ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԱԿՆԱՐԿ. ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՇՐՋԱՆԻ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՆԵՐԸ՝ ՀՈԳԵՒՈՐ ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ԱՄՐԱՊՆԴՄԱՆ ԳՈՐԾՕՆՆԵՐ
ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԸ, 24-27 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2013
Այս ժողովը տեղի ունեցած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ ներկայութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի: Ժողովին մասնակցած են շուրջ վաթսուն արքեպիսկոպոսներ եւ եպիսկոպոսներ՝ Հայաստանէն եւ սփիւռքէն: Ժողովի բացման արարողութեան մասնակցած է նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան, որ շեշտած է Հայ Եկեղեցւոյ միաւորող դերն ու հոգեւոր կեանքի հզօրացման առնչութեամբ տարուած աշխատանքները։
Ժողովի ընթացքին քննարկուած են հետեւեալ խնդիրները.
1. 1915-ի նահատակներու սրբադասման վերականգնում - Եպիսկոպոսաց ժողովը առաջին հերթին կարեւորած է սրբադասման աւանդոյթի վերականգնումը Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս եւ ի մասնաւորի հայոց ցեղասպանութեան զոհերու սրբադասման հարցը։ Մեծամասնութեամբ ընդունուած է հաւաքական սրբադասման սկզբունքը՝ թելադրութիւն տալով գործող յանձնախումբին արագացնել աշխատանքները: Այս քայլը պատմական է, որովհետեւ առաջին անգամ ըլլալով բարձրաձայնուած է դաւանաբանական եւ եկեղեցաբանական մօտեցումով անդրադարձ կատարել հայոց ցեղասպանութեան զոհերու հոգեւոր յիշատակումին։
2. Ծիսական եւ եկեղեցական գործնական հարցերու համաձայնեցում - Ժողովի ընթացքին քննարկուած են նաեւ նիւթեր՝ առնչուած Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ ծիսական արարողակարգերուն՝ մասնաւորաբար սուրբ մկրտութեան եւ սուրբ դրոշմի խորհուրդներու վերատեսուած բնագիրներ պատրաստելու հարցը բարձրաձայնուած է:
3. Եկեղեցւոյ դերը եւ արդիականութեան խնդիրները - Ժողովի ընթացքին հնչած են նաեւ միտքեր՝ եկեղեցւոյ աւանդութիւններու պահպանումին եւ արդիական ժամանակի պահանջներուն համապատասխան խոչընդոտներու եւ հնարաւորութիւններու վերաբերեալ: Այս մօտեցումներուն դրդապատճառը եղած է եկեղեցւոյ ազգային եւ հոգեւոր առաքելութեան ամրապնդումը։
Մայր Աթոռի այս ժողովը կարեւորութիւն կը ներկայացնէ զանազան առումներով։ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, 2013 թուականին գումարուած եպիսկոպոսաց ժողովը կարեւոր եւ բացառիկ իրադարձութիւն կը համարուի Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ։ Արդարեւ, շուրջ 600 տարիներու երկա՜ր դադարէ մը ետք այս տարողութեամբ առաջին համընդհանուր հանդիպում-ժողովն էր, որու իրենց մասնակցութիւնը բերած են Հայց. Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ չորս Նուիրապետական աթոռներու բարձրաստիճան հոգեւորականները:
Գալով արդիւնքներուն ու յետագայ քայլերուն, ապա ժողովի ընթացքին շեշտուած է, որ եկեղեցին պէտք է հաւատարիմ մնայ իր սկզբունքներուն, միաժամանակ, սակայն, առաջընթացի կարօտ ոլորտներուն մէջ պատրաստ պէտք է ըլլայ բաց հաղորդակցութեան եւ արդիականացման: Որոշում առնուած է նաեւ նման ժողովները դարձնել աւելի պարբերական՝ յաջորդը նշանակելով 2014 թուականի աշնան։
ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԸ, 11-13 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2014
Այս ժողովը տեղի ունեցած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ ներկայութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի։ Ժողովին մասնակցած են շուրջ վաթսուն արքեպիսկոպոսներ եւ եպիսկոպոսներ՝ Հայաստանէն եւ սփիւռքէն։ Անոնք ներկայացուցած են Հայց. Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ թեմերն ու Նուիրապետական աթոռները։
Ժողովի ընթացքին քննարկուած են հետեւեալ խնդիրները.
1. 1915-ի նահատակներու սրբադասման գործի աւարտում - 2014 թուականի ժողովին գլխաւոր եւ առանցքային նիւթերէն մէկը եղած է հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու սրբադասման գործընթացի լրամշակումն ու վերջնական հաստատումը։ Եպիսկոպոսաց ժողովը քննարկած եւ հաստատած է սրբադասման ծիսական եւ եկեղեցաբանական ձեւաչափը՝ որոշելով, որ սրբադասման հանդիսաւոր արարողութիւնը կատարուի 2015 թուականի ապրիլի 23-ին, 100-րդ տարելիցի նախօրեակին։ Այս որոշումը արժեւորուած է՝ որպէս հոգեւոր, ազգային եւ համաեկեղեցական նշանակութեամբ պատմական քայլ մը։
2. Ծիսական կարգերու միօրինականացում եւ գործնական հարցեր - Ժողովին ընթացքին քննարկուած են նաեւ Հայց. Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ ծիսական կեանքին վերաբերեալ առընչուող հարցեր՝ մասնաւորաբար հետեւեալները.
- Սուրբ մկրտութեան կարգի միօրինականացման անհրաժեշտութիւնը՝ ծիսական բնագրերու եւ գործնական կիրառութեան մէջ առկայ տարբերութիւններու վերացման խնդիրները: Այս քննարկումներուն նպատակը եղած է ապահովել եկեղեցական կեանքի միասնական ընթացքը աշխարհասփիւռ ամբողջ հայկական եկեղեցւոյ մէջ։
3. Եկեղեցւոյ պատասխանատուութիւնը ազգային ու համաշխարհային իրադարձութիւններուն դիմաց - Ժողովը անդրադարձած է նաեւ ժամանակակից քաղաքական եւ անվտանգային իրադարձութիւններուն՝ մասնաւորաբար Ատրպէյճանի կողմէ հայկական ուղղաթիռի խոցման դէպքին, զոր ժողովը դատապարտած է՝ որպէս բռնութեան եւ ապակայունացման գործողութիւն։ Այս ծիրէն ներս շեշտուած է եկեղեցւոյ կոչումը՝ աղօթքով, խօսքով եւ հոգեւոր զօրակցութեամբ կանգնելու ժողովուրդի կողքին։
Սուրբ Էջմիածնի 2014 թուականի ժողովն ալ ունեցած է անանտեսելի նշանակութիւն։ 2014 թուականի եպիսկոպոսաց ժողովը կը նկատուի 2013 թուականի ժողովին տրամաբանական շարունակութիւնը։ Ամրապնդուեցաւ համաեկեղեցական համագործակցութիւնը եւ գործնական քայլերով մօտեցում կատարուեցաւ պատմական որոշումներու իրագործումին։ Յատկապէս հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու սրբադասման հարցին մէջ այս ժողովը եղաւ որոշիչ եւ եզրափակիչ։
Ժողովի ընթացքին վերահաստատուած է, որ Հայց. Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին կոչուած է հաւատարիմ մնալ իր դարաւոր աւանդութիւններուն, միաժամանակ, պատասխանատու կերպով արձագանգելու ժամանակի հոգեւոր եւ ազգային մարտահրաւէրներուն։
Սրբադասման արարողութեան օրուան որոշումով՝ եպիսկոպոսաց ժողովը գործուն մասնակցութիւն բերած է հայ ժողովուրդի հաւաքական յիշողութեան եւ հոգեւոր ինքնութեան ամրապնդման գործին:
•շար. 4 եւ վերջ
(Ծ.Խ.- Սոյն նիւթի պատրաստութեան համար շնորհակալ ենք Երեւանի մեր աշխատակիցներէն Վարանդ Քորթմոսեանին, որ կարեւոր նպաստ մը բերած է իր ծաւալուն ուսումնասիրութեան)