ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց շարք մը պաշտօնական հիւրեր։ Այսպէս Վեհափառ Հայրապետը տեսակցեցաւ Սերպիոյ Պաշտպանութեան նախարար Պրաթիսլաւ Կաշիչի հետ, որու կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Հայաստան։ Ներկայ էին Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ Դաւիթ Տօնոյեան, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան եւ հայկական զինեալ ուժերու հոգեւոր առաջնորդ Տ. Վրթանէս Եպսկ. Աբրահամեան։ Զրոյցի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը մաղթեց, որ հայ եւ սերպ զինուորները երբեք չպարտադրուին իրենց ձեռքը զէնք առնելու հայրենիքի պաշտպանութեան համար, այլ ըլլան իրենց ժողովուրդներու խաղաղ, անվտանգ ու բարօր կեանքի երաշխաւորը։ Զրոյցի տեւողութեան շօշափուեցան երկու երկիրներու բանակներէն ներս գործող հոգեւոր սպասաւորներու ծառայութեան եւ Հայաստանեայց Առաքելական ու Սերպ Ուղղափառ եկեղեցիներու ջերմ յարաբերութիւններուն վերաբերեալ նիւթեր։ Հիւր նախարարը Նորին Սրբութեան յանձնեց նաեւ յուշանուէր մը։
Վեհափառ Հայրապետը երէկ Մայր Աթոռի մէջ հիւրընկալեց նաեւ Երեւանի մօտ Եւրոմիութեան պատուիրակութեան նորընտիր ղեկավար դեսպան Փիոթր Սվիթալսքին։ Ողջունելով եւրոպացի դիւանագէտին այցելութիւնը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին՝ Նորին Սրբութիւնը անոր մաղթեց արգասաբեր գործունէութիւն։ Զրոյցի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը ներկայացուց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ պատմական կարեւոր առաքելութիւնն ու դերակատարութիւնը հայ ժողովուրդի կեանքէն ներս, անոր մշակոյթի եւ ինքնութեան պահպանման ուղղութեամբ։ Ան անդրադարձաւ նաեւ Հայ Եկեղեցւոյ յարաբերութիւններուն՝ քրիստոնէական քոյր եկեղեցիներուն հետ։
Իր կարգին, Սվիթալսքի անդրադարձաւ Հայաստանի մէջ իր առաքելութեան առաջնահերթութիւններուն՝ կարեւորելով Եւրոմիութեան հետ կապերու զարգացումն ու ամրապնդումը։ Զրոյցի ընթացքին շօշափուեցան Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ի նպաստ հոգեւոր առաջնորդներուն կողմէ գործադրուող ջանքերը, համընդհանուր հոգեւոր-բարոյական արժէքներու, այլ կրօններու եւ մշակոյթներու հանդէպ հայ ժողովուրդի հանդուրժողական վերաբերմունքը։
Նորին Սրբութիւնը երէկ տեսակցեցաւ նաեւ Երեւանի մօտ Իրանի նորանշանակ դեսպան Սէյիթ Քեազըմ Սաճիտիին հետ։ Ողջունելով դեսպանը՝ Վեհափառ Հայրապետը շնորհաւորեց իր նշանակումը ու մաղթեց արդիւնաշատ գործունէութիւն։ Իր խօսքին մէջ Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ հայ-իրանական դարաւոր փոխյարաբերութիւններուն եւ երկու երկիրներու ներկայ համագործակցութեան։ Ան գոհունակութիւն յայտնեց իրանահայ համայնքին նկատմամբ երկրի իշխանութիւններուն կողմէ ցուցաբերուող ուշադրութեան կապակցութեամբ։ Նորին Սրբութիւնը բարձր գնահատեց նաեւ հայկական մշակութային արժէքներուն եւ սրբութիւններուն նկատմամբ Իրանի մէջ որդեգրուած հոգածու վերաբերմունքը։
Իր կարգին, նորանշանակ դեսպանն ալ երկու ժողովուրդներու բարեկամական կապերու զարգացման տեսանկիւնէն կարեւորեց նաեւ միջկրօնական երկխօսութիւնը։