնտեսական գործելակերպը։
Ցորենը, բրինձը եւ գարին դարձան հիմնական մշակաբոյսեր, յատկապէս Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ, ազդելով հացամթերքի եւ հացային խոհանոցներու զարգացման վրայ։
Եւրոպական հացահատիկները եւ անասունները միացան տեղաբնիկ մշակաբոյսերուն՝ եգիպտացորենին, լուբիային եւ հողկիթին՝ ստեղծելով խառնուած խոհանոցներ, ուր եւրոպական միջոցները միաձուլուեցան բնիկ բաղադրիչներուն հետ։ Նոյնպէս հողկիթի, լոլիկի, եգիպտացորենի եւ լուբիայի ներմուծումը իսկական յեղափոխութիւն յառաջացուց եւրոպական սննդակարգին մէջ։ Յատկապէս հողկիթը դարձաւ կենսական սնունդ Իրլանտայի եւ Ռուսաստանի նման երկիրներու մէջ՝ նպաստելով բնակչութեան աճին եւ սննդային ապահովութեան։ Մանաւանդ Իրլանտայի մէջ ան դարձաւ կենսական յենարան՝ մինչեւ իսկ ազգային ճակատագրի գործօն։
Լոլիկը, որ շատ կասկածանքով եւ դժուարութեամբ ընդունուեցաւ, փոխեց միջերկրականեան խոհանոցը՝ ստեղծելով լոլիկով իտալական մածուկներ, թացաններ եւ սպանական ապուրներ, որոնք այսօր ողջ աշխարհը գիտէ։
Քաքաոն եւ վանիլիան սկիզբը շքեղութիւն կը համարուէին, սակայն, յետագային դարձան եւրոպական աղանդերներու անբաժանելի մասը։
Ներմուծուած շաքարի պահանջարկը ստեղծեց մեծ տնկարաններ՝ Քարիպեան կղզիներուն մէջ՝ փոխելով համաշխարհային առեւտուրը եւ քաղցր ուտեստներու տարածումը։
Նոր մշակաբոյսերը Ափրիկէի մէջ շատ արագ տարածուեցան եւ յարմարեցան տեղական եղանակին։ Յատկապէս Արեւմտեան եւ Կեդրոնական Ափրիկէի մէջ անոնք դարձան հիմնական սնունդ։
Ամերիկաներէն Ասիա հասած կծու պղպեղները, քաղցր հողկիթը եւ գետնախնձորը արագ կերպով ընդգրկուեցան ասիական խոհանոցներուն մէջ։ Կծու պղպեղը, որ մինչ այդ անծանօթ էր Ասիոյ մէջ, դարձաւ հնդկական, թայլանտական եւ չինական խոհանոցներու հիմնական տարրերէն մէկը։
Չինաստանի մէջ եգիպտացորենի եւ հողկիթի ներմուծումը նպաստեց մեծ թիւով բնակչութեան սննդային ապահովութեան, յատկապէս այն շրջաններուն մէջ, ուր բրինձ կամ ցորեն աճեցնելը դժուար էր։
ՎԱՂ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅՆԱՑՈՒՄ
Այսօր, երբ այդքան կը խօսուի համաշխարհայնացման վտանգներուն մասին, չմոռնանք, որ Քոլոմպոսեան փոխանակումը արդէն իսկ համաշխարհայնացման սկիզբն էր։ Համաշխարհայնացումը շատ աւելի վաղ սկսած է, քան մենք կը կարծենք։ Դժուար է հաւատալ, բայց, Քոլոմպոսեան փոխանակումը առաջին համաշխարհային ցանցն էր՝ համացանցէն տակաւին 500 տարի առաջ։
Առանց այդ գործընթացին՝ աշխարհը գուցէ երկար ժամանակ մնար «առանձին աշխարհամասերու» համակարգ մը։ Գիտելիքի եւ սարքաշինութեան փոխանցումը դանդաղ պիտի ըլլար։ Համաշխարհային առեւտուրը պիտի զարգանար աւելի ուշ։
Մշակութային ազդեցութիւնները՝ երաժշտութենէն մինչեւ լեզու եւ կրօն, պիտի ունենային սահմանափակ տարածում։ Այսօրուան փոխկապակցուած աշխարհը գուցէ յառաջանար, բայց աւելի ուշ եւ այլ ձեւով։
Քոլոմպոսեան փոխանակումը մեզի կը ստիպէ ո՛չ միայն անցեալը վերլուծել, այլեւ՝ հարցնել, թէ այսօր մենք ինչպիսի՛ փոխանակումներ կը ստեղծենք ապագայի համար… Կը կառուցե՞նք արդար փոխանակումներ, թէ՞ նոր անհաւասարութիւններ պիտի ժառանգենք ապագային։
Եթէ առաջին համաշխարհային փոխանակումը բերաւ թէ՛ ստեղծագործ միաձուլումներ եւ թէ աղէտալի կորուստներ, ապա մեր ժամանակի նոր «փոխանակումները» նոյնպէս կրնան կերտել կամ քանդել։ Բնապահպանական ճգնաժամերը, կենսաբազմազանութեան կորուստը, տնտեսական անհաւասարութիւնները կը ստիպեն խորհիլ, թէ ինչպէ՞ս պիտի ուղղենք այդ ժառանգութիւնը դէպի աւելի արդար եւ կայուն ուղի։
Ուստի, Քոլոմպոսեան փոխանակումը պատմութեան փակուած գլուխ մը չէ, այլ բացուած էջ մը, որուն վրայ մենք տակաւին կը գրենք։ Ամէն նոր փոխազդեցութիւն, ամէն տնտեսական պայմանագիր, ամէն մշակութային միաձուլում կը կրէ անոր արձագանգը։ Մեր ժամանակակից աշխարհը՝ իր լոյսերով ու ստուերներով, այդ մեծ պատմական շարժման շարունակութիւնն է։ Հարցը այլեւս այն չէ, թէ լա՞ւ էր, թէ վա՞տ, այլ՝ ինչպէ՞ս պիտի ձեւաւորենք անոր յաջորդ հանգրուանը։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան