Շաբաթ 21, Փետրուար 2026
ԴԷՊԻ ԿԵՍԱՐԻԱ ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր ընդունեց Կեսարիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ Զատիկ Թոքէրն ու գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան։
Ըստ ընկալեալ սորովութեան՝ այս տարի եւս Մեծ պահքի շրջանին պիտի կազմակերպուի դէպի Կեսարիա ուխտագնացութիւն մը, որու ընդառաջ ծխականները ստացան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր օրհնութիւնը։
Նորին Ամենապատուութիւնը գնահատեց Կեսարիոյ եկեղեցւոյ պայծառութեան համար գործադրուած ջանքերը՝ յաջողութիւն ու կարողութիւն մաղթելով ծխական խորհուրդին։
Շաբաթ, Փետրուար 21, 2026