Հասուն մօտեցում
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի կողմէ երէկ թերթիս մէջ լոյս տեսած լուսաբանութիւնը առարկայ դարձաւ համայնքային շրջանակներու անմիջական ուշադրութեան։ VADİP-ի վերջին ժողովին ընթացքին ան ունեցած էր ծաւալուն ելոյթ մը, որու ընթացքին տեսակէտներ յայտնած էր մեր կրթական համակարգի հրատապ խնդիրներուն շուրջ, այդ ամբողջին մէջ օրակարգի վրայ բերելով զանազան առաջարկներ, ժողովականներուն հետ բաժնելով ներկայ ծանր իրավիճակին եւ հաւանական հետեւանքներուն մասին դիտարկումներ եւ շարք մը վարժարաններու անուններն ալ տալով խորհրդածութիւններ ընելով։ Այս ամբողջին մէջ Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի պարագային արմատական մօտեցումներ արտայայտուած էին իր կողմէ եւ այդ խօսքերը լոյս տեսած էին թերթիս լրատուութեան մէջ։ Ահա այդ խօսքերուն մասին է, որ սրտբաց լուսաբանութիւնով մը հանդէս եկաւ Պետրոս Շիրինօղլու, որ փափաքեցաւ կանխել մեր կրթական կեանքին վերաբերեալ իր մօտեցումներուն շուրջ թիւրիմացութիւնները, նաեւ ունեցած ուժն ու համարձակութիւնը՝ իր ցաւը յայտնելու ենթականերու նկատառման։
Պետրոս Շիրինօղլու այս քայլով իսկապէս մնաց իր բարձրութեան վրայ եւ վարուեցաւ հասուն ու շինիչ համայնքային ղեկավարի մը մօտեցումով։ Իր քայլը ո՛չ միայն հասուն ու շինիչ էր, այլ նաեւ անկեղծ։ Ան այդ լուսաբանութիւնը չկատարեց առերեւոյթ, պարզ սրբագրութեան մը նպատակով։ Արդարեւ, Պետրոս Շիրինօղլու չէր կրնար Թոփգաբուի վարժարանի կամ այլ որեւէ վարժարանի պարագային ներդրուած միջոցները նկատել մսխում։ Պարզ պատճառը այն է, որ տարիներէ ի վեր ինքն իսկ կը փորձէ իր հսկայական նուիրատուութիւններով սատար հանդիսանալ մեր բոլոր վարժարաններու գոյատեւման։ Հետեւաբար, Շիրինօղլուի գործնական անկեղծութիւնը կու գայ նաեւ վերահաստատել համայնքի ապագային վերաբերեալ արտայայտած տեսլականին վաւերականութիւնը։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Օրակարգի նիւթերը
- 11/25/2024