ՇՈՒԷՏԻ ՄԷՋ ՕԾՈՒՄ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Շուէտի Սոտերթելի քաղաքին մէջ օծուեցաւ Ս. Մարիամ Աստուածածին եկեղեցին։ Արարողութեան հանդիսապետեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետ Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեան։ Այս եկեղեցին անցեալ տարուընէ ի վեր վերանորոգութեան մէջ կը գտնուէր, տեղւոյն համայնքի հաւատացեալներու հանգանակութեամբ եւ բարերարներու նուիրատուութեամբ։
Արարողութեան ներկայ գտնուեցան Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, Շուէտի խորհրդարանի փոխ-նախագահ Իզապէլ Տինկիզեան, Սթոքհոլմի մօտ Հայաստանի դեսպան Արտակ Ապիտոնեան, քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ, շուէտահայ համայնքէն դէմքեր եւ հաւատացեալներ։