ԵՐԱԽՏԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ
Անցեալ շաբթուան ընթացքին յուզումնառատ երեկոյ մը տեղի ունեցաւ Հայոց Սփիւռքի բաբախող սիրտ նկատուող Պէյրութի մէջ:
Պէյրութի շքեղ սրահներէն մէկուն՝ «Քազինօ տը Լիպան»ի մէջ Հինգշաբթի, 19 Նոյեմբերին, կայացաւ նշանաւոր երաժիշտ, յօրինող Մեծն Բրիտանիոյ աշխարհահռչակ արքայական «Ռոյըլ» ֆիլհարմոնիք նուագախումբի խմբավար եւ ՄԱԿ-ի մարդկային հարցերու պատուոյ դեսպան Վարդան Մելքոնեանի ելոյթը: Երաժշտական այդ երեկոն յուզեց ներկայ ողջ հանրութիւնը՝ հայ եւ օտարազգի, ինչպէս նաեւ երեկոյի աւարտին յուզուեցաւ ինք՝ օրուան հերոսը՝ Վարդան Մելքոնեան, երբ ձեռամբ Մեծի Տանն Կիլիկոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսին ստացաւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պարգեւը՝ «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանը: Ներկայ հասարակութիւնը գնահատեց տաղանդը հայ երաժշտին, բայց քիչեր անդրադարձան այն պատգամին, որ Վարդան Մելքոնեան երկար ժամանակէ ի վեր որդեգրած է եւ կը փոխանցէ իր բոլոր գործողութիւններու ընդմէջէն: Վարդան Մելքոնեան որոշած է իր ողջ գործունէութեամբ իր երախտագիտութիւնը յայտնել այն ժողովուրդներուն, ազգերուն, անհատներուն, որոնք հայ ժողովուրդի ամենէն օրհասական պահերուն տէր կեցած եւ երդիք ու տանիք տուած են հազարաւոր որբերու եւ անտուններու:
Ինք նոյնպէս որբ եղած է: Աշխարհի ամենէն մեծ բեմերը նուաճած այս հայը անցած է որբութեան եւ դառնութեան ճանապարհէն, կրելով հայ որբաշխարհի բոլոր տառապանքները՝ ֆիզիքական եւ հոգեկան:
Այդ օրը Պէյրութի բարձրախաւային նշուած սրահին մէջ պայծառ լոյսերու ներքոյ նստած եւ դասական երաժշտութիւն վայելող մարդոցմէ շատ քիչեր հաւանաբար գիտէին, թէ բեմին վրայ, խմբավարի ճպոտը ձեռքին հպարտ կեցած այդ մարդը՝ Վարդան Մելքոնեանը, մեծցած է Պէյրութի փողոցներուն մէջ: Եւ ամէն անգամ անոր համար ծանր ու դժուար է վերադառնալ այն վայրը, ուր կան իր դառն մանկութեան յուշերը: Ան Պէյրութի փողոցներուն վրայ մտած է զանազան աշխատանքներու՝ կօշիկ ներկած է, մաստակ եւ այլ մանր ապրանքներ վաճառած է՝ յաճախ քալելով հարիւրաւոր մեթրեր՝ տապի ու խճողումներու ընդմէջէն: Երբեմն առատաձեռն գտնուած են փողոցային շրջիկ մանրավաճառի հանդէպ, յաճախ ալ ան առանց օրուան հացի դրամի մնացած է: Այսօր իր կենսագրութիւնը գրող շատ մը արուեստաբաներ սրտաճմլիկ խորագրեր կ՚ընտրեն՝ «Պէյրութի փողոցներէն մինչեւ Արքայական նուագախումբ», «Յօրինողը՝ մանկատունէն», «Որբը տուն շինեց»…
Մինչ ինքզինք փողոց նետելը՝ Վարդան Մելքոնեան մեծցած է Լիբանանի Ժիպէյլ շրջանի նշանաւոր «Թռչնոց բոյն»ին մէջ: «Թռչնոց բոյն»ը, որ Մարիա Ճէյքըպսըն հիմնած է 1915-ի որբերուն համար, հետագայ տարիներուն եւ ցայսօր իբրեւ որբանոց կը ծառայէ Լիբանանի որբ կամ ծնողական խնամքէ զրկուած հազարաւոր հայ երախաներու համար: Վարդան Մելքոնեան ծնողական խնամքէ զրկուած որբերէն մին էր, որ «Թռչնոց բոյն» յաճախած է շատ աւելի կանուխ տարիքէն, երբ իր հարազատ մայրը իր փոքր քրոջ՝ Լենային ծնունդ տուած պահուն մահացած է: Լենան ալ իր կարգին, քառասուն օրուան նորածին, միւս եղբօր եւ քոյրերուն հետ յանձնուած է «Թռչնոց բոյն»: Վարդան Մելքոնեան լաւ չի յիշեր իր մայրը, սակայն մեծ հպարտութեամբ միշտ կ՚ըսէ, որ իր հոգեհարազատ «Մաման»՝ Մարիա Ճէյքըպսընը եղած է… Այդ տարիներուն Մարիա Ճէյքըպսըն կը բնակէր որբանոցին մէջ: Մէկ անգամ չէ, որ գրուած է Դանիոյ մէջ իր փափուկ կեանքը ձգած եւ հայ որբաշխարհին նուիրած Դանիոյ Եկեղեցասէր տիկնանց ընկերութեան միսիոնարուհիի մասին, որ զոհաբերուեցաւ յանուն հայ մանուկներու եւ մահացաւ որբանոցի մէջ, ուր ալ թաղուած է ազնուական տիկինը՝ դառնալով երախտագիտութեամբ հնչող անուն մը՝ հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ:
Մարիա Ճէյքըպսընին նուիրուած Հայոց որբերու թանգարանին մէջ, որ Ժիպէյլի մէջ այս տարի բացուեցաւ, ուր կայ մեծ շեփորով հնատիպ նուագարկիչ մը, որով կը սիրէր երաժշտութիւն լսել Մաման: Ան նաեւ դաշնամուր նուագած է: Տարիներ ետք Վարդան Մելքոնեան կը խոստովանի, որ իր վրայ մեծ ազդեցութիւն ձգած է այդ խորհրդաւոր գործիքներէն հնչած կախարդական երաժշտութիւնը: Միաժամանակ, երբեք չի մոռնար իր առաջին հանդիպումը Մամային հետ: Երբ փոքրիկն Վարդան առաջին անգամ «Թռչնոց բոյն» բերուած է, Մարիա Ճէյքըպսըն ծնկաչոք ընդունած է զինք՝ չորս տարեկան որբուկի հասակին հաւասար վիճակով: Այդ ջերմութիւնը եւ հետագային նաեւ՝ երաժշտութիւնը, որ հնչած է Մամայի սենեակէն, իրենց հետքը թողած են փոքրիկ տղայի հոգիին վրայ: Նաեւ՝ պատարագները, որոնք ամսուան առաջին Կիրակի օրերը կը հնչէին եկեղեցւոյ մէջ եւ իրենք ներկայ կ՚ըլլային, հոգեկան մեծ ապրումներ պարգեւած են: Վարդան Մելքոնեան Հայաստան չէ եղած, բայց այդ եկեղեցին իրեն համար հոգեւոր Հայաստանի պզտիկ մանրապատկերը դարձած էր մանկութենէն ի վեր, որ նաեւ հայրենասիրութիւն ներշնչած է հայ պզտիկին:
Թերեւս ատիկա եղած է անոր երաժշտական, հետագային՝ ազգային նուիրումի սկիզբը: Պատանի տարիքին ձեռք բերած է կիթառ մը եւ սկսած է ինքնուս նուագել: Դեռահաս տարիքին դարձած է Լիբանանի «Ֆոնթանա» գիշերային ակումբի երաժշտական խումբի երգիչ-մենակատարը: Այդ վայրին մէջ ալ բացուած է անոր ճանապարհը՝ դէպի Եւրոպա: Ակումբին մէջ աշխատող անգլիացի երաժիշտ մը օգնած է հայ երիտասարդին՝ որպէս երաժիշտ աշխատանք գտնել հիւսիսային Անգլիոյ ակումբներուն մէջ: Հետագային, Վարդան Մելքոնեան, յիշելով այդ շրջանը, ըսած է. «Ես ուրախ էի Լիբանանէն հեռանալուս համար, որովհետեւ 70-ականներն էին, երբ սկսած էր հակամարտութիւնը: Ես արեւոտ Պէյրութէն գացի Սքեկնես եւ կ՚երգէի Թոմ Ճոնսի երգերը, անոր «Տիլայլա»ն: Ան շուտով հիմնական աշխատանք գտած է լոնտոնեան Լէյչեստըր հրապարակին վրայ գտնուող Talk of the Town ակումբէն ներս եւ Պոնտ փողոցը գտնուող Celebrity գիշերային ակումբին մէջ: Վարդան Մելքոնեան յայտնուեցաւ ITV-ի New Faces («Նոր դէմքեր») ծրագրին մէջ, որ տաղանդներ բացայայտող հեռատեսիլային շոու մըն էր: Երեկոյ մը ան Celebrity-ին մէջ հանդիպեցաւ երկու օմանցի արքայազններու եւ համոզեց զանոնք՝ պատուիրել ստեղծագործութիւն մը՝ ձայնագրելու Արքայական ֆիլհարմոնիք նուագախուբին հետ:
Հակառակ անոր, որ Վարդան Մելքոնեան կը բնակէր Լոնտոնի մօտակայքը, սակայն չէր մոռցած իր ծննդավայրը եւ տարին երեք անգամ կը ճամբորդէր Պէյրութ: Եւ շատերուն համար զարմանալիօրէն պանդոկ չէր վարձեր, այլ կը մնար «Թռչնոց բոյն»ը: Կը քնանար պզտիկ սենեակի մը մէջ՝ փորձելով վերյիշել մանկութեան հոտերը, ձայները... Նոր տնօրէնը զինք կը ներկայացնէր պզտիկներուն եւ ան կը նստէր ճաշելու երախաներուն հետ. այդ պահուն կը յիշէր այն պահը, թէ ինչպէս Մաման ընդունած էր զինք՝ հաւասարուելով պզտիկ մանչուկի հասակին: Այդ պարզութիւնը՝ Մամայէն եկած, ամբողջ կեանքի ընթացքին չէ լքած Վարդան Մելքոնեանը: Հակառակ փառքին եւ արքայական բեմերուն՝ ան պարզութիւն կը սիրէ եւ կը սիրէ ըլլալ պարզ մարդոց կողքին: Իր ստեղծագործութիւններէն ամենէն գլխաւորը ան նուիրած է Մարիա Ճէյքըպսընին «Վերապրումի սիմֆոնիա. Հրաժեշտ Մարիային» խորագրով, որ ձայնագրած է 2014 թուականին:
Այս տարուան Ապրիլին, 100-ամեակի առթիւ եւ ի պատիւ Մարիա Ճէյքըպսընի, Մելքոնեան եւ անոր դուստրը՝ Վերոնիքան նախատեսած էին քալել Վանէն Պէյրութ ընկած 1000 քիլօմեթր ճանապարհը, այն ճանապարհը, որ իր ծնողքը եւ շատ ուրիշներ անցած են: Անոր հայրը՝ Մովսէս Մելքոնեան, Մուշ քաղաքէն էր: Վարդան Մելքոնեան կը յիշէ հօր պատմութիւնները՝ աքսորի մասին: Մովսէսը, փրկուելով, տեղաւորուած է Մերձաւոր Արեւելքի Նպաստամատոյցի Հայաստան գտնուող մանկատունը, յետոյ տեղափոխուած է Պէյրութ՝ փախստականներու ճամբար: Այնտեղ էր, մօտաւորապէս 1940 թուականին, որ ան հանդիպած եւ ամուսնացած է որբանոցի սանուհիներէն Հայկանոյշի հետ: Վարդանը ծնած է քանի մը տարի անց: Հայկանոյշի մահէն ետք Վարդան կը տառապէր վիշտէն եւ չէր կրնար հոգ տանիլ իր երախաներուն: Այս ձեւով ճանապարհը տարած է զիրենք դէպի «Թռչնոց բոյն»: Հետագային այլեւս չեն տեսած հայրը:
Սակայն ուխտագնացութիւնը, որ Վարդան Մելքոնեան պիտի կատարէր իր հայրերու ճամբով, ինչ-ինչ պատճառներով չէ իրականացած: Ճամբան, որ կ՚անցնէր նաեւ Սուրիայէն, վտանգաւոր էր: Վարդան Մելքոնեան, որ այսօր թէեւ խաղաղ պայմաններու մէջ կը ստեղծագործէ, եւ ապահով կեանք մը ունի, անդադար կրկին կը մտածէ պատերազմներու մասին, որ մարդկութեան դադար չեն տար: Ան իր հասարակական գործունէութեամբ կը պայքարի անոր դէմ, վստահ ըլլալով, որ եթէ իւրաքանչիւր քաղաքակիրթ մարդ պզտիկ պայքար մը մղէ, պատերազմները կը դադրին կամ զանոնք հրահրողները կը զգուշանան: Քայլարշաւը, որ շատոնց ծրագրած էր, չկայացաւ, բայց Պէյրութի համերգը թերեւս այդ պատգամն էր, որ ան պիտի փոխանցէր այդ ճանապարհով անցած ատեն: Բազմահազարնոց դահլիճը կը թնդար ծափահարութիւններով: Ինք յաղթած նկատեց ինքզինքին: Պէյրութի մէջ առաջին անգամ հնչեց «Տրէյք փասսէյճ» համանուագը, որ ձօն էր կրկին Մամային եւ բոլոր անոնց, որոնք տէր կանգնած են հայոց որբերուն: Երախտիքի իր պատգամը Վարդան Մելքոնեան փոխանցեց համայն աշխարհին, յիշեցնելով, որ հայը կը յիշէ, չի մոռնար ինքզինք փրկողը: Ան նաեւ յիշեցուց, որ այսօր ալ բարբարոսութիւններու զոհ կը դառնան մանուկներ, կը կորսուին մանկութիւններ եւ աշխարհը պարտաւոր է աւելի սթափ գտնուիլ ներկայ դաժանութիւններու հանդէպ: Նաեւ յիշեցուց, որ հայը երախտապարտ է, այսքան տարի ետք հայը կարող է այդ զօրեղ զգացումը՝ երախտագիտութիւնը արուեստի ճամբով փոխանցել այն մարդոց, որոնք իր կողքին էին ամենէն դժուար պահերուն: Վարդան Մելքոնեան այսօր ինք կը շարունակէ «Մամա»ին նուիրական առաքելութիւնը: Ան սատար կը հանդիսանայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանիին տակ գործող «Թռչնոց բոյն»ին, եւ իբրեւ ՄԱԿ-ի մարդկային հարցերու պատուոյ դեսպան հետամուտ է լքուած երախաներու արդարութեան եւ իրաւունքի ձայնը բարձրացնելու գործին: Պէյրութի համերգի ողջ հասոյթը տրամադրուեցաւ «Թռչնոց բոյն» եւ լքեալ երախաներու «Մելքոնեան» ֆոնտին:
Երաժշտութեան ճանապարհը ընտրած են նաեւ Վարդան Մելքոնեանի զաւակները՝ Ռիչըրտ եւ Վերոնիքա Մելքոնեանները: Քրոջ եւ եղբօր վերջին համատեղ ստեղծագործութիւնը կը կոչուի Հայկանոյշ: Այդ մէկը անունն է իրենց մեծմօր, զոր չեն տեսած: Այս ընտանիքին մէջ պատմութիւնը կարծես կրկնուած է. Վարդանի հայրը՝ Մովսէս չէ տեսած իր հայրը, Վարդանը կորսնցուցած է կապը իր հօր հետ եւ անոր զաւակները նոյնպէս չեն տեսած իրենց մեծհայրերը եւ մեծմայրերը: Վիշտը, սակայն չէ դառնացուցած Վարդան Մելքոնեանը: Արուեստի տեսաբանները նկատած են, որ իր յօրինած երաժշտութեան մէջ կան լոյսէ համանուագներ, որոնք կը հնչեն եւ յոյսի եւ ապրումի զգացումներ կը փոխանցեն հանդիսականին: Հայ երաժիշտը կը շարունակէ ստեղծագործել եւ ապրեցնել իր ստեղծած արուեստով:
Հայը յաղթած է:
Որբը տուն շինած է:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ