ՈՍԿԻ ԱՇՆԱՆ ՓԱՅԼՈՒՆ ԽՐԱԽՃԱՆՔ
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի պարտէզին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ իսթանպուլահայ սանուց միութիւններու ոսկէ աշնան աւանդական հաւաքոյթը, որ ստեղծեց մեծ ոգեւորութիւն։ Մեր վարժարաններու սանուց միութեանց եւ հայրենակցական միութիւններուն մասնակցութեամբ կազմակերպուած այս ձեռնարկը բարձր տրամադրութեան մէջ համախմբեց բազմաթիւ երիտասարդներ, նաեւ երէց սերունդներ, որոնք զիրար ողջունեցին աշխատանքային նոր շրջանի մը ընդառաջ եւ ձմեռնամուտի հանգրուանին թարմացուցին իրենց հաղորդակցութիւնը։
Կազմակերպչական աշխատանքները համակարգած խումբին անունով ողջոյնի խօսք մը արտասանեց Գէորգ Սիմքէշեան, իսկ աւելի վերջ երաժշտական ճոխ յայտագրի մը զուգահեռ ոսկի աշնան այս խրախճանքին մասնակիցները ունեցան հաճելի ժամանց։ Անոնք պարեցին միասնաբար եւ համտեսեցին կրակարանի վրայ պատրաստուած աշնան հաւաքոյթներուն բնորոշ աւանդական համադամները։ Օրուան յայտագրին շրջագծով հանդէս եկաւ նաեւ «Արմատ» նուագախումբը, Նարօտ Տեմիրճիի մենակատարումներով։
Ներկաները հրաժեշտ առնելէ առաջ յառաջիկայ միութենական աշխատանքին համար իրարու մաղթեցին յաջողութիւն։