Անուշ Թրուանց եւ Ալպերթ Խառատեան
Միջին Արեւելքի հոգեւոր առաջնորդները տարածքաշրջանի տագնապալի իրադրութեան մթնոլորտին մէջ անմիջական շփման մէջ կը մնան իրարու հետ։ Այսպէս, Ասորի Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ վանքին մէջ տեղի ունեցաւ հոգեւոր պետերու հանդիպում, որուն ներկայ էին Միջին Արեւելքի հոգեւոր պետերը եւ իրենց ներկայացուցիչները։ Յիշեալ հանդիպման նպատակն էր միասնաբար քննել Միջին Արեւելքէն ներս եկեղեցիներու դիմագրաւած հարցերը եւ որոնել զանոնք լուծելու կարելիութիւնները։
Իր խօսքին մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Կաթողիկոսը ընդհանուր ակնարկ մը նետելով շրջանէն ներս տեղի ունեցող զարգացումներուն եւ անոնց հետեւանքներուն եկեղեցիներու կեանքին ու առաքելութեան, շեշտեց հետեւեալ կէտերը.
ա) Առաջնահերթ կարեւորութիւն տալ եկեղեցիներու միութեան շեշտել գործակցութեան ճամբով, ինչպէս նաեւ քրիստոնէական վկայութեան նոր թափ տալով։ Այս ուղղութեամբ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու խորհուրդին դերը կենսական է։
բ) Յաճախ յիշեցնել մեր շրջապատին, թէ քրիստոնեայ եկեղեցիները կը պատկանին Միջին Արեւելքի պատմութեան ու մշակոյթին։ Հետեւաբար, անոնք համահաւասար քաղաքացիներ են իսլամներուն հետ, նո՛յն պարտաւորութիւններով ու իրաւունքներով։
գ) Յիշեցնել յատկապէս Արեւմտուքին, թէ շրջանէն ներս կրօնական, մշակութային ու ցեղային բազմազանութիւնը կարելի է պաշտպանել՝ մէկ կողմէն գործնապէս խիստ կեցուածք ճշդելով ծաւալող ծայրայեղականութեան ու ահաբեկչութեան դէմ, եւ միւս կողմէ՝ զանազան ծրագիրներու ճամբով օժանդակել քրիստոնեայ համայնքներուն վերակազմակերպման։
Հոգեւոր պետերու հանդիպումէն յետոյ, տեղի ունեցաւ 1915-ի ասորի նահատակներուն ձօնուած յուշարձանի բացումը, վանքի շրջափակէն ներս։