ՅԻՇԵԼՈՎ ՄԱՐՔ ԱՐԵԱՆԸ…
Մարք Արեան: Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ ոչ այնքան փառաբանուած անուն մը, որ կենդանութեան օրօք չէ ստացած իր տաղանդին արժանի մեծարանքը եւ սկսած է իր գնահատանքն ու արժէքը ստանալ մեր օրերուն: Մարք Արեանի անունը երկար ժամանակ պարուրուած է խորհրդաւորութեան քօղով: Անոր անձի, կեանքի եւ գործունէութեան շուրջ կար խորհրդաւոր քօղ մը, որ քիչեր կրցան պատռել եւ ի վերջոյ հասկնալ, թէ ո՛վ է Մարք Արեան, տաղանդաւոր արուեստագէտը՝ երաժիշտ, երգահան, երգիչ, բանաստեղծ եւ շատ իւրայատուկ հայ:
Մարք Արեան՝ իսկական անունով Անրի Մարքարեան, ծնած է 1926 թուականին, Ֆրանսայի Վալանս քաղաքը: Երկար ժամանակ անոր ծննդեան թուական կը նշէին 1935 թուականը, սակայն իր գերեզմանաքարին վրայ գրուած թուականը՝ 1926-ը, եկած է սրբագրելու այդ վրիպակը: Պելժիա, Օհայն թաղուած է ֆրանսահայ տաղանդաւոր երաժիշտը, իսկ ան մահացած է 30 Նոյեմբեր, 1985 թուականին:
1960-70-ականներուն Մարք Արեան նշանաւոր էր ոչ միայն Եւրոպայի մէջ, ուր ան յաճախակի համերգներ կ՚ունենար, այլ՝ նաեւ՝ Հայաստան, ուր իր երգերը կը հնչէին երիտասարդներու շուրթերէն, անոր ձայնագրութիւնները ձեռքէ ձեռք կ՚անցնէին, մինչ այն օրը, երբ հայ երիտասարդութիւնը նոյնպէս առիթ ունեցաւ մօտէն լսելու Մարք Արեանը: 1968 թուականին Մարք Արեան համերգ մը սարքած է Երեւանի մէջ եւ Հանրապետական մարզադաշտը (որ այժմ կը կրէ Վազգէն Սարգսեանի անունը) լեցուած է հազարաւոր երաժշտասէրներով: Հայ հանրութիւնը մօտէն ունկնդրած է Շարլ Ազնաւուրէն ետք այդ տարիներու ամենէն յայտնի հայ երգչին: Մարք Արեանի փառքի շրջանը մօտ տասը տարի տեւած է, այնուհետեւ երգիչը լուռ հեռացած է ասպարէզէն: Այդ հեռացումի մասին կան զանազան վարկածներ, որոնցմէ ամենաշատ շրջանառուող տարբերակը այն է, թէ երգիչին որոշ շրջանակներէ ճնշած են անոր նշանաւոր «Իսթանպուլ» երգին համար: Մինչդեռ «Իսթանպուլ» երգը, որ մինչեւ հիմա ալ սիրուած երգ մըն է, քաղաքական ոչ մէկ ենթատեքստ ունի: Այն երգ մըն է սիրոյ մասին:
Մէկ այլ վարկածով՝ աստղի մարումը կ՚առընչուի այն հանգամանքին հետ, որ Մարք Արեան, իր ունեցած երկրպագուներու թիւով, հեռանկարով եւ ի վերջոյ, տաղանդով, գերազանցած էր ֆրանսական շանսոնի մեծ հսկաներու, օրինակ՝ Շարլ Ազնաւուր, Ճոնի Հոլիտէյ, Ժաք Պրել, Սալվատորէ Ատամօ, Միրէյ Մաթիէօ, Ճօ Տասէն, եւ կրկին, ենթարկուելով ճնշումներու, լուռ հեռացած է ասպարէզէն:
1968 թուականին Խորհրդային Միութեան տարածքին երեսունօրեայ համերգային շրջագայութիւն ունեցած է Մարք Արեան: Ան բազմաթիւ համերգներ տուած էր Խորհրդային Միութեան բոլոր հանրապետութիւններուն մէջ, սակայն այն համերգները, որ ան պէտք է ունենար Հայաստանի մէջ, իրեն համար ամենակարեւորն ու յուզականն էին: Մարք Արեան, ինչպէս հետագային գրած է, հայաստանեան համերգներուն պատրաստուած էր երկար, ան իր հետ տարած էր Եւրոպայի լաւագոյն ձայնային մասնագէտները, սարքաւորումները: Իսկ Երեւանն ալ իր կարգին պատրաստուած էր ընդունելու այդ ժամանակներու հայ աստղը: Շատեր, այսօր ալ, կարօտով կը յիշեն հեռաւոր 1968 թուականի այդ համերգները, Մարք Արեանի՝ արդէն համացանցի մէջ մեծ տարածում գտած երգերը կ՚ունկնդրեն՝ յիշելով իրենց երիտասարդութիւնը եւ անցեալէն պատառիկ մը կը վերադարձնեն՝ Մարք Արեանի իւրայատուկ ու դիւթիչ ձայնի միջոցաւ: Ան առաջին երգիչը եղած է, որ երգած է Հանրապետական մարզադաշտի մէջ՝ երեսուն հազար հանդիսականի առջեւ: Մաք Արեան երգած է հայերէն եւ ֆրանսերէն երգեր: Ան հրաշալի տիրապետած է հայերէնին, գրած եւ կարդացած է մայրենի լեզուով, բայց իր ստեղծագործական լեզուն, անշուշտ, ֆրանսերէնն էր:
1969 թուականին, երեւանեան համերգներէն յետոյ, Մարք Արեան թողարկած է հայերէն երգերով ձայնասկաւառակ «Իմ սպիտակ սարեր» անուանուամբ: Սկաւառակի կողքին վրայ գրուած է «Ես գիտեմ» եւ «Երեւան» երգերու անունները: Բառերը եւ երաժշտութիւնը՝ Մարք Արեանի մակագրութեամբ: Այստեղ պէտք է նշել, որ Մարկ Արեանը իր բոլոր երգերու բառերու եւ երաժշտութեան հեղինակն է, բացառութեամբ, «Երեւան» երգին, որու բառերու հեղինակը Թամարա Դեմուրեանն է, երաժշտութիւնը Մարք Արեան յօրինած է:
Մարք Արեան ծնած է Գէորգ եւ Վարդանոյշ Մարգարեաններու ընտանիքին մէջ: Անոնք 1915-էն ետք գաղթած են Սուրիա, այնուհետեւ՝ Լիբանան, ուրկէ Ֆրանսա գացած եւ ունեցած են իրենց երրորդ որդին: Ծնողքը որոշած են անպայման հայկական անունով կնքել իրենց զաւակը եւ կոչած են Յարութիւն (Հենրի): Հետագային ան իր մականունը բաժնած է երկու մասի եւ իրեն համար դարձուցած է արուեստի անուն մը: Ան Մարգարեան ընտանիքի եօթ երախաներէն երրորդն էր: Երկուքը մահացան են վաղ տարիքին, եւ մնացած են երեք քոյր՝ Անահիտը, Ժանինը, Տոմինիքը եւ եղբայրը՝ Ժաքը:
1936 թուականին Մարկք Արեանի հայրը, հաւաքելով իր բոլոր միջոցները գնած է փոքրիկ ջրաղաց մը Վալանսի արուարձանին մէջ եւ սկսած է արտադրել արեւելեան խմորեղէն՝ հացահատիկային մթերքի տեսակներէ: Ան հիմնած է նաեւ «ՄԱՐՔԱԼ» ձեռնարկութիւնը, որ ութսուն տարի անց տակաւին գոյութիւն ունի: Մեծ երաժիշտի հարազատներու ժառանգներուն պատկանող ձեռնարկութիւնը այսօր արդէն մեծ ընկերութիւն մըն է եւ մասնագիտացած է բնապահպանական մաքուր սնունդի արտադրութեամբ:
Վաղ երիտասարդ տարիքին Մարք Արեան ծանր հիւանդացած է, բարդ վիրահատութենէ ետք երեք տարի բուժուած է մասնաւոր հիւանդանոցներու մէջ եւ քսանմէկ տարեկանին տուն դարձած է առողջ՝ յստակ որոշումով մը, որ պէտք է զբաղի երաժշտութեամբ: Մանուկ տարքին երաժշտական դպրոց չէր գացած, ինքնուրոյն կը սկսի սորվիլ սոլֆէժ, դաշնամուր եւ այն ամէնը, ինչ որ անհրաժեշտ էր երաժիշտի մը համար: Երեք տարի շարունակ կ՚աշխատէր օրական տասներկու ժամ, երբեմն՝ տասնվեց: Երեք տարի վերջ ան զարմանք պատճառած է բոլորին՝ նուագելով Պեթհովէնի բարդ գործերէն մին:
Քսանհինգ տարեկանին հայրը զինք կը նշանակէ ընտանեկան զարգացող ձեռնարկութեան կառավարիչ: Հակառակելով իր սրտին, սակայն ոչ՝ հօրը, ան կը ստանձնէ այդ պատասխանատուութիւնը եւ շատ արագ կը դրսեւորէ նաեւ գործարարութեան մէջ եղած իր տաղանդը, ընկերութիւնը յառաջ կ՚ընթանայ: Այնուհետեւ, Վալանսի մէջ կը բանայ երաժշտական խանութ մը, որ նոյնպէս հանրածանօթ անուն կը դառնայ եւ կը տարածուի Վալանսի մէջ՝ նոյն անունով քանի մը խանութներու միջոցաւ: Մարք Արեան օր մը անսպասելի որոշում մը կ՚առնէ եւ կը վաճառէ յաջող ընթացող գործը եւ կը տեղափոխուի Փարիզ, ուր կը գնէ բնակարան եւ վերջնական կ՚որոշէ զբաղիլ միայն երաժշտութեամբ: Իբրեւ սկսնակ երաժիշտ, կը բախէ բոլոր դռները, սակայն կը մերժուի: Ան չի վհատիր, եւ քանի որ ոչ ոք կը համաձայնէր երգել անծանօթ երգիչի մը երգերը, ան կ՚որոշէ ինք երգել: Փարիզի մէջ Մարք Արեան կը հիմնէ սեփական ձայնագրման սթուտիոն եւ զայն կ՚անուանէ «Մալաթիա»: Այդ սթուտիոյին մէջ ալ կը թողարկէ սեփական «Մարքալ» ապրանքանիշով ձայնասկաւառակներ: 1963 թուականին Մարք Արեանի քոյրերէն մին կ՚ամուսնանայ պելժիացիի մը հետ։ Անոնք համատեղ ձեռք կը ձգեն գիշերային ակումբ մը՝ պելժիական ծովափին:
1963 թուականի Օգոստոսին Պելժիոյ բոլոր ակումբներու մէջ Մարք Արեանի սկաւառակը կը պտըտէր: Մի քանի ամսուան ընթացքին Մարք Արեանի երգերը դարձած են երիտասարդութեան սիրելին: Ան հանրածանօթ անուն դարձած է Պելժիոյ մէջ, ու սկսած է իր աստղային կեանքը:
1963 թուականի վերջերուն Մարք Արեան իր ապրանքանիշով պայմանագիր կնքած է խոշոր երաժշտական «Կրամոֆոն» ընկերութեան հետ: Յաջորդ տարին թողարկած է երկու ձայնասկաւառակ: «Եթե ես ըլլայի արքայի որդին» երգը Հոլանտայի մէջ դարձած է յառաջատար եւ մէկ շաբթուան ընթացքին այնտեղ վաճառուած է աւելի քան տասներկու հազար սկաւառակ: Մարք Արեան հիմնած է նաեւ սեփական երաժշտական արտադրական ընկերութիւնը եւ սկսած է զբաղիլ նաեւ այլ երաժիշտներու համար ասպարէզ բանալով:
1964 թուականի ամրան Մարք Արեան պայմանագիր կը կնքէ լիբանանեան «ԼՍԴ» ընկերութեան հետ՝ Լիբանանի մէջ թողարկելու համար սկաւառակները: Կարճ ժամանակահատուածին մինչ այդ թողարկուած բոլոր երեք սկաւառակները մեծ պահանջարկ կ՚ունենան Լիբանանի մէջ: Անոր «Քեթի» եւ «Դու ես իմ սրտի…» երգերը Արեւելքի մէջ վաթսունականներուն լսուած են բազմաթիւ միլիոն անգամներ:
1966 թուականին Մարք Արեան արդէն ունէր միջազգային համբաւ: Ան համերգներով հանդէս գալու պայմանագիր ունէր տասնհինգ երկիրներու հետ: Թուրքիոյ մէջ շրջագայութեան ժամանակ իր համերգներուն վաճառուած է աւելի քան ութսուն հազար տոմսակ: Իսթանպուլի փողոցներու մէջ զբօսնելէ ետք ան ներշնչուած եւ գրած է «Իսթանպուլ» նշանաւոր երգը, որ բազմաթիւ քննարկումներու նիւթ դարձած է հայ գործիչներու շրջանակներու մէջ, եւ հաւանաբար հետագային եղած է երգիչի ընկճուածութեան պատճառը: Սակայն երգը զուտ քնարական երգ մըն է՝ օժտուած բարձր արուեստի սկզբունքներով:
Իսթանպուլ, Իսթանպուլ
Մտքովս յաճախ կ՚անցնին
Քու մզկիթներդ ու երկար մինարէթներդ
Որոնք կը նային դէպի երկինք :
Իսթանթուլ, յաճախ երազիս քեզ կը տեսնեմ
Վոսփորի կապոյտ աչքերը,
Ուր կ՚երեւի կերպար մը՝ շատ սիրելի
Ես ձգեցի քու պատերուդ մէջ,
Աղջիկ մը՝ անարատ սրտով,
Աղջիկ մը, ում սիրեցի ես
Որ գեղեցիկ է, ինչպէս պոէմը:
Ֆրանսերէնով գրուած այս սքանչելի բանաստեղծութիւնը իր սքանչելի երաժշտութեամբ 2009 թուականին ընդգրկուած է «Երգեր Իսթանպուլի համար» խորագրեալ ձայնասկաւառակին մէջ, որ թողարկուած է Թուրքիոյ մէջ եւ ամփոփած է բոլոր այն նշանաւոր երգերը, որոնք գրուած են Իսթանպուլի մասին:
Մարք Արեան Թուրքիոյ մէջ եղած է երեք անգամ, տասը օրով, զինք Թուրքիա հրաւիրած են տեղւոյն հայ համայնքի ազդեցիկ դէմքերը: Ան Շահի հրաւէրով այցելած է նաեւ Իրան, սակայն վատառողջ ըլլալու պատճառով համերգը յետաձգուած է: Շահը ուղարկած է իր անձնական բժիշկը եւ շուտով, ապաքինելէ յետոյ ան համերգ տուած է Շահի ներկայութեամբ:
1968 թուականին թողարկուած է Մարք Արեանի տասներորդ ալպոմը, նոյն տարին կը թողարկի երկու ալպոմ եւս: 1970-ականներու կէսերէն մինչեւ իր մահը՝ Մարք Արեան արդէն գործօն երաժշտական կեանքով չէ զբաղած, հակառակ որ ստեղծագործական ծաղկուն տարիքի մէջ էր: Անոր աստղը մարած է բոլորի համար անհասկանալի պատճառներով: Մահացած է յիսունինն տարեկանին՝ Պելժիոյ իր տանը մէջ:
Այսօր, իր մահուան 30-ամեակին առթիւ կ՚արժէ անգամ մը եւս յիշել համաշխարհային փառք վայելած եւ իր արժանի տեղը չգտած Մարք Արեանը՝ հայ մեծ արուեստագէտը:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ընկերամշակութային
- 11/28/2024