ՀՐՃՈՒԱՆՔ ԵՒ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Տատեան վարժարանի տնօրէնուհի Ալիս Պայրամն ու նախկին տնօրէնուհի Հերմինէ Պենլիօղլուն, որ ներկայիս կը համակարգէ Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ընկերամշակութային ծրագրերը։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին անոնք տեղեկացուցին, թէ Պաքըրգիւղի ընտանիքը կը պատրաստուի համայնքային շրջանակներուն ուղղեալ ծանօթացման ձեռնարկ մը կազմակերպել՝ Տատեան վարժարանի նոր շէնքին համար։ Ինչպէս հաղորդած էինք, Նոյեմբերի 21-ին, Պաքըրգիւղի ընտանիքը համայնքին համար նախատեսած է Տատեան վարժարանի նորակառոյց համալիրին դռները բանալ ծանօթացման նպատակով եւ հաւաքոյթը միեւնոյն ժամանակ առիթ մը պիտի ըլլայ մեծարելու, երախտագիտական զգացումներու առարկայ դարձնելու համար բարերարները։
Ալիս Պայրամ եւ Հերմինէ Պենլիօղլու երէկուան այցելութեան ընթացքին մեզի տեղեկացուցին, թէ ամէն ինչով արդէն փոխուած է Տատեան վարժարանի առօրեան։ Ֆիզիքական հնարաւորութիւններու ընդլայնումը Տատեանի ընտանիքին համար իր հետ բերած է նոր շունչ, թարմ եռանդ, աշխատանքի նոր կորով։ Երկար տասնամեակներ պատմական շէնքի թէեւ հաճելի, սակայն անխուսափելիօրէն սահմանափակ կարելիութիւններու մթնոլորտին մէջ աշխատելէ վերջ տատենացիները հիմա արդէն ունին նոր բոյն մը, որու կառուցումը ոչ միայն Պաքըրգիւղի ընտանիքին, այլ մեր ամբողջ համայնքին, պոլսահայ ամբողջ կրթական համակարգին տեսակէտէ նուաճում մը կը համարուի։ Պաքըրգիւղի ընտանիքին վարիչները այսօր երկար ու տքնաջան աշխատանքի, անձնուրաց զոհողութիւններու արգասիքը կը վայելեն եւ այս մթնոլորտին մէջ միակ անփոփոխը կը մնայ իրենց կէտ նպատակը՝ աւելի լաւ, բարձր որակով ու աւելի կատարեալ ուսում մը, հայեցի դաստիարակութիւն մը ջամբել մեր նոր սերունդին։
Պաքըրգիւղի ընտանիքը Տատեան վարժարանի նոր շէնքի պարագային հիմնական բացումը կատարած էր անցեալ վերամուտին։ Սա ամենանախընտրելի եւ ամենատրամաբանական ձեւն էր, անշուշտ, որովհետեւ նորակերտ կրթական համալիրէն ներս աշակերտին եւ կրթական մշակին մուտքը արդէն ոչինչով կարելի էր փոխարինել, որպէս բացման հանգրուան։ Թաղային խորհուրդը այդ փուլէն վերջ չէ փափաքած աւելի փարթամ ձեռնարկ մը կազմակերպել, քանի որ վերամուտի խորհուրդը լիուլի տօնական տրամադրութիւն ստեղծած էր նորակերտ դպրոցին մէջ։
Միւս կողմէ, սակայն, քանի որ այս ձեռքբերումը ունի նաեւ երախտագիտական երեսակ մը, Պաքըրգիւղի ընտանիքին վարիչները յարմար նկատած են համայնքին տեսակէտէ կարեւոր այս ձեռքբերումը արդարացնել մասնաւորապէս իրենց բարերարները մեծարելով։ Հիմա ուրեմն Տատեան պատմական վարժարանին առջեւ բացուած այս նոր հորիզոնին երջանկութեամբ համակուած՝ պաքըրգիւղցիները պիտի ողջունեն մեր համայնքային մարմիններուն վարչայիններն ու մեր բարերարները, որոնց աջակցութիւնը նախախնամական նշանակութիւն ունեցած է նոր կրթօճախի կերտման ճանապարհին։
Ալիս Պայրամ եւ Հերմինէ Պենլիօղլու երէկուան մեր զրոյցին ընթացքին տեղեկացուցին նաեւ, թէ բոլոր աշակերտներուն եւ իրենց ծնողներուն կողմէ դրական արձագանգ կ՚ունենան վարժարանի նոր մթնոլորտին եւ հնարաւորութիւններուն շուրջ։