Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան Վարժարանին Մէջ Սրբոց Թարգմանչաց Տօնակատարութիւն

Ֆէ­րի­գիւ­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նին մէջ վեր­ջերս տե­ղի ու­նե­ցաւ Ս. Թարգ­ման­չաց տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն մը։ Մշա­կոյ­թի շաբ­թուան շար­ժա­ռի­թով կազ­մա­կեր­պուած հան­դէ­սը մեծ ո­գե­ւո­րու­թիւն ստեղ­ծեց դպրո­ցէն ներս։ Յայ­տագ­րին շրջագ­ծով տղա­քը ներ­կա­յա­ցու­ցին թա­տե­րակ մը, ո­րով բա­ցատ­րե­ցին Թարգ­ման­չաց տօ­նին ի­մաս­տը։ Կա­տա­րուե­ցան ար­տա­սա­նու­թիւն­ներ ու ներ­կա­յա­ցուե­ցան զա­նա­զան պա­րեր։ Ման­կա­պար­տէ­զի փոք­րիկ­ներն ալ հան­դէս ե­կան խմբերգ­նե­րով։

Պաս­տա­ռի ցու­ցադ­րու­թեան մը մի­ջո­ցաւ ներ­կա­յա­ցուե­ցան՝ Թարգ­ման­չաց տօ­նին ու Մշա­կոյ­թի շաբ­թուան առ­թիւ տա­րուած դա­սա­րա­նա­յին աշ­խա­տանք­նե­րուն ար­դիւնք­նե­րը։ 

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 13, 2015