«ՄԵՐ ԱՇԽԱՐՀԻ ԼՈՒՌ ՎԻՃԱԿԸ»

Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան Մխի­թա­րեան սա­նուց միու­թեան մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ «Մեր աշ­խար­հի լուռ վի­ճա­կը» խո­րագ­րեալ ձեռ­նարկ մը։ Մեր գե­ղա­րուես­տա­կան աշ­խար­հի ծա­նօթ ա­նուն­նե­րէն Սար­գիս եւ Վար­դան Փա­չա­ճը եղ­բայր­նե­րուն կող­մէ կազ­մա­կեր­պուած ցու­ցա­հան­դէս մըն էր այս ձեռ­նար­կը ըստ էու­թեան։ Գե­ղարուես­տի զա­նա­զան ճիւ­ղե­րու եւ թեք­նիկ հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րու օգ­տա­գոր­ծու­մով ցո­լա­ցուած էին սպառ­ման մշա­կոյ­թին, բնա­պահ­պան­ման ա­հա­զան­գին, քա­ղա­քա­շի­նու­թեան խնդիր­նե­րուն եւ հա­սա­րա­կա­կան դէպ­քե­րուն զա­նա­զան դրսե­ւո­րում­նե­րը, ո­րոնք զի­րար կը խա­չա­ձե­ւեն ա­ռօ­րեա­յին։

Գե­ղա­րուես­տա­սէր­նե­րու ան­մի­ջա­կան հե­տաքրք­րու­թեան ա­ռար­կայ դար­ձաւ այս ե­րե­կոյ­թը, ո­րուն որ­պէս հիւր ա­րուես­տա­գէտ մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րին՝ Ա­րէտ Աւ­ճու, Ար­ման Քեա­պէ, Ա­լեք­սան Ու­ղուր­լուեան, Ա­րի Թաշ, Մկրտիչ Ար­ծի­ւեան, Մու­րատ Է­զէր, Սար­գիս Կիւ­րեղ, Սար­գիս Փա­չա­ճը, Սա­րօ Պայ­վեր­տեան, Ա­լէն Էօզ­ճեն­կիզ եւ Սե­ւան Տէ­յիր­մեն­ճեան։

2010 թուա­կա­նին մահ­կա­նա­ցուն կնքած գա­նա­տա­ցի ե­րա­ժիշտ Լա­սա Տէ Սե­լա­յի յի­շա­տա­կին ձօ­նուած այս ցու­ցա­հան­դէ­սը բաց պի­տի մնայ մին­չեւ Դեկ­տեմ­բե­րի 13-ը։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 5, 2015