ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՀԱՍՏԱՏԵՑ ՍՈՒՐԲ ԳԵՂԱՐԴԻ ՈՒԽՏԻ ՕՐ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հայրապետական սրբատառ կոնդակով, Հայոց Եկեղեցւոյ հիմնադիրներուն՝ Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողիմէոս առաքեալներու տօնը հռչակուեցաւ Աստուածամուխ Սուրբ Գեղարդի ուխտի օր։ Այս տարի Ս. Գեղարդը Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճար պիտի իջեցուի Նոյեմբերի 28-ին եւ հնարաւորութիւն պիտի ընձեռուի ուխտաւորներուն երկրպագելու Սուրբ Նշանին եւ համբուրելու՝ հայց մատուցելու առ Աստուած, որպէսզի Տէրը հոգիի եւ մարմնի բժշկութիւն, հաւատքի ամրութիւն եւ արիութիւն շնորհէ անոնց։ Սուրբ Գեղարդը Մայր Տաճարի մէջ պիտի մնայ մինչեւ նոյն օրուան երեկոյեան ժամերը։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ կը պահուի համաքրիստոնէական սրբութիւններէն մին՝ Աստուածամուխ Սուրբ Գեղարդը, որով նաեւ կ՚օրհնուի Հայոց Եկեղեցւոյ Սրբալոյս Միւռոնը։ Սուրբ Գեղարդը այն նիզակի ծայրն է, որով հռոմէացի զօրավարը՝ Ղունկիանոս հարիւրապետը խոցեց Յիսուս Քրիստոսը խաչի վրայ։ Սուրբ Աւետարանը կը վկայէ. «Երբ եկան Յիսուսի մօտ եւ տեսան, որ ան արդէն մեռած էր, անոր սրունքները չկոտրեցին, այլ զինուորներէն մէկը տէգով խոցեց անոր կողերը, եւ իսկոյն արիւն եւ ջուր ելաւ» (Հռոմ. 19:33-34)։
Հայոց Եկեղեցւոյ սրբազան աւանդութեան համաձայն, տէրունի այս սրբութիւնը առաջին դարուն հայոց աշխարհ բերած է Քրիստոսի տասներկու աշակերտներէն Ս. Թադէոս առաքեալը։ Համաքրիստոնէական այդ սրբութիւնը դարեր շարունակ պահուած է պատմական Հայաստանի զանազան վանքերուն մէջ, իսկ ԺԳ. դարէն սկսեալ՝ Այրիվանքի մէջ, որ հետագային ի պատիւ Սուրբ Գեղարդի կոչուած է Գեղարդավանք։ ԺԸ. դարու երկրորդ կէսին Սուրբ Գեղարդը բերուած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին եւ ցայսօր կը պահուի համայն հայութեան հոգեւոր կեդրոնին մէջ։
Ըստ պատմական տեղեկութիւններու, Աստուածամուխ Սուրբ Գեղարդը իր հրաշագործ զօրութեամբ փարատած է հոգեւոր ու մարմնական հիւանդութիւններ։ Եւ այդ նպատակով՝ ԺԸ.-ԺԹ. դարերուն Սուրբ Գեղարդը քանի մը անգամ տարուած է Հայաստանի որոշ գաւառներ, նաեւ Վրաստանի մայրաքաղաքը՝ Թիֆլիզ։