ԷՔԻՒՄԵՆԻՔ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ
2015 թուականի ոգեկոչումներուն շրջագծով, երէկ, Լոնտոնի մէջ տեղի ունեցաւ յատկանշական արարողութիւն մը։ Այսպէս, հայոց սրբադասեալ նահատակները ոգեկոչուեցան Ուեսթմինսթրեան աբբայութեան երդիքին տակ։ Պատմական սրբավայրի կամարներուն ներքեւ տեղի ունեցած էքումենիք ոգեկոչման միասնաբար հանդիսապետեցին Լոնտոնի Եպիսկոպոս Ռիչըրտ Չարթրըս եւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը։ Քոյր բազմաթիւ եկեղեցիներէ բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ եւս մասնակցեցան արարողութեան։ Ներկայ էին նաեւ Անգլիոյ արքունիքէն Ուելսի Արքայազն Չարլզ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան։
Լոնտոնի արարողութեան ընթացքին Վեհափառ Հայրապետի կողքին էին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան, Անգլիոյ Հայոց Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Յովակիմ Եպսկ. Մանուկեան, Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի տեսուչ Տ. Գարեգին Վրդ. Համբարձումեան եւ այլ հոգեւոր հայրեր։ Նախագահ Սերժ Սարգսեանին հետ էր Լոնտոնի մօտ Հայաստանի դեսպան Արմէն Սարգսեան, որ այս արարողութեան կազմակերպման ուղղութեամբ գործադրած էր լուրջ ջանքեր։
Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, հայոց սրբադասեալ նահատակներու անմահ հոգիներուն համար միջեկեղեցական այս աղօթքը հնչեց նաեւ որպէս հրաւէր բարի կամքի տէր բոլոր մարդոց, ազգերուն ու ժողովուրդներուն՝ միանալու արդարութեան հաստատման համար աղօթքին եւ իրենց ձայնը հնչեցնելու մարդկութեան դէմ մեծագոյն յանցագործութեան՝ ցեղասպանութեան դէմ պայքարին մէջ, աղօթելու աշխարհի վրայ խաղաղութեան հաստատման ու պահպանման ուղղութեամբ։
Ուեսթմինսթրեան աբբայութեան մէջ կազմակերպուած արարողութեան ընթացքին երգեցողութիւնները կատարուեցան Լոնտոնի Ս. Եղիշէ հայկական եկեղեցւոյ երգչախումբին կողմէ։ Այս առթիւ Վեհափառ Հայրապետը արարողութեան հոծ թիւով մասնակիցներուն փոխանցեց իր պատգամը։