«ՈՄԱՆՔ»Ի ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՀԱՄԵՐԳԸ

«Ո­մանք» խում­բը նա­խըն­թաց օր ե­լոյ­թով մը հան­դէս ե­կաւ Գա­տը­գիւ­ղի քա­ղա­քա­պե­տու­թեան Եէլ­տե­ղիր­մէ­նիի գե­ղա­րուես­տի կեդ­րո­նին մէջ։ Խում­բը ե­րաժշ­տա­սէր­նե­րուն ներ­կա­յա­ցուց ամ­բող­ջու­թեամբ հա­յե­րէն եր­գե­րէ բաղ­կա­ցեալ ծրա­գիր մը։ Եր­գա­ցան­կը կ՚ընդգր­կէր հայ­կա­կան ժո­ղովր­դա­կան, հո­գե­ւոր կամ դա­սա­կան ե­րաժշ­տու­թե­նէն նմոյշ­ներ։ Ըն­թեր­ցուե­ցաւ նաեւ Դա­նիէլ Վա­րու­ժա­նի գոր­ծե­րէն մին։ Ե­րե­կոյ­թի տե­ւո­ղու­թեան «Ո­մանք»ին միա­ցան նաեւ Սա­յաթ Նո­վա երգ­չա­խում­բի խումբ մը ան­դամ­նե­րը։ Այս­պէ­սով հան­դի­սա­տես­նե­րը հնա­րա­ւո­րու­թիւն ու­նե­ցան ա­ւե­լի ճոխ ե­րաժշ­տու­թիւն մը ըմ­բոշխ­նել՝ ձեռ­նար­կի եզ­րա­փա­կիչ հանգ­րուա­նին։

«Ո­մանք» ընդ­հան­րա­պէս բա­ւա­կան մօտ կը կանգ­նի հայ­կա­կան ա­ւան­դա­կան ե­րաժշ­տու­թեան, սա­կայն ա­տեն-ա­տեն կը փոր­ձէ նաեւ ընդ­լայ­նել իր ծի­րը։ 

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 29, 2015