ԹՈՐՈՆԹՈՅԻ ՄԷՋ ՀԱՄԵՐԳ

Գա­նա­տա­յի հե­ղի­նա­կա­ւոր George Weston recital հա­մեր­գաս­րա­հին մէջ վերջերս տե­ղի ու­նե­ցաւ Թո­րոն­թո­յի սիմ­ֆո­նիկ նո­ւա­գա­խում­բի «Մի՛ մոռ­նար զիս» խո­րագ­րով հա­մեր­գը՝ նո­ւի­րո­ւած 100-րդ ­տա­րե­լի­ցին: Նո­ւա­գա­խում­բին հետ ե­լոյթ ու­նե­ցաւ աշ­խար­հահռ­չակ սոփ­րա­նօ Յաս­միկ Պա­պեան ու ջու­թա­կա­հա­րու­հի Նու­նէ Մե­լի­քեան: Հա­մեր­գի ըն­թաց­քին հնչե­ցին հայ եր­գա­հան­նե­րու՝ Ե­դո­ւարդ Միր­զո­յեա­նի, Ա­լեք­սանտր Յա­րու­թիւ­նեա­նի, Ա­րամ Խա­չատ­րեա­նի, Տիգ­րան Ման­սու­րեա­նի եւ Վա­չէ Շա­րա­ֆեա­նի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը: Ի դէպ, վեր­ջին եր­կու հե­ղի­նակ­նե­րուն ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը Գա­նա­տա­յի մէջ կա­տա­րո­ւած են ա­ռա­ջին ան­գամ: Նո­ւա­գա­խում­բը ղե­կա­վա­րած է Նու­րան Ար­ման:

Միւս կող­մէ, Ապ­րի­լի 22-ին Թո­րոն­թօ քա­ղա­քին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ 100-րդ ­տա­րե­լի­ցի մշա­կու­թա­յին ձեռ­նարկ: Հայ հան­րա­յայտ խմբա­վար Փի­թըր Ուն­ճեա­նի ղե­կա­վա­րած Թո­րոն­թո­յի սիմ­ֆո­նիկ նո­ւա­գա­խում­բի «Ա­րա­րատ. Հա­յաս­տա­նի ե­րաժշ­տու­թիւն» խո­րագ­րով հա­մեր­գին որ­պէս մե­նա­կա­տար­ներ հան­դէս ե­կան աշ­խար­հահռ­չակ ջու­թա­կա­հար Սէր­կէյ Խա­չատ­րեան ու սոփ­րա­նօ Ի­զա­պէլ Պայ­րաք­տա­րեան: Հնչե­ցին Ա­րամ Խա­չատ­րեա­նի, Կո­մի­տա­սի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը, կա­տա­րո­ւե­ցաւ Ա­տոմ Է­կո­յեա­նի «Ա­րա­րատ» գե­ղա­րո­ւես­տա­կան ֆիլ­մին ե­րաժշ­տու­թիւ­նը: Հիւ­րե­րու շար­քին էին ինչ­պէս դես­պա­նու­թեան անձ­նա­կազմն ու հայ հա­մայն­քի ստո­ւար զան­գո­ւա­ծը, այն­պէս ալ Թո­րոն­թո­յի տե­ղա­կան մար­մին­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, Գա­նա­տա­յի խղճի ա­զա­տու­թեան գրա­սե­նեա­կի տնօ­րէն, դես­պան Էնտ­րիւ Պեն­նեթթ:

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 10, 2015