ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան նա­խըն­թաց օր հիւ­րըն­կա­լեց Կէ­տիկ­փա­շա­յի Ս. Յով­հան­նէս ե­կե­ղեց­ւոյ Զուարթ­նոց Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բի տնօ­րէն խոր­հուր­դին ան­դամ­նե­րը, ո­րոնց հետ էր նաեւ Դպրաց դա­սու նա­խա­գահ Տ. Զա­ւէն Քհնյ. Պը­չաք­ճեան։ Երգ­չա­խում­բի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, որ կը պատ­րաս­տուին յա­ռա­ջի­կայ Նո­յեմ­բե­րի 22-ին տօ­նախմ­բել ի­րենց տա­րե­դար­ձը՝ կրօ­նա­կան եւ աշ­խար­հիկ հան­դի­սու­թիւն­նե­րով։ Այս կա­պակ­ցու­թեամբ ա­նոնք խնդրե­ցին Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռին հո­վա­նա­ւո­րու­թիւ­նը։ Երգ­չա­խում­բի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը տե­ղե­կու­թիւն­ներ տուին նաեւ ի­րենց ներ­կայ գոր­ծու­նէու­թեան շուրջ։ Ա­նոնք մաս­նա­ւո­րա­պէս ե­րախ­տա­գի­տու­թեամբ ընդգ­ծե­ցին դպրաց դա­սու ե­րէց ան­դամ­նե­րու ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րը։ Եր­բեմ­նի հա­յա­հոծ Կէ­տիկ­փա­շա թա­ղի ե­կե­ղեց­ւոյ պայ­ծա­ռու­թեան հա­մար Զու­րաթ­նոց Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բի ամ­բողջ ըն­տա­նի­քը գեր­մարդ­կա­յին աշ­խա­տանք մը կը տա­նի բո­լոր ա­ռում­նե­րով։

Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դը ու­րա­խու­թիւն յայտ­նեց կէ­տիկ­փա­շա­ցի­նե­րուն հետ զրու­ցե­լու եւ իր տե­ղե­կու­թիւն­նե­րը թար­մաց­նե­լու այս հնա­րա­ւո­րու­թեան հա­մար։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը այժ­մէն շնոր­հա­ւո­րեց մօ­տա­լուտ տա­րե­դար­ձը եւ իր օրհ­նու­թիւն­նե­րը՝ բարձր գնա­հա­տանքն ու յա­րա­տե­ւու­թեան մաղ­թան­քը փո­խան­ցեց Զուարթ­նոց Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բի բո­լոր ան­դամ­նե­րուն։

Վեր­ջին օ­րե­րուն Գում­գա­բու այ­ցե­լե­ցին նաեւ Թոփ­գա­բուի Լե­ւոն-Վար­դու­հեան վար­ժա­րա­նի սա­նուց միու­թեան վար­չու­թեան ան­դամ­նե­րը։ Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դը այս առ­թիւ տե­սակ­ցե­ցաւ Ա­րաս Տե­միր­ճիօղ­լուի, Մե­լի­սա Թաշ­ճեա­նի, Ար­տա Հա­ճը­չո­լա­քեա­նի, Քո­զէթ Ա­ւա­նու­սի, Րաֆ­ֆի Վան­լեա­նի եւ ա­տե­նա­պե­տու­հի Նա­տին Վան­լօղ­լու-Թա­շի հետ։ Շրջա­նա­ւարտ­նե­րը ընդգ­ծե­ցին, թէ սա­նուց միու­թիւ­նը հաս­տա­տուած է զօ­րակ­ցե­լու հա­մար Լե­ւոն-Վար­դու­հեան վար­ժա­րա­նին եւ ար­դէն աս­տի­ճա­նա­բար կեան­քի կը կո­չէ իր ծրագ­րե­րը։ Ա­նոնք կը փոր­ձեն նաեւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան մթնո­լոր­տի մը մէջ գտնուիլ հա­մայն­քի զա­նա­զան մար­մին­նե­րուն հետ։ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան գնա­հա­տեց ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն այս նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը՝ ա­նոնց յղե­լով իր օրհ­նու­թիւն­ներն ու յա­ջո­ղու­թեան մաղ­թան­քը։

Միւս կող­մէ՝ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ըն­դու­նեց նաեւ Ա­լե­ւի մշա­կու­թա­յին միու­թիւն­նե­րու Պա­քըր­գիւ­ղի մաս­նա­ճիւ­ղի նա­խա­գահ Իս­մէթ Ապ­պա­սօղ­լուն, որ փա­փա­քած էր քա­ղա­քա­վա­րա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը տալ ի­րեն։ 

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 29, 2015