ԱՆԴՐԴՈՒԵԼԻ ՔԱՅԼԵՐ

Երէկ, Աւստրիոյ մայրաքաղաքը՝ Վիեննայի մերձակայ Սանկտ Փոլթենի մէջ կազմակերպուած եպիսկոպոսաց հաւաքը հասաւ իր աւարտին։ Եռօրեայ խորհրդակցութիւնը եզրափակուեցաւ՝ մասնակից քսանհինգ սրբազանի համատեղ յայտարարութեամբ։

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին այս պահու դրութեամբ կը ջանայ յաղթահարել առկայ հալածանքներն ու թիրախաւորումները եւ իր գործունէութիւնը վերադարձնել բնականոն հուն։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը այս ուղղութեամբ կը մնայ անդրդուելի։ Քայլեր կ՚առնուին՝ վճռակամ, շինիչ եւ սկզբունքային, որպէսզի ապագայ հաւանական իրադարձութիւնները չունենան պառակտիչ բնոյթ եւ չծնին անվերադարձ հետեւանքներ։ Սանկտ Փոլթենի եպիսկոպոսաց հաւաքի աւարտին հրապարակուած յայտարարութեան մէջ նշուած է հետեւեալը։

*

Մենք՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան եւ Կ.Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան քսանհինգ եպիսկոպոսներս, գոհութիւն եւ փառք կը մատուցանենք Երկնաւոր Տիրոջ, որ մեզի պարգեւեց շնորհը Մեծ պահոց շրջանի մեկնարկին աղօթական միութեամբ վերանորոգելու Իջման Սուրբ Սեղանի առջեւ կնքած եպիսկոպոսական մեր ուխտը եւ հոգեւոր առանձնացումով զօրանալու մեր սրբազան կոչման մէջ՝ ներկայ խռովայոյզ ժամանակներու մէջ առաւել նախանձախնդրութեամբ եւ պատասխանատուութեամբ շարունակելու համար արդիւնաւորել մեր առաքելութիւնը՝ ի խնդիր Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ պայծառութեան, աշխարհասփիւռ հաւատաւոր մեր ժողովուրդի հաւատքի ամրապնդման եւ հոգեւոր կեանքի զօրացման։ 

Որդիական մեր շնորհակալութիւնը կը յայտնենք Նորին Սուրբ Օծութիւն Տէր Տէր Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին, որու հայրական հրաւէրով հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ ծառայող եպիսկոպոսներս համախմբուեցանք՝ միասնաբար խորհրդածելու Հայոց Եկեղեցւոյ առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներու շուրջ եւ լուծումներ գտնելու անոնց յաղթահարման ուղղութեամբ։ 

Խոր մտահոգութեամբ ու դատապարտութեամբ կ՚արձանագրենք, որ քրէական անհիմն հետապնդման պատճառով արգիլուեցաւ Հայոց Հովուապետի եւ մեր վեց եպիսկոպոս եղբայրներու ելքը Հայաստանէն եւ մասնակցութիւնը Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս կարեւոր նշանակութեամբ այս պատկառելի հաւաքին։ Արհեստականօրէն ստեղծուած այս խոչընդոտի պատճառով մենք հարկադրուած էինք տեսակապի միջոցով ունկնդիր ըլլալ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հայրապետական պատգամին։ Սոյն հաւաքին իրենց ուղերձները յղած էին նաեւ Նուիրապետական մեր միւս աթոռներու գահակալները՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեան եւ Կ.Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ 

Եպիսկոպոսաց հաւաքը եռօրեայ նիստերու ընթացքին քննութեան առաւ օրակարգի վրայ ընդգրկուած հետեւեալ նիւթերը.

«Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը արդի ժամանակաշրջանի մէջ եւ առկայ մարտահրաւէրները հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ» (զեկուցող՝ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան),

«Եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւններու ներկայ կացութիւնը եւ Եկեղեցւոյ շուրջ ստեղծուած իրավիճակը Հայաստանի մէջ» (զեկուցող՝ Տ. Գրիգոր Եպսկ. Խաչատրեան),

«Եկեղեցւոյ ինքնավարութեան պաշտպանութիւնը քաղաքական շահարկումներէ եւ ստեղծուած իրավիճակի յաղթահարման ուղիները» (զեկուցող՝ Տ. Աշոտ Եպսկ. Մնացականեան)։

Եղբայրական սիրոյ ու փոխադարձ հասկացութեան մթնոլորտի մէջ բովանդակային, շինիչ քննարումներու արդիւնքով եպիսկոպոսաց հաւաքի մասնակիցներս վճռականօրէն կը վերահաստատենք մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ աւանդութեամբ ու բազմադարեայ փորձառութեամբ նուիրագործուած կարգերն ու սկզբունքները հոգեփրկչական իր առաքելութեան, այլեւ համազգային եւ հայրենական կեանքի առնչութեամբ՝ ի մասնաւորի արձանագրելով հետեւեալները.

ա. Սուրբ Թադէոս եւ Սուրբ Բարթուղիմէոս առաքեալներու քարոզչութեամբ հիմնուած Հայոց Եկեղեցւոյ գլուխը Յիսուս Քրիստոսն է (Եփես. Ա 22)։ Տէրունահաստատ այս կառոյցը կը ղեկավարուի Սուրբ Գիրքով, Եկեղեցւոյ վարդապետութեամբ ու կանոններով եւ առաքելական յաջորդականութեան սկզբունքով՝ հայոց հայրապետներու հովուապետութեամբ։ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ կը ներառէ ազգիս զաւակներու հոգեւոր խնամքն ու քրիստոնէական դաստիարակութիւնը, ազգային եւ հոգեւոր ինքնութեան պահպանումը։

բ. Բազմադարեայ իր պատմութեան հոլովոյթներուն մէջ Հայոց Եկեղեցին՝ որպէս «կենդանի Աստուծոյ Եկեղեցին, սիւն եւ հաստատուն ճշմարտութեան» (Ա Տիմ. Գ 15), ժամանակի պահանջներուն համահունչ, ներքին բարենորոգմամբ միշտ կենսունակ պահած է Քրիստոսի Աւետարանը քարոզելու եւ ժողովուրդը դէպի փրկութիւն առաջնորդելու իր բուն առաքելութիւնը։

գ. Միաժամանակ, Հայոց Եկեղեցին՝ որպէս համազգային նշանակութեամբ հնագոյն հաստատութիւն, մշտապէս ջատագովը եղած է հայոց անկախ պետականութեան գոյութեան եւ առաւելագոյն չափով սատարելու եւ այսօր եւս կը շարունակէ նպաստել անոր զօրացմանն ու յառաջընթացին՝ անխախտ համոզումով, թէ հայրենի պետութիւնն է պաշտպանն ու երաշխաւորը հայ ժողովուրդի յարատեւութեան եւ ազգային իղձերու իրականացման։ Այդ ճանապարհին Հայոց Եկեղեցին երբեք չէ ծառայած եւ չի ծառայեր օտար ուժերու կամ արտաքին շահերու, այլ իր հաւատարմութիւնը անսակարկ պահած է բացառապէս հայ ժողովուրդին, անոր պետականութեան եւ ազգային ինքնութեան պահպանութեան։

Այս համատեսքին մէջ եպիսկոպոսաց դասը խոր մտահոգութիւն կը յայտնէ եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւններու անցանկալի ներկայ կացութեան առնչութեամբ եւ վտանգաշատ այս իրադրութեան մէջ հետեւեալ կոչը կ՚ուղղէ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն.

Դադրեցնել Եկեղեցւոյ դէմ հալածանքները եւ յարգել Եկեղեցւոյ դարերով ամրագրուած ինքնիշխանութիւնն ու ինքնավարութիւնը՝ եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւնները խարխսելով փոխադարձ յարգանքի, իրաւասութիւններու յստակ տարանջատման եւ ազգային շահու առաջնահերթութեան վրայ,

Վերջ դնել շինծու մեղադրանքներով ու զրպարտութիւններով եկեղեցականներու եւ ազգընտիր Ամենայն Հայոց Հայրապետի դէմ բռնաճնշումներուն,

Ազատ արձակել կալանաւորուած չորս սրբազան մեր եղբայրները, քահանան, ինչպէս նաեւ Եկեղեցւոյ ի պաշտպանութիւն հանդէս եկած հայորդիները,

Գործել բացառաբար Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեամբ, օրէնսդրութեամբ եւ միջազգային օրէնքներով ու հաւատարիմ մնալ հռչակուած ժողովրդավարական սկզբունքներուն՝ երաշխաւորելով երկրէն ներս խղճի, կրօնի եւ դաւանանքի ազատութիւնը, պառակտման փոխարէն ապահովելով հասարակական համերաշխութիւն,

Առկայ խնդիրներն ու հակառակութիւնները փարատել երկխօսութեան ոգիով՝ առանց նախապայմաններու, զերծ մնալով անհեռանկար վերջնագրային խօսոյթէ։

Եպիսկոպոսաց հաւաքի մասնակիցներս, միաժամանակ, հետեւեալը կը յորդորենք խոտորեալ ութ սրբազաններուն.

Գործել Սուրբ Էջմիածնի եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի նկատմամբ հաւատարմութեան ուխտի եւ ծառայական կոչման գիտակցութեամբ,

Եկեղեցական ներքին կեանքին առընչուող խնդիրները արծարծել եւ լուծել բացառապէս Եկեղեցւոյ լիազօր ատեաններուն մէջ,

Ձեռնպահ մնալ հակականոնական գործողութիւններէ, ջլատող քայլերէ եւ անջատողական դրսեւորումներէ, որոնք կը սպառնան յառաջացնել հերձուածք՝ տկարացնելով Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը մեր հաւատաւոր ժողովուրդի կեանքէն ներս։ Այս շրջագծէն ներս սուրբ պատարագներուն Վեհափառ Հայրապետի անուան յիշատակութեան հատուածի զեղչումը որեւէ հիմնաւորմամբ եկեղեցաբանօրէն անընդունելի է եւ ուղիղ հարուած Սուրբ Էջմիածնի միաբանութեան եւ Հայոց Եկեղեցւոյ միասնութեան դէմ։

Անընդունելի նկատելով արտաքին պարտադրանքի ներքեւ բարենորոգման որեւէ շարժում՝ հրամայական անհրաժեշտութիւն կը նկատենք Հայ Եկեղեցւոյ առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներու յաղթահարման եւ բարեկարգութեան աշխատանքները իրականացնել միմիայն Եպիսկոպոսաց ժողովի մէջ եւ եկեղեցական կանոնական բարձրագոյն մարմիններու մէջ:

Հայ Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներս կը վերահաստատենք մեր հաւատարմութիւնը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին՝ որպէս տեսանելի խորհրդանշան եւ երաշխիք Եկեղեցւոյ միութեան, հաշտութեան ու համերաշխութեան, քանզի «Աստուած խռովութեան Աստուած չէ, այլ՝ խաղաղութեան» (Ա Կորնթ. ԺԴ 33): 

Օրհնութեամբ Հայոց Հովուապետի յանձնառու ենք Եպիսկոպոսաց ժողովի պարբերական գումարումով նպաստել Եկեղեցւոյ առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներու քննութեանն ու յաղթահարման, մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս մեր հոգեւոր սպասաւորութեան առաւել զօրացման: 

Մեր յորդորը կը յղենք մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ ուխտապահ հոգեւոր դասուն՝ անսասան մնալու իրենց կոչման եւ ծառայութեան մէջ՝ «օրինակ ըլլալով հաւատացեալներուն՝ խօսքով, վարմունքով, սիրով, հաւատով, մաքրութեամբ» (Ա Տիմ. Դ 12):

Եկեղեցին անշեղօրէն պիտի շարունակէ իր սրբազան առաքելութիւնը՝ անկախ արտաքին ճնշումներէ՝ հաւատարիմ մնալով Սուրբ Աւետարանին եւ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ ուղղափառ վարդապետութեան:

Այս առթիւ կոչ կ՚ուղղենք նաեւ հաւատաւոր մեր ժողովուրդին՝ որպէս Քրիստոսով «մէկ մարմին եւ մէկ հոգի» (Եփես. Դ 4), հաւատարիմ ու համախումբ մնալու Առաքելական մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ շուրջ եւ աղօթակցութեամբ ու նուիրուածութեամբ, բարի գործերով շէնացնելու եւ պայծառացնելու ազգային ու հոգեւոր մեր անդաստանները: 

Խորապէս մտահոգուած ըլլալով Պաքուի մէջ Արցախի ղեկավարութեան նկատմամբ իրականացուած կեղծ դատավարութեամբ եւ ապօրինի վճիռներով՝ մեր կոչը կ՚ուղղենք միջազգային հանրութեան եւ Քոյր Եկեղեցիներուն, որպէսզի շարունակեն ջանքեր ներդնել պատանդ առնուած հայորդիներու շուտափոյթ ազատ արձակման ուղղութեամբ: 

Ի խորոց սրտէ մեր աղօթքն է, որ Բարին Աստուած, բարեխօսութեամբ Սուրբ Աստուածածնի եւ ամենայն սրբոց, անսասան եւ անվրդով պահէ եւ պահպանէ մեր Սուրբ Եկեղեցին, զօրացնէ հայոց անկախ պետականութիւնը, խաղաղութեան եւ բարօրութեան մէջ առաջնորդէ կեանքը աշխարհասփիւռ հայոց ազգի: Կը հայցենք, որ Տէրը խաղաղութիւն պարգեւէ համայն աշխարհի, բոլոր ազգերուն ու ժողովուրդներուն:

«Վերջապէս, եղբայրք, ուրախ եղէք, կատարեալ եղէք, մխիթարուեցէք, միաբան եղէք եւ խաղաղութիւն ըրէք. եւ սիրոյ ու խաղաղութեան Աստուածը ձեզի հետ ըլլայ» (Բ Կոր. ԺԴ 11)»:

*

Սանկտ Փոլթենի եպիսկոպոսաց հաւաքին մասնակցեցան հետեւեալ 25 սրբազանները. Տ․ Խաժակ Արք․ Պարսամեան (Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ), Տ. Յովնան Արք․ Տէրտէրեան (Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ), Տ․ Վիգէն Արք․ Այգազեան (Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի Ուաշինկթընի պատուիրակ), Տ. Արամ Արք․ Աթէշեան (Պոլսոյ Պատրիարքութիւն), Տ․ Եզրաս Արք․ Ներսիսեան (Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի թեմի առաջնորդ), Տ․ Աշոտ Եպսկ․ Մնացականեան (Եգիպտոսի թեմի առաջնորդ), Տ․ Արմաշ Եպսկ․ Նալպանտեան (Դամասկոսի թեմի առաջնորդ), Տ. Արարատ Եպսկ. Քալթաքճեան (Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին), Տ․ Մարկոս Եպսկ․ Յովհաննիսեան (Ուքրայնայի թեմի առաջնորդ), Տ․ Յովակիմ Եպսկ․ Մանուկեան (Անգլիոյ թեմի առաջնորդ), Տ․ Տաթեւ Եպսկ․ Յակոբեան (Ռումանիոյ թեմի առաջնորդ), Տ․ Նարեկ Եպսկ․ Պէրպէրեան (Պրազիլիոյ թեմի առաջնորդ), Տ․ Աբգար Եպսկ․ Յովակիմեան (Գանատայի թեմի առաջնորդ), Տ․ Սերովբէ Եպսկ․ Իսախանեան (Գերմանիոյ թեմի առաջնորդ), Տ. Դանիէլ Եպսկ. Ֆնտըքեան (Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին), Տ․ Տիրան Եպսկ․ Պետրոսեան (Կեդրոնական Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ), Տ․ Օշական Եպսկ․ Կիւլկիւլեան (Իրաքի թեմի առաջնորդ), Տ. Թէոդորոս Եպսկ. Զաքարեան (Հայ Երուսաղէմ), Տ․ Մեսրոպ Եպսկ․ Պարսամեան (Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ), Տ․ Կորիւն Եպսկ․ Պաղտասարեան (Հայ Երուսաղէմ), Տ․ Կիրակոս Եպսկ․ Դաւթեան (Վրաստանի թեմի առաջնորդ), Տ․ Առէն Եպսկ․ Շահէնեան (Արժանթինի թեմի առաջնորդ), Տ․ Գրիգոր Եպսկ․ Խաչատրեան (Ֆրանսայի թեմի առաջնորդ), Տ. Պարթեւ Եպսկ. Բարսեղեան (Զուիցերիոյ թեմի առաջնորդ) եւ Տ․ Խորէն Եպսկ․ Առաքելեան (Յունաստանի թեմի առաջնորդ)

Ուրբաթ, Փետրուար 20, 2026