Շաբաթ 21, Փետրուար 2026
ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԵՒ ԱԼԻԵՒ ԶՐՈՒՑԵՑԻՆ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ
Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ուաշինկթընի մէջ մասնակցեցաւ Խաղաղութեան խորհուրդի անդրանիկ նիստին։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի ընդառաջ այս ժողովին մասնակցեցաւ Փաշինեան։ Կը հաղորդուի, որ Նիկոլ Փաշինեան Ուաշինկթընի մէջ կարճատեւ զրոյցներ ունեցաւ ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ փոխ-նախագահ Ճէյմս Տէյվիտ Վենսի հետ։ Բաց աստի, Նիկոլ Փաշինեան Ուաշինկթընի մէջ հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ, որ եւս ներկայ էր Խաղաղութեան խորհուրդի անդրանիկ նիստին։
Միւս կողմէ, Ուաշինկթընի ժողովի ընթացքին Թուրքիան ներկայացուց արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան։
Ուրբաթ, Փետրուար 20, 2026