ԱՐԵՒՄՈՒՏՔԻ ՀԵՏ ՆՈՐ ԽՆԴԻՐ ՄԸ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՀԱՄԱՐ
Արեւմուտքի եւ Ռուսաստանի յարաբերութիւններուն մէջ այս շրջանին դարձեալ ծայր կու տան տարաձայնութիւններ։ ՆԱԹՕ-ի խորհուրդի վերջին ժողովին ընթացքին առնուած որոշումները այս առումով ուշադրութեան կ՚արժանանան, որովհետեւ հակասական կացութեան մը պատճառ հանդիսացած են։ Արդարեւ, դաշինքի խորհուրդը մէկ կողմէ որոշած է վերականգնել Ռուսաստան-ՆԱԹՕ խորհուրդին աշխատանքը, իսկ միւս կողմէ անդամակցութեան հրաւիրած՝ Քարատաղը։ Այս երկու քայլերը նոր հարցականներու ծննունդ կու տան կողմերու յարաբերութիւններու ապագայի տեսանկիւնէն։
ՆԱԹՕ-ի Ընդհանուր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպերկ յայտնեց, որ դաշինքի խորհուրդը որոշած է վերստին գումարել Ռուսաստան-ՆԱԹՕ խորհուրդը՝ վերականգնելու համար համագործակցութիւնը Մոսկուայի հետ։ «Մենք որոշեցինք ուսումնասիրել՝ ինչպէս օգտագործել Ռուսաստան-ՆԱԹՕ խորհուրդը վերսկսելու համար համագործակցութիւնը ռուսական կողմին հետ։ Մենք պիտի ուսումնասիրենք այդ հարցը եւ պիտի որոշենք նոր նիստի ժամանակն ու թուականը։ Ես կը փափաքիմ ընդգծել, որ թէեւ ՆԱԹՕ Ռուսաստանի հետ սառեցուցած է գործնական համագործակցութիւնը անցեալ տարի Խրիմի վերամիաւորումէն վերջ, սակայն մենք պայմանաւորուեցանք բաց պահել քաղաքական շփումները Ռուսաստանի հետ։ Ռուսաստան-ՆԱԹՕ խորհուրդը կը շարունակէ գործել, 2014 թուականէն ի վեր տեղի ունեցած է խորհուրդի քանի մը նիստ», ըսաւ Սթոլթենպերկ։
Իսկ Քարատաղի վերաբերեալ ընդունուած որոշումը, թէեւ դաշինքին կողմէ կը համարուի պատմական, սակայն լուրջ վերապահութեան տեղի տուած է Մոսկուայի մօտ։ Քրեմլին խիստ արձագանգ մը տուաւ այս քայլին ու տեղեկացուց, թէ ՆԱԹՕ-ի դէպի Արեւելք ընդլայնումը պատճառ պիտի դառնայ ռուսական կողմի փոխադարձ գործողութիւններուն։ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքով ընդգծեց, որ Մոսկուայի կողմէ զանազան մակարդակներու վրայ միշտ նշուած է, որ դէպի Արեւելք ՆԱԹՕ-ի ու անոր ռազմական ենթակառուցուածքի շարունակական ընդլայնումը չեն կրնար տեղի չտալ ռուսական կողմի փոխադարձ գործողութիւններուն՝ անվտանգութեան ապահովման եւ շահերու հաւասարութեան պահպանման առումով։ Փեսքով ըսաւ, թէ այս նիւթին շուրջ պէտք է սպասել Փութինի, Ռուաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան կամ Պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտօնական յայտարարութիւններուն։