ՍԷՐԸ Կ՚ԱՐԴԱՐԱՑՆԷ

«Սէրը ամէն ինչ կ՚արդարացնէ», տարբեր է «չարը նկատի չառնելէ», քանի որ այս ասոյթը կապ ունի լելուին գործածութեան հետ։ Ան կրնայ նշանակել «լռութիւն պահել» ուրիշին ունեցած գէշութեան մասին։ Ասիկա կրնայ սահմանափակել քննադատումը. զսպել կարծր եւ անխնայ դատապարտելու ձգտումը. «Մի՛ դատէք եւ պիտի չդատուիք». (ՂՈՒԿ. Զ 37)։ Հակառակ որ ասիկա մեր սովորական վարուելակերպն է, սակայն Աստուած Խօսքը մեզմէ կ՚ուզէ. «Իրարու դէմ մի՛ չարախօսէք». (ՅԱԿ. Դ 11)։

Ուրիշին պատկերին վնաս հասցնելէ զգուշանալը՝ ի՛ր իսկ պատկերը զօրացնելու կերպ մըն է. ինքզինք ոխակալութենէ եւ նախանձէ պարպել է. առանց նկատի առնելու մենք մեզի հասցուցած վնասը։ Յաճախ կը մոռնանք, թէ չարախօսութիւնը կրնայ մեծ մեղք եւ Աստուծոյ լուրջ վիրաւորանք ըլլալ, երբ ան ուրիշը լրջօրէն վարկաբեկէ, անդարմանելի վնասներ հասցնելով անոր։ Այս պատճառով՝ Աստուծոյ Խօսքը այնքան խիստ է լեզուին հանդէպ, երբ կ՚ըսէ թէ. «ան աշխարհիս չարիքն է» եւ թէ ան «ամբողջ մարմինը կը պղծէ» (ՅԱԿ. Գ 6), ան նման է «անվերջ աղէտի մը, լի՝ մահաբեր թոյնով» (ՅԱԿ. Գ 8)։

Մինչ մենք «լեզուով կ՚անիծենք Աստուծոյ պարկերին համեմատ ստեղծուած մարդիկը (ՅԱԿ. Գ 9), սէրը կը գուրգուրայ ուրիշին պատկերին վրայ այնպիսի նրբութեամբ մը՝ որ նոյնիսկ կը ձգտի իր թշնամիին վարկը պահպանելու։ Պէտք է անտեսել սիրոյ այս պահանջքը, աստուածային օրէնքը պաշտպանելու ատեն։

Իրար սիրող եւ իրարու պատկանող ամուսինները իրարու մասին լաւ կը խօսին, կը փորձեն իրենց կողակցին լաւ կողմերը ցոյց տալ, հեռու՝ անոր թերութիւններէն եւ սխալներէն։ Ամէն պարագայի, անոնք լուռ կը մնան, վնաս չհասցնելու համար անոր պատկերին։ Ասիկա սակայն միայն արտաքին ձեւակերպութիւն մը չէ՛, այլ ան ներքին տրամադրութենէ մը կու գայ։ Ասիկա ո՛չ ալ պարզամտութիւն մըն է, որ կը խորհի ուրիշին դժուարութիւնները եւ տկար կողմերը չտեսնել, այլ ընդհակառակը՝ ասիկա խորիմաստութիւնն է այն անձին՝ որ այս տկարութիւնները եւ սխալմունքները իրենց բնական երեւոյթին մէջ կը զետեղէ։ Ան կը մտաբարէ, թէ այս թերութիւնները ո՛չ թէ ամբողջական, այլ միւսին էութեան միայն մէկ մասն են։ Յարաբերութեան մը մէջ պատահած տհաճելի դէպք մը չի՛ ներկայացներ այս ամբողջ յարաբերութիւնը։ Ուստի, կրնանք պարզօրէն ընդունիլ, թէ բոլորս լոյսի եւ ստուերի բարդոյթ մըն ենք։ Ուրիշ մը՝ զիս միայն խանգարող մէկը չէ՛, այլ աւելի՛ն է։

Այս պատճառով, չեմ պահանջեր, որ իր սէրը կատարեալ ըլլայ, որպէսզի զինք գնահատեմ։ Ան զիս կը սիրէ ինչպէս որ ինքն է եւ իր կարողութեան սահմաններուն մէջ։ Բայց անոր սիրոյն թերի կամ անկատար ըլլալը՝ չի՛ նշանակեր, թէ ան սխալ, ո՛չ իրական է։ Ան իրակա՛ն է, սակայն սահմանափակ եւ երկրային։ Այս պատճառով եթէ իրմէ աւելին խնդրեմ, ան այսպէս կամ այնպէս՝ ինծի պիտի հասկցնէ ասիկա, քանի որ ան պիտի չընդունի ո՛չ աստուածային էակի մը դերը խաղալ, ո՛չ ալ իմ բոլոր կարիքներուս ընդառաջել։

Սէրը կը բնակի անկատարեալին մէջ, զայն կ՚արդարացնէ եւ սիրուած անձին պակասաւորութեան եւ տկարութեան դիմաց գիտէ լռութիւն պահել։

Սէրը «ամէն ինչի կը հաւատայ»։ Պէտք չէ այս հաւատքը հասկնալ իր աստուածաբանական իմաստով, այլ իր ընթացիկ «վստահութիւն» իմաստով։ Եւ այս նշաակութեամբ հարցը՝ միայն «կասկածիլ» մը չէ՛, թէ միւսը զիս կը խաբէ կամ սուտ կը խօսի։

Այս հիմնական վստահութիւնը կը ճանչնայ մթութեան ընդմէջէն՝ Աստուծոյ վառած լոյսը, իսկ մոխիրներուն տակ տակաւին թաքնուած կայծը։ Այս նոյն վստահութիւնը ազատ յարաբերութիւն մը թոյլ կու տայ։ Հարկ չկայ ուրիշը հսկել եւ անոր քայլերուն հետեւիլ, որպէսզի ան չթաքնուի մեզմէ։ Սէրը կը վստահի ազատութեան, զայն կը յարգէ, կը հրաժարի ամէն բան հսկելէ, ամէն ինչ ունենալէ, տիրապետելէ։

Սէրը թոյլ կու տայ նաեւ, որ յարաբերութիւնները ճոխանան եւ անհորիզոն եսակեդրոնացումի չվերածուին…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Փետրուար 14, 2026, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Փետրուար 16, 2026