ՅՈԲԵԼԵԱՆԻ ՀԱՄԱՐ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Մխիթարեան սանուց միութեան եւ Պէյօղլուի Լուսաւորիչ Դպրաց Դաս-երգչախումբի ներկայացուցիչները, որոնց հետ էր նաեւ երաժիշտ Մաժակ Թոշիկեան։
Գումգաբուի մէջ տեղի ունեցած զրոյցի ընթացքին այցելուները Նորին Սրբազնութեան ուշադրութեան յանձնեցին, թէ յառաջիկայ շրջանին կը պատրաստուին նշել Մխիթարեան սանուց միութեան հիմնադրութեան 70-ամեայ յոբելեանը։ Այս առթիւ մշակուած է ծրագիր մը, որուն կապակցութեամբ Ընդհանուր Փոխանորդին տեղեկութիւններ փոխանցելու առընթեր հիւրերը խնդրեցին Պատրիարքական Աթոռին հովանաւորութիւնը։ Այս շրջագծով յառաջիկայ տարեմուտին համերգով մը հանդէս պիտի գայ Լուսաւորիչ երգչախումբը՝ մեկնաբանելով Հրանդ Տինքի օրաթորիոն, որու յօրինումը կատարուած է Մաժակ Թոշիկեանի կողմէ։ Ծանօթ է, որ մօտաւոր անցեալին ալ երգչախումբը նոյն օրաթորիոն ներկայացուցած էր Երեւանի մէջ։ Մաժակ Թոշիկեան եւ երգչախումբի ներկայացուցիչները բաղդատական տուեալներ ներկայացուցին այս երկու ծրագրերուն շուրջ։
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան յոբելենական շրջանին եւ մօտալուտ համերգին համար յղեց իր հայրական օրհնութիւններն ու յաջողութեան մաղթանքները։