ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԵՒ ՀՆԴԿԱՍՏԱՆԻ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՆՇԱՆԱԿԱԼԻԱՐԱԳՈՒԹԵԱՄԲ ԿԸ ՀԱՍՆԻ ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ԳՈՐԾԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱԿԱՐԴԱԿԻ
Փարիզ եւ Նիւ Տելհի որոշեցին իրենց համագործակցութիւնը ռազմավարական մակարդակի բարձրացնել։ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն եւ Հնդկաստանի վարչապետ Նարենտրա Մոտի վերջին օրերուն մէկտեղուեցան Նիւ Տելհիի մէջ։ Անոնք շեշտեցին, որ երկու երկիրներու կապերու զարգացման մէջ նշանակալի արագացում մը գոյութիւն ունի։
«Հնդկաստան եւ Ֆրանսա որոշած են իրենց ռազմավարական գործընկերութիւնը բարձրացնել մինչեւ յատուկ կլոպալ ռազմավարական գործընկերութեան մակարդակին։ Դիւանագիտութեան մէջ սա շատ նշանակալի է», դիտել տուաւ Մաքրոն։
Իր հերթին, Մոտին ալ բարձր գնահատեց Մաքրոնի հետ հանդիպումը եւ նշեց. «Մենք քննարկեցինք համագործակցութիւնը արդիւնաբերութեան, պաշտպանութեան, մաքրոուժանիւթի, տիեզերքի եւ զարգացող թեքնոբանութիւններու ոլորտներուն մէջ։ Մեր երկիրները նաեւ կը կառուցեն ամուր ցանցեր՝ փոքր եւ միջին ձեռնարկութիւններու համար, կը նպաստեն ուսանողներու եւ հետազօտողներու փոխանակման եւ կը ստեղծեն նոր համատեղ նորարարութեան կեդրոններ»։
Մոտի յիշեցուց, որ Հնդկաստանի եւ Եւրոմիութեան միջեւ մօտաւոր անցեալին կնքուած էր ազատ առեւտուրի համաձայնագիր մը։ Այժմ այս փաստաթուղթը աննախադէպ խթան կը հանդիսանայ Հնդկաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ կապերու զարգացման։