ԿԵԱՆՔԸ ՈՒՆԻ ՆՊԱՏԱԿ ՄԸ
Երբեք խորհա՞ծ էք սիրելիներ, ո՜րքան անիմաստ եւ ն՛ոյնքան անտանելի եւ յուսահատական պիտի ըլլար կեանքը՝ եթէ նպատակ մը չունենար։ Արդարեւ ամէն օր որ կ՚ապրինք, կը ծառայենք նպատակի մը՝ հոգ չէ թէ չանդրադառնանք անոր եւ անգիտակցօրէն զբաղինք մեր առօրեայ գործերով։
Ուստի նպատակն է, որ մարդս կ՚աշխուժացնէ, կը քաջալերէ եւ կը խրախուսէ։ Պահ մը երեւակայեցէ՛ք, աննպատակ օր մը ո՜րքան անտանելի կ՚ըլլայ՝ կարծես ժամերը անշարժ, պահերը ամուլ եւ անիմաստ, մէկ խօսքով կեանքը դադրած, կանգ առած կ՚երեւի եւ կարծես հասած է վախճանը՝ վերջացած է ամէն գործունէութիւն, ամէն կենդանութիւն եւ ապրում։ Ամլութիւնը, այս իմաստով ամենէն անտանելի տանջանքներէն մին է մարդուս համար։
Անշուշտ որ կեանքի մէջ կարելի է դիմաւորուիլ զանազան նեղութիւններու հետ, դժուարութիւններ պատճառ ըլլան յուսահատութիւններու, դժգոհութիւններու, եւ մարդ պահ մը յուսալքուի, հեռանալ ուզէ կեանքի առօրեայէն եւ փափաքի առանձին մնալ՝ մեկուսանալ, մէկ կողմ քաշուիլ։ Երբեմն մարդ կը յոգնի բարեկամներէ, բարեկամական յարաբերութիւններէ, ընկերներու կեղծ սէրէն խաբուած, աշխատութիւններու մէջ ձախողած՝ հոգեպէս խաւարը կրնայ պատած ըլլայ իր ամբողջ էութիւնը եւ մեծապէս ցնցուած, վշտացած կրնայ ըլլալ յուսախաբութիւններու եւ ապերախտութիւններու ենթարկուելով։ Բայց ասոնցմէ աւելի ծանրակշիռն է՝ աննպատակ կեանք մը ունենալ։
Եթէ մարդ ունի կեանքի նպատակ մը, աւելի ճիշդ է ըսել՝ եթէ անդրադարձած է որ իր կեանքը նպատակ մը ունի, եւ ի՛նք որպէս մարդ, ստեղծուած եւ ծնած է այս նպատակին համար, ապա ուրեմն շուտով կրնայ յաղթահարել՝ գլուխ ելլել ամէն դժուարութեան հետ եւ վերստին յուսադրուիլ եւ խրախուսուիլ։
Կեանքը ապրելու համար է, եւ ո՛չ թէ անկէ հեռանալու, յուսալքուելու եւ մեկուսանալու։ Կեանքը կարելի է ապրիլ հաւաքաբար, քանի որ մարդ իր արարչութենէն իսկ կոչուած է իրերօգնութեան, իրարու թերութիւնը լրացնելու եւ տկարութիւնը զօրացնելու։ Ուրեմն մա՛րդ իրաւունք չունի մեկուսանալու՝ քաշուելու մէկ կողմ, քանի որ պարտաւոր է եւ պատասխանատո՛ւ իր նմաններուն նկատմամբ եւ կեանքի առաջնակարգ նպատա՛կն է այս։ Այո՛, շատ պատճառներ կրնան պատահիլ մարդս կեանքէն հեռացնելու եւ մեկուսացնելու, բայց ժամանակաւոր պէտք է ըլլան անոնք, քանի որ ան պատասխանատուութիւն մը ունի կեանքին նպատակին հասնելու համար իր կարելին ընելու։
Ո՛վ որ յուսահատութեան մատնուած, անիրաւութեան ենթարկուած կը զգայ ինքզինք, փոխանակ յուսալքուելու անգամ մը կարդայ Աւետարանի սա խօսքը՝ Յիսուսի պատուէրը. «ԱՇԽԱՐՀԻ ՎՐԱՅ ՆԵՂՈՒԹԻՒՆ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՔ, ԲԱՅՑ ՔԱՋԱԼԵՐՈՒԵՑԷ՛Ք, ՔԱՆԻ ՈՐ ԵՍ ՅԱՂԹԵՑԻ ԱՇԽԱՐՀԻՆ» (ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԺԶ 33)։
Ուստի մեզի խոստացուած չէ հանգստաւէտ վայր մը այս աշխարհի վրայ, մեր կեանքին մէջ։ Կեանքի պայքարը միշտ պիտի տեւէ եւ ան իր հետ նեղութիւններ, դժուարութիւններ պիտի բերէ բնականաբար, կարեւորը քաջ ըլլա՛լն է այդ պայքարին մէջ, եւ մանաւանդ իրերօգնութեամբ, միասնաբար յաղթահարել այդ բոլորը։ Մարդուս համար անկում ունենալ բնական է, բայց կարեւոր է կանգնիլ՝ չյուսահատիլ եւ շարունակել կեանքի պայքարը՝ որուն յաղթահարել իր պարտականութիւնը եւ պատասխանատուութի՛ւնն է եւ կեանքին նպատակը։
Ոմանք կեանքի մէջ յաջող մարդ ըլլալը՝ կ՚առընչեն հարստութեամբ, գիտուն ըլլալու, հռչակաւոր ըլլալու եւ ասոնց նման աշխարհասիրական իրողութիւններով, դիրք եւ աստիճաններով, տիտղոսներով եւ զանազան ցուցամոլութեան վիճակներով… ո՛չ սիրելի բարեկամնե՜ր, իրական յաջողութիւնը՝ կեանքի իսկական նպատակին հասնի՛լն է՝ միասնաբար, իրերօգնութեամբ, զիրար լրացնելով, իրարու զօրակից ըլլալով, զիրար ամբողջացնելով։ Ա՛յս է մարդուն կոչումը եւ նաեւ ապրած կեանքին նպատակը։ Կեանքը անհատական գոհացումներու ընթացք մը չէ՛, այլ հաւաքաբար, հաւասար կերպով եւ ազատօրէն ապրելու շրջան մը…։
Անշուշտ այս վերջնական նպատակին հասնելու համար իւրաքանչիւր մարդ ունենալու է իր ստորադաս անձնական նպատակները։ Փոքր նպատակներ կը կազմեն մեծ ու իրական նպատակը՝ քայլ քայլ յառաջանալով մարդ կը հասնի հոն՝ ո՛ւր մտադրած է հասնիլ։
Մարդիկ անհատապէս, եւ կամ հաւաքապէս կ՚ունենան զանազան նպատակներ՝ որոնք կրօնական, ոմանք աշխարհային կեանքի յառաջացման կը ծառայեն, բայց բոլորն ալ կ՚ուղղուին դէպի վերջին նպատակ։
Ոմանց համար մաքուր կեանք ապրիլը նպատակ մըն է, բայց մաքուր կեանք ապրիլ երբեք կեանքին անտարբեր մնալ, չէզոք ըլլալ, միջակ ըլլալ չի՛ նշանակեր։ Ոմանք ալ արդար ըլլալ՝ կեանքին գերագոյն նպատակը կը համարեն։ Բայց եթէ արդարութիւնը չի ծառայեր մարդուս բարութեան, մարդկային ճշմարտութեան, ապա ուրեմն իրենց նպատակը վերջնական նպատակին տանող ճամբայ մը չի կրնար ըլլալ։
Կեանքի մէջ՝ աշխարհի վրայ ո՛չ մէկ արժէք կրնայ յայտնուիլ, եթէ ուրիշ արժէքներ չընկերակցին անոր։
Արդարը բարութեան, բարութիւնը ճշմարտութեան, լաւութիւնը գեղեցկութեան, ազատութիւնը իրաւունքներու եւ պարտաւորութիւններու, պատասխանատուութեան կը կարօտի եւ փոխադարձաբար ամէն մէկը իրարու՝ որպէսզի կատարեալ ըլլայ իրենց առաքելութիւնը։ Ուրեմն ամէն արժէք ինչպէս որ յայտնուելու համար պահանջքը ունի իր մերձաւոր արժէքին, նո՛յնպէս՝ իւրաքանչիւր անհատ պահանջքը ունի «ուրիշ»ի մը՝ մերձաւոր կամ հեռաւոր, քանի որ ամէն մէկ անհատ անմիջական օգնականը պէտք է ըլլայ միւսին ե՛ւ առանց խտրութեան։
Ուրեմն յայտնի նպատակ մը կայ աստուածային արարչագործութեան ընդհանուր ծրագրին կատարելագործմանը համար եւ ամէն մէկ անհատ, իւրաքանչիւր անձ կոչումը եւ պատասխանատուութիւնը ունի իր բաժինը բերելու այդ նպատակին հասնելու համար, ամէն մէկը իր կարողութեան ու տարողութեան չափին համեմատ։
Եւ ո՛վ որ զանց կ՚առնէ, եւ կամ աւելի լաւ է ըսել՝ զանց առնել կը փորձէ իր բնածին պարտականութիւնը, կը նշանակէ, թէ՝ ան կեանքը կ՚ապրի, կեանքը ապրիլ կը կարծէ աննպատակ եւ անորո՛շ։ Արդարեւ ուրիշ առիթներով ալ յիշած ենք Ժան Ժագ Ռուսոյի խօսքը, թէ՝ ով որ իր մասնակցութիւնը չի բերեր մարդկային ընդհանուր կեանքի բարելաւման եւ յառաջդիմութեան, կը ծուլանայ իր պարտականութիւնը կատարելու՝ աշխատելու, ան ընկերային կեանքի մէջ բարոյապէս «գո՛ղ» կ՚անուանուի։ Ուրիշին աշխատութեան արդիւնքներով ապրիլ՝ հապա եթէ «գողութիւն» չէ՞, ի՜նչ կարելի է որակել։ Մարդիկ իրենց նպատակին պիտի հասնին միասնաբար, ամէն մէկը իրեն վիճակած պարտականութիւնը կատարելով՝ աշխատելով, գործելով եւ ամենէն կարեւորը՝ իրերօգնութեա՛մբ որ իր արարչութեան պատճառը եւ նպատա՛կն է…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նոյեմբեր 30, 2015, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024