ԻՐԱՆԻ ՇՈՒՐՋ ՍՊԱՍՈՒՄՆԵՐ

Թեհ­րա­նի մէջ վեր­ջերս կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ Հա­յաս­տան-Ի­րան գոր­ծա­րար հա­մա­ժո­ղով մը, ո­րու ըն­թաց­քին շեշ­տուե­ցաւ, թէ եր­կու եր­կիր­նե­րու ա­ռեւտ­րաշր­ջա­նա­ռու­թեան ծա­ւա­լը կա­րե­լի է հասց­նել 1 մի­լիառ ա­մե­րի­կեան տո­լա­րի։ Այս գոր­ծա­րար հա­մա­ժո­ղո­վը կազ­մա­կեր­պուած էր Թեհ­րա­նի մօտ Հա­յաս­տա­նի դես­պա­նու­թեան եւ Ի­րա­նի Ա­ռեւ­տու­րի, ար­դիւ­նա­բե­րու­թեան հան­քե­րու եւ գիւ­ղատն­տե­սու­թեան պա­լա­տին կող­մէ։ Ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին ե­լոյթ­նե­րով հան­դէս ե­կան Հա­յաս­տա­նէն շարք մը բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­տար­ներ, Տնտե­սու­թեան նա­խա­րար Կա­րէն Ճշմա­րի­տեա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ։

Միւս  կող­մէ, Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան Ի­րա­նի գծով գրա­սե­նեա­կի տնօ­րէն Սթիվ Ֆե­ճին վեր­ջերս այ­ցե­լեց Ատր­պէյ­ճան։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, ԱՄՆ-ի պե­տա­կան քար­տու­ղա­րու­թեան պաշ­տօ­նա­տա­րը Պա­քուի մէջ ու­նե­ցաւ շարք մը հան­դի­պում­ներ, ո­րոնց ըն­թաց­քին օ­րա­կար­գի վրայ ե­կան տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին հար­ցեր։ 

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 17, 2015