ԱՅՍՕՐՈՒԱՆ ԿԵԱՆՔԸ՝ ԵՐԷԿՈՒԱՆ ԱՉՔՈՎ
Մեր թուականէն աւելի քան հարիւր տարիներ առաջ մտածողներ, կենսաբաններ ու փիլիսոփայական մտածողութիւն ունեցող անձեր կը փորձէին որոշ հետեւողութիւններ ընել, թէ ինչպիսին պիտի ըլլար 2000 թուականը։ Անոնք կը փորձէին «գուշակել», թէ ինչպիսի պիտի ըլլայ 2000 թուականի կինը, կրթութիւնը, գիտութիւնը, պատերազմները, հաղորդակցման ձեւերը, ընկերային կեանքը ու նման բազմատեսակ խնդիրներ… Այս նիւթերուն շուրջ գրուած են բազմաթիւ յօդուածներ, որոնք ամփոփուած են «Այսօր եւ վաղը» խորագիրը կրող աշխատութեան մը մէջ:
Մենք, որ 21-րդ դարու բնակիչ ենք, լաւապէս գիտենք ու կը հասկնանք ներկայ իրավիճակը, սակայն, միւս կողմէ, հետաքրքրական է կարդալ ու գիտնալ, թէ աւելի քան հարիւր տարի առաջ մարդիկ ինչպիսի՞ հետեւողութիւններ կ՚ընէին մեր այսօրուան մասին։ Անոնցմէ քանի՞ն իրականութեան կը համապատասխանէ եւ քանին ոչ։ Այս կարեւոր հարցին պատասխանը գտնելու համար կ՚ընթերցենք վերոյիշեալ աշխատութիւնը՝ համեմատելու համար մտածուածն ու ճշմարտութիւնը: Համեմատելով անցեալի մտածողութիւնն ու հետեւողութիւնը ներկայի հետ, լաւապէս կը հասկնանք նաեւ անցեալի մտածելակերպն ու մարդոց ապագայէն ունեցած սպասումները, որովհետեւ շատ մը սպասումներ մե՛նք եւս ունինք՝ որոնց ճշմարտութիւնը լոկ պատմութիւնն ու ժամանակը կրնայ տալ: Ի դէպ, այս աշխատութիւնը կախարդական, մարգարէական կամ գուշակներու յատուկ գիրք մը չէ. այս գիրքերու հեղինակները գուշակներ չեն. անոնք պարզապէս որոշ հնարաւորութիւններ տեսնող եւ զանոնք բարձրաձայնողներն են, որպէսզի մարդկութիւնը խորհի անոնց շուրջ.
Փիլիսոփայ եւ թուաբանագէտ Պերթրան Ռասըլ (Bertrand Arthur William Russell) 1920-ական թուականներուն ապագայ գիտութեան եւ անոր զարգացման համար գրած է հետեւեալը. «Գիտութիւնը պիտի բարձրացնէ մարդկային ուժը, սակայն, մարդը աւելի բարի պիտի չընէ, եթէ այսօր մարդիկ եսասէր ու դաժան են, գիտութիւնը պարզապէս զիրենք պիտի «քաջալերէ», որպէսզի աւելիով եսասէր ու դաժան ըլլան»: Մտաւորականը կը հաւատայ, որ գիտութիւնը աշխարհի ընթացքը պիտի չփոխէ, պարզապէս պիտի օգնէ, որպէսզի մարդիկ աւելի շուտ ու դիւրին հասնին իրենց նպատակներուն. «եթէ իրենց նպատակները բարի են՝ ապա մարդկութիւնը բարութիւն պիտի ապրի, իսկ եթէ չար են՝ չարութիւն»: Ռասըլ այս գաղափարը կը յայտնէ, որովհետեւ կը հաւատայ, որ գիտութիւնը ինքնին նպատակ մը չէ, միջոց մըն է, որպէսզի մարդիկ հասնին իրենց նպատակներուն։ Անշուշտ, մտաւորականը լաւատես մը չէ, որովհետեւ կը տեսնէ, թէ իր ժամանակներուն պետութիւնները գիտութիւնը կը գործածեն իրենց չար նպատակները իրականացնելու համար: Կը քննադատէ այն երեւոյթը որ մարդիկ գիտութեան ետեւէն «կը վազեն». Այո՛, գիտութիւնը անհրաժեշտ է, սակայն Պերթրան Ռասըլ կը հաւատայ, որ միայն գիտութիւնը առանձին չի կրնար մարդկութիւնը «փրկել», անոր բառերով՝ «Գիտութիւնը չի կրնար առաքինութեան փոխարինել. լաւ կեանքի համար սիրտը նոյնքան անհրաժեշտ է՝ ինչքան գլուխը»:
Իրականութեան մէջ այս աննշմար փոքր «գուշակութիւն»ը կը գտնենք տեղին, որովհետեւ այդ թուականներէն մինչեւ այսօր մարդ միայն զարգացուց գիտելիքը եւ ինչքան գիտելիքը զարգացաւ՝ այնքան բարոյալքուեցան մարդկային առաքինութիւնները, անհետացաւ կարեկցանքը եւ առանց նկատելու մարդիկ գիտութեան ապաւինելով՝ սկսան մոռնալ ինչ որ մարդկային է: Մտաւորականը կը հաւատայ, որ գիտութիւնը ունի կարողութիւնը մարդուն բարութիւնը, մարդուն առաքինութիւնը զարգացնելու, սակայն, մարդ ի՛նք է, որ գիտութիւնը կը դարձնէ իր ձեռքին զէնք՝ բարութեան փոխարէն չարութեան գործիք դառնալով: Հիմնական պատճառը այս դժբախտ երեւոյթին այն է, որ մարդիկ «զարգանալով» կը հեռանան իրենց խիղճէն եւ ուրիշներուն վնասելն անգամ անկարեւոր կը սկսի թուիլ, որովհետեւ այն վնասը, որ մարդ կու տայ ուրիշին եւ իր սեփական շահերէն կը բխի՝ ուրեմն «վնաս» չէ:
Պերթրան Ռասըլ կը հաւատայ, որ գիտութեան զարգացումը մարդոց մօտ կամայ ակամայ կը զօրացնէ մրցակցութիւնը, ատելութիւնը։ Այս մէկը իրականութիւն է, որովհետեւ 1920-1950-ական թուականներուն մարդոց մօտ իրերօգնութեան զգացումը շատ աւելի հզօր էր՝ քան այսօր։ Մարդիկ նիւթապէս աւելի աղքատ, սակայն, բարոյապէս աւելի բարձր մակարդակի վրայ էին։ Այսօր պատկերը հակառակն է. մարդիկ նիւթապէս աւելի բարեկեցիկ, գիտութեամբ աւելի հարուստ են, սակայն, մարդկային արժէքներով աղքատ ու սնանկ: Օրինակը վերցնենք հայ բարերարներէն. 1850-1950 թուականներուն շատ աւելի մեծ թիւով բարերարներ ունեցած ենք՝ քան 1950-էն մինչեւ մեր օրերը։ Աղքատ գաղութները՝ հակառակ իրենց նիւթական անկարողութիւններուն, ամէն ջանք ի գործ դրած են դպրոց, եկեղեցի, մամուլ ու ակումբ հիմնելու, իսկ այսօր նիւթապէս հարուստ գաղութները այդ հաստատութիւնները կենդանի պահելու տագնապով կը տառապին: Օրինակի համար, գիտութենէ հեռու, անուս երկու գիւղացի ամբողջ կեանք մը իրարու հետ կրնային համերաշխ ապրիլ. այսօր զարգացած երկու երիտասարդ նոյն տան մէջ առանց կռիւի երկու-երեք շաբաթ չեն կրնար ապրիլ։ Հիմնական սպասումը այն էր, որ գիտութիւնը մարդոց կեանքը դիւրացնէ. գիտութիւնը կարեւոր էր 1920-ական թուականներուն ապրող մարդուն համար. կարեւոր է նաեւ այսօր մեզի համար… սակայն, հետեւանքը յստակ է. գիտութիւնը դրական է, սակայն, մենք այդ դրականով դէպի բացասական կեանք կ՚առաջնորդուինք:
•շարունակելի…
ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ
«…ինչպէս այն ալիքներն` որ տեսան այդ ազգերը իրենց ափանց վրայ, կը կորուսին խառնուին անկուշտ ծովուն մէջ, մինչդեռ իրենց աղբիւրներն անդադար կը բղխեն նոյն բարձրաւանդակներէն, այսպէս եւ ազգն Հայոց… հոն կը կենայ դեռ, մինչդեռ մէկ այլ ազգերն ոչնչացեր են ի վիրապն ժամանակի»։
ՂԵՒՈՆԴ ԱԼԻՇԱՆ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան