ՅՍՏԱԿ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Անգարա-Մոսկուա առանցքին վրայ լարուածութիւնը կը շարունակուի՝ Թուրքիա-Սուրիա սահմանին վրայ վար առնուած ռուսական ռազմաօդանաւի հարցով պայմանաւորուած ճգնաժամին բերումով։ Երէկ, ի դերեւ ելան սպասումները եւ Փարիզի մէջ տեղի չունեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի եւ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի տեսակցութիւնը։ Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութեան կողմէ կազմակերպուած զինուորական արարողութիւնով մը Մոսկուա ուղարկուեցաւ զոհուած ռուս օդաչուին՝ Սէրկէյ Ալեքսանտրովիչի մարմինը։ Սահմանի վրայ ստանձնուելէ վերջ նախ Հաթայ տարուած էր ռուս օդաչուի դիակը, որ Անգարայի վրայով ուղարկուեցաւ Մոսկուա։ Ընթացքին Ուղղափառ հոգեւորականի մը մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ նաեւ աղօթք մը։ Անգարայի մէջ երէկուան արարողութեան մասնակցեցաւ Ռուսաստանի դեսպանը, որու կողքին էին դեսպանատան ռազմական կցորդները։
Անգարայէն շարունակ փոխանցուած դրական պատգամներով հանդերձ, Ռուսաստանի ղեկավարութիւնը այս հանգրուանին հանդէս կու գայ խստութեամբ։ Փութինի կողմէ անցեալ շաբաթավերջին ստորագրուած հրամանագրի մը հիման վրայ Ռուսաստանի կառավարութիւնը արդէն իրերայաջորդ տնտեսական պատժամիջոցներ կը յայտարարէ Թուրքիոյ դէմ։ Այս ամբողջին մէջ, Ռուսաստանի Վարչապետ Տիմիթրի Մետվետեւ երէկ հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով ու բացատրութիւններ տուաւ երկու երկիրներու առեւտուրին համար նախատեսուած սահմանափակումներուն շուրջ, որոնք պիտի գործադրուին փուլ առ փուլ։
Միւս կողմէ, Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան այս առաւօտ Փարիզի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Պարաք Օպամայի հետ։ «NTV»ի հաղորդումներով, ամերիկացի ղեկավարը յայտնեց, թէ Էրտողանի հետ զրուցած են թուրք-ռուսական յարաբերութիւններու բնականոնացումը եւ իրենք կը խրախուսեն Թուրքիոյ պաշտպանութեան իրաւունքը։