ԱՆՊԱՇՏՕՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Եւ­րո­միու­թեան Ա­րե­ւե­լեան գոր­ծըն­կե­րու­թեան ան­­դամ եր­կիր­նե­րուն ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րը ե­րէկ ան­պաշ­տօն հան­դի­պում մը ու­նե­ցան Թիֆ­լի­զի մէջ, ուր ներ­կայ էին Եւ­րո­յանձ­նա­ժո­ղո­վի հա­րե­ւա­նու­թեան եւ ընդ­լայն­ման հար­ցե­րով յանձ­նա­կա­տար Եո­հան­նէս Հան եւ ԵՄ-ի ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ծա­ռա­յու­թեան ընդ­հա­նուր քար­տու­ղա­րի տե­ղա­կալ Հել­կա Շմիտ։ Թիֆ­լի­զի հա­ւա­քին մաս­նակ­ցե­ցաւ նաեւ Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան, որ ա­ռանձ­նազ­րոյց մըն ալ ու­նե­ցաւ Վրաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Կէոր­կի Քվիրի­քաշ­վի­լիի հետ։

Թիֆ­լի­զի հա­ւա­քին ժա­մա­նակ ու­նե­ցած ե­լոյ­թին ըն­թաց­քին Նալ­պան­տեան բարձր գնա­հա­տեց ԵՄ-ի կող­մէ Հա­յաս­տա­նին ի նպաստ ցու­ցա­բե­րուած շա­րու­նա­կա­կան ա­ջակ­ցու­թիւնն ու օ­ժան­դա­կու­թիւ­նը, ինչ որ կա­րե­ւո­րու­թիւն կը ներ­կա­յաց­նէ բա­րե­փո­խում­նե­րու գոր­ծըն­թա­ցի ի­րա­կա­նաց­ման եւ կա­ռոյց­նե­րու կա­րո­ղու­թիւն­նե­րու ար­դիւ­նա­ւէտ զար­գաց­ման տե­սա­կէ­տէ։ Ան նշեց, որ Ե­րե­ւան կ՚ող­ջու­նէ Եւ­րո­պա­կան հա­րե­ւա­նու­թեան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան վե­րա­նայ­ման գոր­ծըն­թա­ցը ու կա­րե­ւո­րեց գոր­ծըն­կեր պե­տու­թիւն­նե­րու ներգ­րա­ւու­մը ա­նոր մէջ։ Հայ­կա­կան կող­մը դրա­կան կ՚ըն­կա­լէ, որ ԵՄ-ի խոր­հուր­դի քննար­կում­նե­րուն ար­դիւն­քը կը ցո­լաց­նէ տար­բե­րակ­ման սկզբուն­քը։ Ան գո­հու­նա­կու­թեամբ յի­շե­ցուց նաեւ, թէ ԵՄ-ի խոր­հուր­դը ո­րո­շած է լիա­զօ­րել Եւ­րո­յանձ­նա­ժո­ղովն ու բարձր ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը՝ սկսե­լու հա­մար Հա­յաս­տա­նի հետ նոր հա­մա­ձայ­նագ­րի մը շուրջ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք պի­տի սկսին մօտ օ­րէն։

Նա­խա­րա­րը յի­շե­ցուց, որ Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն յայտ­նած է՝ կնքե­լու հա­մար ընդ­հա­նուր օ­դագ­նա­ցու­թեան հա­մա­ձայ­նա­գիր մը։ «Մենք մեծ կա­րե­ւո­րու­թիւն կու տանք մարդ­կա­յին շփում­նե­րուն եւ մեր քա­ղա­քա­ցի­նե­րու ընդ­լայ­նուած շար­ժու­նա­կու­թիւ­նը կը դի­տարկենք որ­պէս կա­րե­ւոր նա­խադ­րեալ՝ մեր հա­սա­րա­կու­թիւն­նե­րը ի­րա­րու ա­ւե­լի մօտ դարձ­նե­լու հա­մար։ Ար­դէն եր­կու տա­րիէ ի վեր կ՚ի­րա­կա­նա­ցուին ԵՄ-Հա­յաս­տան մուտ­քի ար­տօ­նու­թեան դիւ­րաց­ման եւ ե­տըն­դուն­ման հա­մա­ձայ­նագ­րե­րը։ Հա­մո­զուած ենք, որ հա­սուն­ցած է պա­հը՝ յա­ռաջ եր­թա­լու եւ սկսե­լու մուտ­քի ար­տօ­նու­թիւն­նե­րու դրու­թեան ա­զա­տա­կա­նաց­ման շուրջ երկ­խօ­սու­թիւ­նը», ը­սաւ Նալ­պան­տեան։

Անդ­րա­դառ­նա­լով Հա­յաս­տա­նէ ներս ձեռ­նար­կուած բա­րե­փո­խում­նե­րուն՝ նա­խա­րա­րը ընդգ­ծեց, որ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը յանձ­նա­ռու է յա­ռաջ մղե­լու այն քայ­լե­րը, ո­րոնք նպա­տա­կաուղ­ղուած են ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան կա­ռոյց­նե­րու, ար­դիւ­նա­ւէտ կա­ռա­վար­ման, օ­րէն­քի գե­րա­կա­յու­թեան եւ ան­կախ դա­տա­կան հա­մա­կար­գի զար­գաց­ման ու ամ­րապնդ­ման, նաեւ մար­դու ի­րա­ւանց պաշտ­պա­նու­թեան։ Ըստ Նալ­պան­տեա­նի նոյն նպա­տա­կով նա­խա­ձեռ­նուած է նաեւ սահ­մա­նադ­րա­կան բա­րե­փո­խում­նե­րու գոր­ծըն­թա­ցին։

«Հա­յաս­տան կը կա­րե­ւո­րէ զա­նա­զան ձե­ւա­չա­փե­րու մէջ ընդգր­կուն հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը։ Կը կար­ծենք, որ հնա­րա­ւոր է լա­ւա­գոյնս օգ­տա­գոր­ծել զա­նա­զան հա­մարկ­ման շրջա­նակ­նե­րը՝ ցու­ցա­բե­րե­լով ա­ռա­ւել հե­ռա­տես մօ­տե­ցում։ Եւ­րոա­սիոյ տնտե­սու­թեան միու­թեան միա­նա­լէ ի վեր եւ տա­կա­ւին ա­ւե­լի ալ ա­ռաջ մենք կը պաշտ­պա­նէինք այն տրա­մա­բա­նու­թիւ­նը, որ կը հիմ­նուի զա­նա­զան հա­մարկ­ման ձե­ւա­չա­փե­րու ըն­ձե­ռած հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը լա­ւա­գոյնս օգ­տա­գոր­ծե­լու վրայ՝ զերծ մնա­լով նոր բա­ժա­նա­րար գի­ծե­րու ստեղ­ծու­մէն։ Մենք կը փա­փա­քինք ա­ռա­ւե­լա­գոյնս օգ­տուիլ Եւ­րոա­սիոյ տնտե­սա­կան միու­թեան մեր ան­դա­մակ­ցու­թե­նէն եւ, միեւ­նոյն ժա­մա­նակ, զար­գաց­նել փո­խա­դարձ շա­հա­ւէտ հնա­րա­ւոր լայն հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը ԵՄ-ի հետ», ը­սաւ Նալ­պան­տեան ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին։

ՆԱ­ԽԱ­ՐԱՐ­ՆԵ­ՐՈՒ ՀԱՆ­ԴԻ­ՊՈՒՄ

Ե­րե­ւա­նի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան Թիֆ­լի­զի մէջ Կէոր­կի Քվի­րի­քաշ­վի­լիին հետ անդ­րա­դար­ձաւ տա­րած­քաշրջա­նի հրա­տապ խնդիր­նե­րուն։ Ան այս ամ­բող­ջին մէջ իր վրա­ցի պաշ­տօ­նակ­ցին ներ­կա­յա­ցուց Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րի կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղու­թեամբ Ե­րե­ւա­նի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն կող­մէ գոր­ծադ­րուող ջան­քե­րը։ Նա­խա­րար­նե­րը քննար­կե­ցին եր­կու եր­կիր­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րուն մի­ջեւ ա­պա­հո­վուած պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւն­նե­րուն կա­տար­ման ըն­թաց­քը, կա­րե­ւո­րե­ցին բարձր մա­կար­դա­կով փո­խա­դարձ այ­ցե­լու­թիւն­նե­րը, Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւն­նե­րուն մի­ջեւ խորհր­դատուու­թիւն­նե­րու ի­րա­կա­նա­ցու­մը եւ մի­ջազ­գա­յին կա­ռոյց­նե­րու մօտ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան սեր­տա­ցու­մը։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 27, 2015