ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԱԿՆԱՐԿ. ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱՑ ԺՈՂՈՎ՝ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ԱՅՍՕՐ
Ի՞ՆՉ Է ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱՑ ԺՈՂՈՎԸ
Եպիսկոպոսաց ժողովը Հայց. Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ՝ ի մասնաւորի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան այն խորհուրդն է, որ կազմուած է Հայաստանի եւ արտերկրի մէջ ծառայող եպիսկոպոսներէ եւ արքեպիսկոպոսներէ, ինչպէս նաեւ Երուսաղէմի եւ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքութեան ենթակայութեամբ ծառայող եպիսկոպոսներէ։ Այստեղ կ՚արժէ նշել, որ 2013 եւ 2015 թուականներուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի նախագահութեամբ եւ Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի մասնակցութեամբ եպիսկոպոսաց երկու ժողովներ գումարուեցան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, ուր ներկայ էին Նուիրապետական չորս աթոռներու եպիսկոպոսները:
Եպիսկոպոսաց ժողով ժամանակ առ ժամանակ կը գումարուի եւ կը քննարկէ եկեղեցւոյ հոգեւոր, վարչական, կրօնադաստիարակչական, ընկերային եւ այլ հարցերը: Այս ժողովի նպատակն է երաշխաւորել, որ Հայ Եկեղեցին միասնական ու աւանդական համակարգով առաջնորդուի՝ առանց տարբերութիւններու ու բաժանումներու: Նաեւ, այս ժողովը կը քննարկէ այն խնդիրներն ու դժուարութիւնները, որոնք ժամանակ առ ժամանակ երեւան կու գան՝ յուզելով թէ՛ եկեղեցական ներքին եւ թէ ազգային կեանքը: Աւելի՛ն, այս ժողովը կը քննարկէ եւ կը փորձէ լուծումներ տալ ներկայ՝ օր օրի յառաջընթաց ապրող ընկերութեան նորարարութիւններուն հետ քայլ պահելու խնդիրներուն՝ առանց վտանգելու մարդուն հաւատքն ու բարոյականութիւնը: Եպիսկոպոսաց ժողովը նաեւ միջոցներ ու ծրագրեր կը փնտռէ՝ եկեղեցական կեանքի արդիականացումին, երիտասարդ սերունդի ներգրաւումին համար եկեղեցւոյ կեանքին ու գործունէութեան մէջ:
Յամենայնդէպս, այս ժողովը միայն խորհրդակցական մարմին մը չէ, միայն խորհրդակցութիւններ չի կատարեր, այլեւ խնդիրներուն լուծումներ կ՚առաջարկէ, խորհուրդներ կու տայ։ Միայն այս ժողովին կողմէ առնուած որոշումներուն հիման վրայ մարմիններ կրնան ստեղծուիլ, թելադրութիւններ կրնան կատարուիլ։ Ժողովը կը հետեւի այս բոլորին՝ հասնելու համար ցանկալի արդիւնքներու:
Եպիսկոպոսաց ժողովը, իր էութեամբ, Հայց. Առաքելական Եկեղեցիէն ներս նաեւ համընդհանուր եպիսկոպոսական պատասխանատու գիտակցութեան արտայայտութիւնն է։ Անիկա այն հարթակն է, ուր եպիսկոպոսական դասը՝ իբրեւ առաքելական ձեռնադրութեամբ օժտուած հոգեւոր առաջնորդութիւն, միասին կը կրէ Եկեղեցւոյ անցեալի, ներկայի եւ ապագայի պատասխանատուութիւնը։ Այս իմաստով ժողովը ո՛չ միայն գործնական կամ կազմակերպչական մարմին մըն է, այլեւ եկեղեցական ինքնագիտակցութեան եւ ինքնաքննութեան վայրը։
Եպիսկոպոսաց ժողովի քննարկումները կը նպաստեն նաեւ եկեղեցական կանոնական կեանքի պահպանման ու ամրապնդման։ Ժողովը կը դիտարկէ թեմերու դժուարութիւնները, առաջնորդական ծառայութեան փորձառութիւնները, հոգեւորականաց վարքականոնին վերաբերեալ հարցերը եւ անհրաժեշտութեան պարագային կը ձեւաւորէ միասնական մօտեցումներ՝ առաջնորդուելով եկեղեցական կանոններով եւ սուրբ հայրերու աւանդութեամբ։ Այսպիսով, ժողովը կը ծառայէ՝ որպէս կարգապահական ու բարոյական միասնականութեան պահպանման միջոց։
Միեւնոյն ժամանակ, եպիսկոպոսաց ժողովը կ՚ունենայ կարեւոր դեր եկեղեցի-հասարակութիւն յարաբերութիւններու ձեւաւորման մէջ։ Ժողովի քննարկումները եւ ընդունուած դիրքորոշումները կ՚անդրադառնան ազգային, հասարակական եւ բարոյական խնդիրներու, որոնց դիմաց Եկեղեցին կոչուած է արտայայտելու իր հոգեւոր ձայնը։ Այս իմաստով ժողովը կը նպաստէ, որ Հայց. Առաքելական Եկեղեցին ներկայ ըլլայ ժամանակակից աշխարհին մէջ՝ ո՛չ որպէս զուտ աւանդական կառոյց, այլ որպէս կենսունակ հոգեւոր մարմին մը, որ կը փորձէ պատասխան տալ ժամանակի մարտահրաւէրներուն՝ միշտ հաւատարիմ մնալով իր գլուխին՝ Քրիստոսի եկեղեցւոյ կանոններուն ու հաւատալիքներուն։
Եպիսկոպոսաց ժողովը նաեւ կը հանդիսանայ միասնութեան պահպանման կարեւոր միջոց Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ իրականութեան մէջ։ Հայաստանի եւ սփիւռքի՝ տարբեր պայմաններով ծառայող եպիսկոպոսներու համախմբումը կը նպաստէ փորձառութիւններու փոխանակման, տարբեր իրականութիւններու փոխադարձ ճանաչման եւ միասնական տեսլականի ձեւաւորման։ Այսպիսով ժողովը կը կանխարգիլէ տեղայնական մտածելակերպը եւ վեր կ՚առնէ եկեղեցւոյ համահայկական եւ համընդհանուր բնոյթը։
Աւելի՛ն, իր գործունէութեամբ եպիսկոպոսաց ժողովը կը նպաստէ եկեղեցական ռազմավարական մտքի զարգացման։ Ժողովին մէջ կը քննարկուին երկարաժամկէտ ծրագիրներ, կրթական ու դաստիարակչական ուղղութիւններ, ընկերային բազմազան երեսակներու ծրագիրներ, քարոզչական նոր միջոցներու գործադրութեան հարցեր, ինչպէս նաեւ նոր մարտահրաւէրներ՝ այժմու համաշխարհայնացման պայմաններով, բարոյական արժէքներու ամէնօրեայ անկումին եւ երիտասարդ սերունդի հոգեւոր կեանքէն ու ընդհանրապէս հաւատքէն հեռանալու երեւոյթներուն դիմաց։ Այս բոլորը կը վկայեն, որ ժողովը ունի ո՛չ միայն թելադրողի, խորհուրդներ տուողի կարգավիճակ, այլեւ նախաձեռնող եւ ուղղութիւն տուող գործունեայ դերակատարութիւն մը։
Այսպէս, կարելի է հաստատել, որ եպիսկոպոսաց ժողովը Հայց. Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ մէջ կը հանդիսանայ ո՛չ միայն խորհրդակցական կամ վարչական մարմին մը, այլեւ՝ հոգեւոր-առաջնորդական պատասխանատուութեան հաւաքական արտայայտութիւն մը, որուն միջոցով Եկեղեցին կը ձգտի պահպանել իր միասնութիւնը, հաւատարմութիւնը առաքելական աւանդութեան եւ կենսունակ ներկայութիւնը ժամանակակից աշխարհին մէջ։
ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Եպիսկոպոսական ժողովը սովորական ժողով մը չէ, որ հերթականօրէն գումարուի տարուան ընթացքին քանի մը անգամ։ Արդարեւ, սա կը հանդիսանայ կանոնական կարգադրութիւններով եւ եկեղեցական սահմանուած աւանդութիւններով ժողով մը, որ կը գումարուի՝ իբրեւ յատուկ եւ նպատակաուղղուած միութիւն, նախապէս ճշդուած օրակարգով։ Այս ժողովի ընթացքին կը քննարկուին Եկեղեցւոյ հոգեւոր, վարչական, դաւանաբանական, ընկերային-հասարակական եւ ժամանակի հրամայականներէն բխած հարցերը: Թուրակենք օրինակներ.
• Եկեղեցիէն ներս հոգեւոր կեանքի մարտահրաւէրներն ու ուղղութիւնները:
• Եպիսկոպոսական դասի խնդիրները:
• Վարդապետներու, աբեղաներու, քահանաներու, սարկաւագներու վերաբերեալ խնդիրներ:
• Հաւատացեալներու առջեւ ծառացած ազգային ներքին եւ ընկերային խնդիրներ:
• Եկեղեցական կարգապահութեան հարցեր:
• Եկեղեցւոյ դիրքորոշումը նորարարութիւններու պարագային՝ բժշկական, գիտական, կրթական, մշակութային, եւ այլն:
Այս ժողովի քննարկումները կը շօշափեն նաեւ Եկեղեցւոյ հեղինակութեան, հաւաքական պատասխանատուութեան եւ այլ հարցեր:
Այս բոլոր քննարկումները չեն սահմանափակուիր տեսական կամ վերացական մակարդակով, այլեւ կը նպատակադրեն կենսական լուծումներու որոնում եւ գործնական ուղեգիծերու ձեւաւորում։ Եպիսկոպոսաց ժողովը՝ առաջնորդուելով առաքելական աւանդութեամբ եւ եկեղեցական փորձառութեամբ, կը փորձէ համադրել Եկեղեցւոյ անփոփոխ դաւանաբանական ճշմարտութիւնները ժամանակակից աշխարհի յարափոփոխ իրականութիւններուն հետ։ Այս պարունակին մէջ ժողովը կը դառնայ այն հարթակը, ուր պահպանողական հաւատարմութիւնը եւ խոհեմ նորոգութեան ոգին կը փորձեն ներդաշնակուիլ՝ առանց վնասելու Եկեղեցւոյ էութիւնն ու առաքելութիւնը։
Ժողովի ընթացքին արտայայտուած տեսակէտները եւ մտահոգութիւնները կը նպաստեն նաեւ եկեղեցական ծառայութեան որակի բարելաւումին։ Եպիսկոպոսները կը փոխանակեն իրենց թեմական փորձառութիւնները, կը ներկայացնեն տեղական եկեղեցական կեանքին մէջ ի յայտ եկած դժուարութիւնները եւ ձեռք բերուած դրական արդիւնքները, ինչպէս նաեւ կը քննարկեն միասնական գործելակերպի անհրաժեշտութիւնը։ Այս փոխանակումը կը նպաստէ, որ Եկեղեցւոյ տարբեր թեմերը, անկախ աշխարհագրական կամ հասարակական պայմաններէ, առաջնորդուին համահունչ մօտեցումներով։
Եպիսկոպոսաց ժողովը կարեւոր դեր կը կատարէ նաեւ եկեղեցական ներքին միասնութեան եւ համերաշխութեան ամրապնդման մէջ։ Քննարկումներու ընթացքին կը շեշտուի, որ եպիսկոպոսական ծառայութիւնը անհատական իշխանութիւն մը չէ, այլ հաւաքական պատասխանատուութիւն՝ ի սպաս ամբողջ Եկեղեցւոյ։ Այս գիտակցութիւնը կը զսպէ անձնական կամ տեղական շահերու գերակայութիւնը եւ կը նպաստէ ընդհանուր բարիքի առաջնահերթութեան հաստատումին։
Միաժամանակ, ժողովը կը դառնայ եկեղեցական ինքնաքննութեան եւ վերարժեւորման միջոց մը։ Եպիսկոպոսները՝ գիտակցելով իրենց հովուական պարտականութեան ծանրութիւնը, կը վերանային ծառայութեան եղանակները, քարոզչական լեզուն եւ դաստիարակչական մօտեցումները՝ նպատակ ունենալով աւելի մատչելի եւ կենդանի դարձնել Եկեղեցւոյ պատգամը ժամանակակից մարդուն համար։ Այս առումով ժողովը կը խթանէ հոգեւոր առաջնորդներու շարունակական աճը եւ ներքին վերանորոգումը։
Աւելի՛ն, եպիսկոպոսաց ժողովը կը նպաստէ եկեղեցի-հասարակութիւն առողջ յարաբերութիւններու ձեւաւորման։ Եկեղեցին, ժողովին ընդմէջէն, կը փորձէ իր դիրքորոշումները ներկայացնել ո՛չ հակադրութեամբ, այլ պատասխանատու երկխօսութեամբ՝ պաշտպանելով մարդկային արժանապատուութիւնը, ընտանիքի սրբութիւնը եւ բարոյական հիմնարար արժէքները։ Այս կերպով ժողովը կը նպաստէ, որ Եկեղեցին շարունակէ մնալ ազգային եւ հասարակական կեանքի մէջ վստահելի հոգեւոր յենարան մը։
Այս բոլորով, եպիսկոպոսաց ժողովը կը ներկայանայ՝ որպէս այն առանցքային մարմինը, ուր Հայց. Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին կը ձեւաւորէ իր միասնական ձայնը, կը խորացնէ իր ինքնագիտակցութիւնը եւ կը շարունակէ իր առաքելութիւնը՝ հաւատարիմ մնալով անցեալին, բայց, աչքերը բաց պահելով դէպի ապագայ։
Հարկ է նշել, նաեւ, որ ժողովը ժամանակակից մարտահրաւէրներուն ընդառաջ քայլերու կը ձեռնարկէ ո՛չ միայն քննարկումներու ճամբով, այլեւ գործնական ծրագրերու միջոցով. օրինակ՝ ցանցային հարթակներ թեմերու միջեւ փորձի փոխանակման համար, նոր քարոզչական մեթոտներու ներդրում, երիտասարդներու ներգրաւման յատուկ ծրագրեր, հոգեւոր վերապատրաստման դասընթացքներ եւ այլն։ Այսպէսով, կը շեշտուի, որ ժողովը միայն խորհրդատուական չէ, այլ ունի գործնական ձեւաչափ:
•շար. 1