Կիներ 007-ի Շարժանկարներուն Մէջ
6 Նոյեմբերին կը սկսի ցուցադրուիլ Ճէյմս Պոնտի նոր շարժանկարը՝ «Սփեքթըր» (առաջին ցուցադրութիւնը տեղի ունեցաւ Բրիտանիոյ մէջ, 26 Սեպտեմբերին):
Համացանցի տարբեր կայքեր ամիսներէ ի վեր հարուստ են «Սփեքթըր»ի մասին նիւթերով:
Յատկանշական նորութիւնը այն է, որ իտալացի դերասանուհի Մոնիքա Պելուչի 51 տարեկանին դարձած է Պոնտի շարժանկարներու ամենէն տարեց հերոսուհին:
Արդարեւ, սքանչելի է, երբ նկատի առնենք ամբողջ պատմութիւնը շարժանկարներու, որոնց մեծամասնութիւնը կարծես թէ կը փորձեն ձեւացնել, որ կիները կը դադրին գոյութիւն ունենալէ, անգամ մը որ անցնին երեսունչորս տարեկանը:
Պոնտի շարժանկարներու շարքին մէջ, անշուշտ, առաջին կինը Ուրսուլա Անտրեսն էր, որ 1962-ին պատրաստուած «Տաքթըր Նօ»ին մէջ ծովէն ելաւ սպիտակ պիքինի հագած:
Այդ օրերուն 20-ամեայ Ուրսուլա Անտրեսը Պոնտի կիներու չափանիշ ճշդեց կարծես… «Տաքթըր Նօ»ին մէջ իբրեւ Հոնի Ռայտըր՝ ան հաւասարապէս ցանկայարոյց, համարձակ եւ անկախ էր, եւ ասոնք զինք աւելի քաշողական դարձուցին:
Արդարեւ, ինքնաբաւ, միաժամանակ դիւրաբեկ ըլլալու այս հետաքրքրական խառնուրդն է, որ ըստ քննադատներու, շարժանկարի պատմութեան ամբողջ ընթացքին կը տարբերակէ Պոնտի աղջիկները՝ լրտեսական շարժանկարներու մէջ երեւցող աղջիկներու մեծամասնութենէն:
Կասկած չկայ, որ կին կերպարները, թիւով եօթանասունեօթ, Պոնտի շարժանկարներուն մէջ առանցքային դերակատարութիւն ունեցած են, սակայն երկար ատեն անոնք պարզապէս ան-ւանուած են «Պոնտի աղջիկներ», կարծես՝ 007-ի համար ժամանցի, զբաղումի առարկաներ ըլլային, այժմ շնորհիւ բեմադրիչ Սեմ Մենտեզի, անոնք կ՚ան-ւանուին՝ «Պոնտի կիներ»:
«Մինչ Ուրսուլա Անտերս կրնայ Պոնտի շարժանկարներու իգական նախատիպը ըլլալ, բազմաթիւ կիներ իրենց անհատականութիւնը դրոշմեցին 007-ի շարքին վրայ, որ ոչ միայն ընդարձակուեցաւ ժամանակաշրջանի եւ տարածքի, այլեւ ընկերային քաղաքականութեան առումներով:
Առաջին Պոնտը՝ Շոն Քոնըրի, հարցազրոյցի մը մէջ նշած էր, թէ ինք ոչ մէկ սխալ կը տեսնէ կին մը հարուածելու մէջ:
Ճիշդ է՝ կիներու հանդէպ ամբողջ մտայնութիւն մը, մօտեցում մը տարիներու ընթացքին փոխուած է, սակայն երեք տարի առաջ հրապարակուած «Սքայֆոլ»ին մէջ, անարգ ոճիրով մը Պոնտի ընկերուհիին սպանութիւնը մասնաւոր արձագանգի չ՚արժանանար 007-ի կողմէ: «Սքայֆոլ»ի վերջաւորութեան նաեւ կը սպաննուի՝ Պոնտի վերջին եօթ ժապաւէններուն մէջ Էմ.Այ.6 սպասարկութեան պետին դերը մարմնաւորող շարժապատկերի ապրող հսկան՝ Տիկին Ճուտի Տենչ, որ կարելի է միայն պատկերացնել իբրեւ անմահ մը թէ՛ կեանքի եւ թէ շարժապատկերի մէջ:
Ութսունամեայ Տիկին Ճուտի Տենչ անցեալ տարի հարցազրոյցի մը ընթացքին բացայայտեց, որ լացած է, երբ Պոնտի շարժապատկերներու արտադրիչները ըսած են իրեն, որ Էմ.Այ.6 սպասարկութեան պետը «Սքայֆոլ»ին մէջ կը սպաննուի եւ ինք այլեւս դեր չունի:
«Ինծի նրբօրէն ըսին, եւ ես խնդացի արցունքներուս ընդմէջէն: Հանգուցեալ ամուսինս (դերասան Մայքըլ Ուիլիամս) քաջալերած էր զիս, որպէսզի ընդունիմ Պոնտի ժապաւէններուն մասնակցիլը: Ան կ՚ուզէր ապրիլ Պոնտի կնոջ մը հետ: Օ՜հ, Աստուած իմ…»:
Վստահաբար շարժապատկերներու այս շարքը տակաւին երկար տարիներ պիտի շարունակուի: Եւ մինչ մենք տարուէ տարի կը մեծնանք, աշխարհի ամենէն հռչակաւոր լրտեսը՝ Պոնտ, Ճէյմս Պոնտ պիտի մնայ նոյն տարիքին:
ՊՈՆՏ «ՆԵՐՇՆՉՈՂ»
Ճէյմս Պոնտ շարժապատկերներու շարքը աւելի քան յիսուն տարուան ընթացքին բազմաթիւ նիւթեր հայթայթած է հարիւրաւոր գիրքերու, պատկերասփիւռային հաղորդաշարներու, կատակերգական շարժապատկերներու, յօդուածներու, համացանցային խաղերու եւ անշուշտ՝ երգիծանկարներու:
007 շարժապատկերներու նիւթերը, դերասան-դերասանուհիները, բեմադրիչները յաճախ երգիծանքի առարկայ դարձած են, սակայն յիսուն տարի ետք տակաւին Ճէյմս Պոնտի շարժապատկերներու հմայքէն ոչինչ փոխուած է:
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՔՄԵՐԵԱՆ
Ընկերամշակութային
- 11/28/2024