«ԲՈԼՈՐԻՆ ՄԷՋ ՓՈՔՐԻ՛ԿՆ Է ՄԵԾԸ»
Երբ աշակերտները սկսան վիճաբանիլ թէ ո՛վ է իրենցմէ «մեծ»ը, Յիսուս մանուկ մը ցոյց տուաւ եւ ըսաւ.
«Ով որ ընդունի այս մանուկը իմ անունովս՝ զիս ընդունած կ՚ըլլայ, եւ ով որ զիս կ՚ընդունի՝ ընդուած կ՚ըլլայ զիս ղրկողը։ Որովհետեւ ով որ ձեր բոլորին մէջ փոքրիկն է, ա՛ն է մեծը» (ՂՈՒԿ. Թ 48)։
Երբ դիտենք մեր շուրջը՝ պիտի տեսնենք, թէ շատեր անդիմադրելի փափաք մը ունին «մե՛ծ» ըլլալու, տիրապետելու ուրիշներուն վրայ, ուրիշներէ բարձր դասուելու եւ յարգ ու պատիւ վայելելու։ Առաջին ակնարկով բնական զգացում մը կ՚երեւի ասիկա։ Անշուշտ ամէն մարդ կ՚ուզէ, որ «տեղ» մը գրաւէ, եւ թէ լա՛ւ տեղ մը ընկերային կեանքին մէջ։ Բայց ասիկա չափազանցել, այս մասին ծայրայեղ ըլլալ՝ ահաւասիկ այս է, որ կ՚անհանգստացնէ ընկերային կեանքի ընդհանուր համակարգը, կը խանգարէ բնական ընթացքը կեանքին։ Հարկա՛ւ մրցակցութիւն պիտի ըլլայ ընկերութիւնը կազմող անհատներու միջեւ, անշուշտ նուիրապետական կարգ մը՝ դասաւորուած իշխանական հերթականութիւն մը անհրաժեշտ է խաղաղ եւ ներդաշնակ ընկերութեան մը հաստատման համար։ Եւ սակայն պէ՛տք է, որ «մեծ»ը իր մեծութիւնը, «փոքր»ն ալ իր փոքրութիւնը գիտնայ։ Եւ երբ «փոքր»ը «մեծ»ի հովեր կ՚առնէ, ինքնահաւան, մեծամիտ ձեւերով կը քօղարկէ իր փոքրութիւնը, ահաւասիկ ա՛յդ է վտանգաւորը, ա՛յդ է վնասակարը…։ Ուստի յառաջադէմ, քաղաքակիրթ, մտապէս մշակուած ընկերութեան մը մէջ հարցեր հազուագիւտ են, քանի որ հոն ամէն մէկը գիտէ իր տեղը, կը գիտակցի իր իսկական արժէքին։
Եկէք, սիրելիներ, առակով մը շարունակենք մեր խորհրդածութիւնները։ Առակը ռուսերէնէն թարգմանած է Յովհաննէս Սարկաւագ Ասատրեան։
«Հինգ-վեց տարեկան տղայ մը անտառին մէջ պտըտելով կը զուարճանայ իր ծնողքին հետ։ Այդ պահուն կը տեսնէ առուակ մը։ Տղան ուրախութեամբ կը խմէ անոր թարմ ջուրէն, եւ յետոյ զուարճանալու համար ձեռքը կ՚առնէ ճիւղ մը եւ կը սկսի խառնել՝ տակնուվրայ ընել առուակին ջուրը։
«Առուակին յատակը հողոտ է եւ բնականաբար՝ անմաքուր, ուստի ջուրը խառնելով, ջուրին հետ միատեղ մակերես կը բարձրանան աւազ, ջուրը ինկած տերեւներ, եւ տեսակ տեսակ աղտեղութիւն ու աղբ։ Եւ առուակին զուլալ ջուրը կը դառնայ ըմպելու համար անյարմար ու անպատեհ։
«Փոքրիկ տղան այլեւս հաճոյքով չի նայիր առուակի աղտոտած եւ պղտորած ջուրին։ Ուստի, ան կը թողու իր ձեռքը բռնած ճիւղը առուակին մէջ եւ կը վազէ մայրիկին մօտ, տրտում ու թախծոտ։
«Իսկ ուրիշ տեղ մը՝ բարձր լեռներու վրայ, ուրիշ տղայ մը կը զուարճանար նոյնպէս, լերան կատարին առուակով մը։ Սակայն այդ լեռնային փոքր առուին յատակը քարոտ էր։ Եւ երբ տղան սկսաւ խառնել ջուրը, որ կ՚ուզէր պղտորել զայն իր ձեռքը բռնած ճիւղով, կոտորուեցաւ ան։ Տղան անմիջապէս կանգ առաւ, քանի որ իր նպատակին չէր հասած եւ իր ուզածը չէր կրցած իրականացնել։ Ուրեմն փոքր առուին հոսումը չէր փոխուած՝ ջուրը վճիտ ու ջինջ էր առաջուան պէս, չէր պղտորած։ Ան մաքուր էր նախկինին նման։ Տղան դարձեալ տրտում մնաց…։
«Կան մարդիկ՝ որ արտաքնապէս բարի եւ կարեկցող կը թուին՝ ինչպէս մաքուր եւ վճիտ առուակը։
«Բայց երբ զանազան պատահականութիւններ նեղացնեն, խանգարեն այդպիսի մարդիկը, ապա կարելի է տեսնել, թէ իրենց հոգիին խորքէն ինչպէ՛ս դուրս կը հոսի ինքնակարծութիւնը, մեծամտութիւնը, մանրախնդրութիւնը, բծախնդրութիւնը, ինքն իրմով հպարտութիւնը եւ վերջապէս անցեալի՝ հին վիրաւորանքները՝ անտառի առուակի տիղմին ու աղբին նման։ Եթէ յատակը հաստատուն չէ՛, ապա ուրեմն կարելի է որ ամէն աղտեղութիւն յայտնուի…»։
Այսպէս են ամէն անոնք, որ միշտ իրենք զիրենք կը գովաբանեն, իրենք զիրենք կը բարձրացնեն եւ իրենց կարծեցեալ առաքինութիւններու մասին կը խօսին։
Եւ շա՜տ կայ այդպիսիներ, որոնք եթէ քիչ մը «խառնես», անմիջապէս իրենց աղտեղութիւնը դուրս կը հոսեցնեն։ Այնքան ազնիւ ու ազնուական կարծուած մէկը, յանկարծ կը վատանան, գռեհիկ, անպատկառ ու վարնոց անձի մը կը վերածուին։ Իսկութեան մէջ անոնք չեն փոխուիր, այլ իրենց իսկական ինքնութիւնը ցոյց կու տան։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ իրենց ազնուութիւնը հաստատ յատակի վրայ չէ հիմնուած, կ՚երեւին այնպէս՝ ինչպէ՛ս որ չեն երբեք…։
Եւ այդպիսիներ իրական սպառնալիքներ են ընկերութեան՝ վտանգ ու վնաս կը սպառնան, եւ ցաւալին այն է, որ անոնք շատ անգամ յարգ ու պատիւ կը վայելեն անտարբեր ու անգիտակից շրջանակներու մէջ։ Եւ երբ յայտնուի իրենց իսկական էութիւնը, այլեւս ուշ պիտի ըլլայ, քանի որ անոնք արդէն գործած պիտի ըլլան ամէն չարիք ու վնաս։
Ինչպէս համեստութեան մէջ է իսկական վեհութիւնը, նոյնպէս՝ փոքրութեան մէջ է իսկական մեծութիւնը։ Մա՛րդ վերէն նայելով բարձր չի կրնար ըլլալ, մա՛րդ ինքնագովութեամբ գովասանքի արժանի անձ չի՛ կրնար ըլլալ։ Ուստի ուշադրութիւն ընելու է այդպիսիներուն՝ որպէսզի չկարենան վնասել ընկերային համերաշխութեան…։
Թէ՛ ինչպէ՞ս ուշադրութիւն ընել եւ ան-վըտանգ մնալ այդպիսիներու չարիքներէն։ Նախ սա անուրանալի ճշմարտութիւն մըն է, թէ մարդ ամենէն շատ կը խօսի այն արժէքին մասին՝ որ կը պակսի իրմէ։
Ուստի եթէ մէկը յաճախ իր առաքինութիւններուն մասին կը խօսի, ուղղամտութենէ կը ճառէ, շնորհներ կը վերագրէ իրեն, եւ բոլոր այդ առաւելութիւններով կը հպարտանայ, մեծամիտ կեցուածքով կը ստորադասէ իր շուրջինները՝ վստահ եղէ՛ք սիրելի՜ներ, այդ անձը չունի այդ առաւելութիւններէն նուազագոյնը իսկ։ Այդպիսիներու պէտք է ուշադրութիւն ընել, զգուշանալ եւ հեռո՜ւ մնալ անոնցմէ…։
Եւ դարձեալ, եթէ մէկը յաճախ կը խօսի իր դիրքին, իր աստիճանին կամ իրաւասութեան մասին, դարձեալ պէտք է զգուշանալ անկէ, քանի որ ան արժանի է՛ ո՛չ իր դիրքին, ո՛չ իր աստիճանին եւ ոչ ալ պատահաբար ստացած իրաւասութեան։ «Գիտե՞ս, ես ո՛վ եմ…»։ Ահաւասիկ մանաւանդ այդ նախադասութեամբ, աւելի ճիշդ է ըսել՝ «սպառնալիք»ով խօսքի սկսողներէն պէտք է անմիջապէս հեռանալ, քանի որ այդպիսիներէն միա՛յն վնաս կու գայ, եւ ո՛չ մէկ օգուտ ու բարիք…։
Ինչպէս կ՚ըսէ Յիսուս, վստահեցէ՛ք մանուկի նման անմեղ ու խոնարհ մարդոց, եթէ ո՛չ օգուտ, բայց գոնէ վնաս չի՛ հասնիր անոնցմէ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նոյեմբեր 19, 2015, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024