ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ՄԻՋՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ ՏՕՆԱՎԱՃԱՌ. «ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԷՆ ԱՇԽԱՏԱՇՈՒԿԱՅ՝ ՄԷԿ ՔԱՅԼ»
Հայաստանի Երիտասարդական հիմնադրամը եւ Ազգային երկրագործութեան համալսարանը կազմակերպեցին երկրի երիտասարդութեան ուղղեալ հաւաքոյթ մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս մէկը աշխատանքի միջհամալսարանական տօնավաճառ մըն էր, որ իրականացուեցաւ «Համալսարանէն աշխատաշուկայ՝ մէկ քայլ» խորագրով։ Գործատուները առանձին տաղաւարներու մօտ ուսանողներուն, երիտասարդներուն տրամադրեցին իրենց ընկերութիւններուն վերաբերեալ նիւթեր, առաջարկուող աշխատանքներուն եւ տուեալ կազմակերպութեան անձնակազմային քաղաքականութեան վերաբերեալ բացատրութիւններով հանդերձ։
Հայաստանի Երիտասարդական հիմնադրամի հոգաբարձութիւններու խորհուրդի համակարգող Կարէն Աւագեան տեղեկացուց, թէ աշխատանքի տօնավաճառին շրջագծով աւելի քան վաթսուն կազմակերպութիւններ ներկայացուցած են իրենց թափուր աշխատատեղիները։
Նոյն տօնավաճառին շրջագծով կատարուեցան նաեւ շարք մը քննարկումներ ուշագրաւ նիւթերու շուրջ։ Այս ծիրին մէջ արծարծուեցան աշխատաշուկայէ ներս մրցունակ ըլլալու հիմնական կարողութիւնները, քարիէրի հեռանկարները եւ ապագայ գործարարի տեսլականով ուսանողները։