ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՄԱՆՈՐԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ
Մխիթարեան սանուց միութեան հաւաքատեղիին մէջ շաբաթավերջին սկսան Ամանորի պատրաստութիւնները։ Թէեւ տակաւին շուրջ մէկուկէս ամսուան ժամանակ մը կայ Նոր Տարին դիմաւորելու համար, սակայն ատենապետ Վարդան Պալմումճեանի կողմէ գլխաւորուած վարչութիւնը այժմէն շարժման անցած է այս տարի եւս կեանքի կոչելու համար «Հինգ հարիւր ծիծղուն աչք» ծրագիրը։ Սա 12-րդ տարին է, որ Մխիթարեան սանուց միութիւնը կ՚իրականացնէ Ամանորի բնորոշ այս եզակի նախագիծը, որու շնորհիւ մեր համայնքի ամենահամեստ խաւերէն փոքրիկներ կ՚ապրին տօնական հրճուանքը, հաղորդ կը դառնան մեր աւանդութիւններուն ու մանաւանդ կը զգան, որ մեր ժողովուրդը հարազատի վերաբերմունք ունի իրենց նկատմամբ։
Մխիթարեան սանուց միութեան մէջ զարդարուած տօնածառին վրայ արդէն կախուած են «Հինգ հարիւր ծիծղուն աչք» ծրագրին մէջ ընդգրկուած վարժարաններու սաներուն կողմէ Կաղանդ պապուկին հասցէագրուած նամակները, որոնց մէջ անոնք նշած են Ամանորի առթիւ իրենց փափաքած նուէրները։ Միութեան վարչութիւնը այս հանգրուանին կոչ կ՚ուղղէ, որպէսզի կամաւորները բացի Կիրակիէն եւ Երկուշաբթիէն ամէն օր ժամը՝ 14.00-20.00-ին այցելելով վերահասու դառնան նամակներու բովանդակութեան եւ իրենց բաժինը բերեն՝ որպէսզի փոքրիկներուն ամանորեան փափաքները իրականանան։ Մխիթարեան սանուց միութեան վարչութիւնը երկար տարիներէ ի վեր կուտակած է փորձառութիւն, որպէսզի բոլոր միջոցները համակարգէ՝ փոքրիկներուն փափաքները իրականացնելու ճանապարհին։ Այս տարի եւս մխիթարեանցիները արդէն աշխատանքի ձեռնարկած են՝ որպէսզի այդ նուէրները ապահովեն եւ Դեկտեմբերի վերջաւորութեան պատկան վարժարանները մի առ մի շրջելով՝ Կաղանդ պապուկին ձեռամբ զանոնք բաժնեն փոքրիկներուն։
«Հինգ հարիւր ծիծղուն աչք» ծրագրին մէջ այս տարի ընդգրկուած են՝ Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանը, Պէզճեան մայր վարժարանը, Գալֆաեան տունը, «Հրանդ Տինք» վարժարանը, Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն վարժարանը եւ Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանը։