ՀԱԼԷՊ ՇՈՒՆՉ ՄԸ ՔԱՇԵՑ ՊԱՇԱՐԵԱԼ ՎԻՃԱԿԷՆ ՎԵՐՋ
Սուրիոյ ներքին պատերազմի մթնոլորտին մէջ ծանրածանր պայմաններ կը վիճակին Հալէպի։ Պատերազմական ողբերգութեան զուգահեռ քաղաքն ու անոր բնակիչները յաճախակիօրէն դէմ յանդիման կը մնան աներեւակայելի դժուարութիւններու։ Վերջին օրերուն համայն աշխարհի ուշադրութիւնը վերստին կեդրոնացած էր Հալէպի վրայ, որ ամբողջ ութ օր լրիւ պաշարման օղակի մը մէջ մնացած էր։ Բարեբախտաբար, նախընթաց օր Հալէպ ձերբազատուեցաւ այդ կացութենէն։ Պաշարման օղակէ դուրս գալէ վերջ յարաբերաբար հանգիստ շունչ մը քաշած է Հալէպ քաղաքը։ Սուրիոյ բանակը ծանր մարտեր մղելէ վերջ յաջողած է իր հակակշռին տակ առնել Խանասէրի շրջանը. դէպի Հալէպ միակ ճանապարհին այն հատուածը, որ անցած էր զինեալներու տիրապետութեան տակ։ Պաշարման օրերուն Հալէպի մէջ մարդկային առումով շատ ծանր կացութիւն մը ստեղծուած էր, մինչ սնունդի եւ հիմնական կարիքներու սակագիները բարձրացած էին անհամեմատօրէն։
«Արեւելք» լրատուական կայքէջին կողմէ փոխանցուած վերոյիշեալ հաղորդումներէն վերջ, այս առաւօտ «Արմէնփրէս» գործակալութիւնն ալ տեղեկացուց, թէ ճանապարհի ազատագրումէն յետոյ արդէն առաջին բեռնատարները սկսած են հասնիլ Հալէպ։ Սուրիոյ բանակին կողմէ Ասիրէ-Խանասէր ճանապարհին ազատուիլը միեւնոյն ժամանակ հնարաւորութիւն ստեղծած է, որպէսզի վերստին սննդամթերք, բանջարեղէն, պարէն ու վառելանիւթ փոխադրուի դէպի Հալէպ։ Բեռնատարներուն առընթեր, մարդատար ինքնաշարժներն ալ արդէն սկսած են անվտանգ ձեւով հասնիլ Հալէպ։ Դամասկոսի ղեկավարութեան պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ յառաջիկայ օրերուն մեծաքանակ վառելանիւթ եւ սննդամթերք պիտի ուղարկուի դէպի Հալէպ։
Հալէպ-Խանասէր-Ասիրէ-Սալամիէ ճանապարհը ապահով ու բաց յայտարարուած է՝ Սուրիոյ բանակին կողմէ իրականացուած նաեւ ականազերծման աշխատանքներէն վերջ։