ՅԱՒԵՐԺՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏՔԵՐ
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ դէպի Լեռնային Ղարաբաղ կատարուած աշխատանքային այցելութեան շրջագծով շաբաթավերջին ապրուեցաւ յատկանշական իրադարձութիւն մը։ Այսպէս, Արցախի մէջ հանդիսաւորապէս կատարուեցաւ պաշտօնական բացումը նոր մատենադարանի մը, որ հաստատուած է Գանձասարի վանքի համալիրէն ներս։ Այս մէկը Երեւանի Մատենադարանի Արցախի մասնաշէնքն է։ Գիտամշակութային կեդրոնը կը բաղկանայ երկու մասէ. թանգարանային ու գիտական։ Գիտաժողովներու, մշակութային զանազան ձեռնարկներ իրականացնելու յարմարութեամբ դահլիճ մը, գրադարան մը եւ ընթերցասրահ մըն ալ կ՚ընդգրկէ համալիրը։ Նորաբաց ցուցասրահներուն մէջ ներկայացուած են Արցախէ ներս վաղ միջնադարէն մինչեւ նոր շրջան ստեղծուած աւելի քան հարիւր ձեռագրեր, Արցախի պատմութեան վերաբերեալ հազուագիւտ վաւերագրերու բնագրեր եւ ընդօրինակութիւններ, ինչպէս նաեւ հնատիպ գիրքեր։ Ցուցանմոյշներու գոյացման աշխատանքները սկսած են եօթ տարի առաջ եւ պատասխանատուներու հաւաստիացումով պիտի ունենան շարունակական բնոյթ։
Բացման արարողութեան բերումով տեղի ունեցաւ Մատենադարանի գիտաշխատողներու «Արցախի մանրանկարչական արուեստը» եւ «Արցախի գրչութեան կեդրոնները» գիրքերու շնորհանդէսը։ Գանձասարի գիտամշակութային կեդրոնի բացման առթիւ Սերժ Սարգսեան նուիրեց 12-13-րդ դարերու Կիւլիստանի Աւետարանը։
Մատենադարանի շէնքը հիմնանորոգուած է «Փիւնիկ» համահայկական հիմնադրամի միջոցներով։ Այս մասնաճիւղը պիտի գործէ Երեւանի Մատենադարանի կառուցուածքին մէջ։
Սերժ Սարգսեանի եւ Արցախի Նախագահ Բակօ Սահակեանի առընթեր պաշտօնական բացման ներկայ գտնուեցան Հայաստանի Մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան, Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ նախագահ Ռադիկ Մարտիրոսեան, «Փիւնիկ» հիմնադրամի նախագահ Գաբրիէլ Չեմպէրճեան եւ այլ հիւրեր, որոնք շրջայցի ընթացքին տեղեկութիւններ ստացան Երեւանի Մատենադարանի տնօրէն Հրաչեայ Թամրազեանի կողմէ։ Արցախի նորահաստատ մատենադարանի օրհնութեան կարգին հանդիսապետեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի արարողակարգի բաժնի տնօրէն Տ. Նաթան Արքեպիսկոպոս Յովհաննիսեան, որու կողքին էին բարձրաստիճան եկեղեցականներ։