Շարլ Ազնաւուր Արժանացաւ Պելժիոյի Թագի Շքանշանի Ասպետի Կոչումին
Ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուր այլեւս Պելժիոյ Թագի շքանշանի ասպետ է (Commandeur de l’Ordre de la Couronne): «Արմէնփրէս» գործակալութեան հաղորդմամբ, Ազնաւուր կոչման արժանացած է Նոյեմբերի 16-ին, Պրիւքսէլի Egmont Palace-ի մէջ:
Շարլ Ազնաւուր շնորհակալութիւն յայտնած է իշխանութիւններուն Պելժիոյ, ուր ան միշտ ունեցած է հիասքանչ հանդիսատես: Արարողութեան ընթացքին մասնակիցները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգած են Փարիզի ահաբեկչութեան հետեւանքով զոհուածներուն յիշատակը:
Իր կարգին, Պելժիոյ Արտաքին գործոց նախարար Տիտիէ Ռէյնթըր խօսած է արուեստագէտին բարձր յատկանիշներուն մասին: Ան անդրադառնալով Ազնաւուրի` Պելժիոյ Թագի շքանշանի ասպետ դառնալու փաստին, շեշտած է, որ հայկական ծագում ունեցող երգիչը կը պայքարի իր ազգին համար:
Բաց աստի, 91-ամեայ երգիչը Պրիւքսէլի Forest National սրահին մէջ երգեց պելժիացի իր հանդիսատեսին համար:
Միւս կողմէ, Թագի շքանշանը Պելժիոյ արքայական պետական պարգեւն է: Անիկա ստեղծուած է 1897 թուականին: