TRIO AETERNUS ՀԱՄԵՐԳՈՎ ՄԸ ՀԱՆԴԷՍ ԵԿԱՒ ՔԱՂԱՔԻՍ ՄԷՋ

Իս­թան­պու­լի Թէք­նիկ հա­մալ­սա­րա­նի Մաչ­քա­յի մաս­նա­ճիւ­ղի «Մուս­թա­ֆա Քե­մալ» դահ­լի­ճին մէջ ե­րէկ երե­կո­յեան տե­ղի ու­նե­ցաւ դա­սա­կան ե­րաժշ­տու­թեան հա­մերգ մը։ Իս­թան­պու­լի Թէք­նիկ հա­մալ­սա­րա­նի «Տքթ. Է­րօլ Իւ­չէր»  ե­րաժշ­տա­կան յա­ռա­ջա­ցեալ հետա­­զօ­տու­թիւն­նե­րու կեդ­րո­նին (MİAM) նա­խա­ձեռ­նութեամբ եւ Լիզ­պո­նի «Գա­լուստ Կիւլ­պէն­կեան» հիմնար­կին եւ «Ա­նա­տո­լու քիւլ­թիւր» ըն­կե­րու­թեան ա­ջակ­ցու­թեամբ կազ­մա­կերպուած էր այս ձեռ­նար­կը։

Ե­րե­կոյ­թի ըն­թաց­քին հան­դէս ե­կաւ Trio Aeternus խում­բը։ Եռ­եա­կի ան­դամ­նե­րը՝ Վա­րու­ժան Բար­թիկեան, Ա­լէք­սանտր Սթիուըրտ եւ Լիւք­ժան փայ­լուն յա­ջո­ղու­թեամբ գոր­ծադ­րե­ցին յայ­տա­գի­րը, ո­րուն մաս կը կազ­մէին Ռահ­մա­նի­նո­վի, Բա­բա­ջա­նեա­նի եւ Մենտել­սո­նի գոր­ծե­րը։ Հիւր ա­րուես­տա­գէտ­նե­րը մեկ­նա­բա­նե­ցին նաեւ Վա­րու­ժան Բար­թի­կեա­նի վե­րա­դաշնա­ւո­րու­մով «Սա­րը կեա­լին»ը։ Յայ­տագ­րի վեր­ջա­ւո­րու­թեան որ­պէս ա­նակն­կալ ա­նոնք ունկն­դիր­նե­րուն ներ­կա­յա­ցու­ցին «Իւս­կիւ­տա­րա կի­տէր ի­քէն» յայտ­նի ժո­ղովր­դա­կան եր­գը։

Ե­րե­կոյ­թի հան­դի­սա­վարն էր ե­րաժշ­տա­գէտ Ճի­հատ Աշ­քըն, որ իր ող­ջոյ­նի խօս­քին մէջ բարձր գնա­հա­տան­քով ար­տա­յայ­տուե­ցաւ հիւր խում­բին մա­սին։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 27, 2015