«ԼՈՒԻ ԺԴ. ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՄԷՋ»
Գատըգիւղի քաղաքապետութեան «Սիւրէյեա» օփերային մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ «Լուի ԺԴ. Իսթանպուլի մէջ» խորագրեալ պարոք համերգ մը, որ արժանացաւ երաժշտասէրներու անմիջական հետաքրքրութեան։ Իսթանպուլի Պետական օփերայի եւ պալէի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած երեկոյթին ընթացքին մեկնաբանուեցան երեք յայտնի հեղինակներու՝ Մարք-Անթուան Շարփանթիէի, Ժան-Պաթիստ Լիւլիի եւ Ժան-Ֆիլիփ Ռամոյի ստեղծագործութիւնները։ Այս համերգի ընթացքին թէ՛ նուագախումբը եւ թէ երգչախումբը ղեկավարեց Արտա Արտաշէս Ակօշեան։ Մեներգիչներու շարքին հանդէս եկաւ պարիթոն Գէորգ Դաւիթեան, որ ներկայիս միեւնոյն ժամանակ տնօրէնն ու գեղարուեստական ղեկավարն է Իսթանպուլի Պետական օփերայի եւ պալէի։
Ձեռնարկի ընթացքին մեծ ոգեւորութիւն ստեղծուեցաւ եւ սրահը ամբողջութեամբ լեցուցած երաժշտասէրները մեծ հաճոյքով ունկնդրեցին կատարումները։