Երեքշաբթի 26, Նոյեմբեր 2024
ՉԱՎՈՒՇՕՂԼՈՒԻ ՊԱՔՈՒ ԱՅՑԸ
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու այսօր կ՚այցելէ Պաքու։ Սա նորանշական նախարարի առաջին արտասահմանեան այցելութիւնն է՝ Թուրքիոյ 64-րդ կառավարութեան կազմի հաստատումէն անմիջապէս վերջ։ Ան երեկոյեան ժամերուն կը հասնի Պաքու, ուր կը հիւրընկալուի Ատրպէյճանի ղեկավարութեան կողմէ։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով բանակցութիւններու ընթացքին կը քննարկուին տարածքաշրջանային համագործակցութեան հարցերը եւ երկկողմանի յարաբերութիւններուն ընթացքը։
Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 26, 2015