ՍԵԲԱՍՏԻԱՅԷՆ ՄԻՆՉԵՒ ՎԵՆԵՏԻԿ

Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան, Ֆէ­րի­գիւ­ղի «Նա­զար Շի­րի­նօղ­լու» սրա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ բա­նա­խօ­սու­թիւն մը, որ կազ­մա­կեր­պուած էր Սե­բաս­տա­հա­յոց եւ բա­րե­կամ­նե­րու հայ­րե­նակ­ցա­կան միու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ։ Այս առ­թիւ ե­լոյ­թով մը հան­դէս ե­կաւ Տքթ. Պար­գեւ Պա­լը­մեան, որ ներ­կա­յա­ցուց Մխի­թա­րեան միա­բա­նու­թեան հիմ­նա­դիր եւ ա­ռա­ջին աբ­բա­հայր Մխի­թար Սե­բաս­տա­ցիի կեանքն ու գոր­ծու­նէու­թիւ­նը։

Ե­րե­կոյ­թին ներ­կայ գտնուե­ցան Թուր­քիոյ Հայ Կա­թո­ղի­կէ Հա­սա­րա­կու­թեան Վի­ճա­կա­ւոր Տ. Լե­ւոն Արք. Զէ­քիեան, Մխի­թա­րեան միա­բա­նու­թեան Իս­թան­պու­լի վա­նա­տու­նէն Հայր Յա­կով­բոս Ծ. Վրդ. Չօ­փու­րեան, Հայր Աբ­րա­համ Ֆրա­տեան, Վա­ղար­շակ Սրկ. Սե­րով­բեան, Ֆէ­րի­գիւ­ղի Ս. Վար­դա­նանց ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դէն Նուր­հան Փա­լա­քօղ­լու, շարք մը հա­մայն­քա­յին մար­մին­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ եւ մշա­կու­թա­սէր հե­տաքր­քիր­ներ։ Ձեռ­նար­կի սկիզ­բին յար­գան­քի լռու­թիւն պա­հուե­ցաւ 1915-ի սրբա­դա­սեալ նա­հա­տակ­նե­րու յի­շա­տա­կին։

Հան­գու­ցեալ Ար­ման Վար­դա­նեա­նի յի­շա­տա­կին ձօ­նուած բա­նա­խօ­սու­թեան ըն­թաց­քին Պար­գեւ Պա­լը­մեան ներ­կա­յա­ցուց Սե­բաս­տիա­յէն սե­րած եւ իր բազ­մա­կող­մա­նի ձիր­քե­րով յայտ­նի Մխի­թար Վար­դա­պե­տի կեան­քին զա­նա­զան հանգ­րուան­նե­րը։ Ան ներ­կա­յա­ցուց Մխի­թար Սե­բաս­տա­ցիի Սե­բաս­տիա­յէն մին­չեւ Վե­նե­տիկ ձգուող կեան­քին հիմ­նա­կան ա­ռանցք­նե­րը, ըստ էու­թեան կեդ­րո­նա­նա­լով նա­խա­վե­նե­տի­կեան շրջա­նին վրայ։ Իր ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րուն ժա­մա­նակ ան ներ­կա­յա­ցուց նաեւ զա­նա­զան տե­սո­ղա­կան­ներ։

Ձեռ­նար­կը ա­ւար­տին հա­սաւ Զէ­քիեան Գե­րա­պայ­ծա­ռի փակ­ման խօս­քով։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 5, 2015