ԵՂԵՒԻՆՆԵՐՈՒ ՀԵՏՔԵՐՈՎ

Էտիրնէգաբուի գերեզմանատան մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ յատկանշական հանդիպում մը։ Այսպէս, Տատեան վարժարանի խումբ մը սաներ այցելեցին գերեզմանատուն, ուր տասն տարի առաջ տնկած էին եղեւիններ։ Տատեանի սաները ականատես եղան, թէ տասն տարուան ընթացքին ինչ վիճակի հասած էին՝ 2016 թուականին իրենց կողմէ տնկուած եղեւինները։ Այցելութեան մասնակցեցաւ նաեւ Տատեան վարժարանի տնօրէնուհի Երանուհի Պալճը։ Խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ, ի նշանաւորումն այս նոր այցելութեան, տատեանցիները խնձորենի մըն ալ տնկեցին գերեզմանատունէն ներս։

Մեր ազգայիններէն Արթօ Արման աշակերտներուն համար կազմակերպած էր նաեւ հիւրասիրութիւն, որու մթնոլորտին մէջ Տատեանի սաները վայելեցին իրարու անմիջականութիւնը։ Հուսկ, բոլորը ժամադրուեցան, որպէսզի հինգ տարի անց՝ 2031 թուականին վերստին այցելեն գերեզմանատուն՝ տեսնելու համար իրենց տնկած ծառերուն վիճակը։

Երկուշաբթի, Փետրուար 23, 2026