Ֆէյսպուք Կը Փորձարկէ «Բաժանումի» Գործիքները

Բա­ժա­նու­մը, խզու­մը ծանր է, մա­նա­ւանդ՝ «Ֆէյս­պուք»ի վրայ:

Չկայ զգա­ցում մը, այն­քան նման՝ ստա­մոք­սի պրկու­մին, որ դուք կ՚ու­նե­նաք, երբ պա­տա­հա­բար կը տես­նէք նա­մա­կագ­րու­թիւն մը ձեր եւ նախ­կին սի­րե­լիին մի­ջեւ, ա­ւե­լի եր­ջա­նիկ ժա­մա­նակ­նե­րու մէջ: Նոյ­նիսկ ա­ւե­լի դա­ժան է, երբ կը նկա­տէք, որ ա­նոր մա­կա­նու­նը փո­խուած է այդ ա­տե­նէն ի վեր: Ա­մէն պա­րա­գա­յի: Աշ­խար­հի ա­մե­նա­մեծ ըն­կե­րա­յին ցան­ցը յայ­տա­րա­րած է, որ կը փոր­ձար­կէ  նոր գոր­ծիք­ներ, որ­պէս­զի նուազ ցաւ զգաք, երբ դի­մա­կա­լէք յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու խզու­մի տագ­նա­պը:

Ճիշդ հի­մա, ե­թէ դուք ո­րո­շէք, թէ չէք ու­զեր, որ ձե­զի  յի­շեց­նեն յա­տուկ ան­ձի մը գո­յու­թեան մա­սին, Եր­կիր մո­լո­րա­կին վրայ, պէտք է «unfriend» ը­նէք, կամ ար­գե­լա­փա­կէք զանոնք: Խնդիրը այն է, որ ա­նոնք շատ հա­ւա­նա­բար պի­տի գիտ­նան, թէ այդ­պէս ը­րած էք, բան մը, որ շատ ի­տէա­լա­կան չէ, եւ որ «Ֆէյս­պուք»ի վրայ մէ­կը  ար­գե­լա­փա­կե­լը լաւ քայլ մը չի նկա­տուիր:

Փոխ­յա­րա­բե­րու­թիւ­նը «Ֆէյս­պուք»ի վրայ մեծ գոր­ծարք է. Նիւ Եոր­քի մէջ դա­տա­ւոր մը ը­սած է, որ  «Ֆէյս­պուք»ը օգ­տա­գոր­ծե­լով՝ ա­մուս­նա­լու­ծու­մի ազ­դեր ու­ղար­կե­լը ամ­բող­ջո­վին օ­րի­նա­կան է: «Ֆէյս­պուք»ի բա­ժա­նու­մի, խզու­մի նոր գոր­ծի­քը  կը վե­րա­բե­րի նախ­կին հա­ղոր­դա­կի­ցի մը տես­նե­լի­քին, սա­կայն՝ ա­ռանց գիտ­նա­լու, որ դուք բան մը ը­րած էք:

Գոր­ծի­քին մի­ջո­ցով մար­դիկ կրնան՝

«Ֆէյս­պու­քի մէջ ա­ւե­լի նուազ տես­նել նախ­կին ըն­կե­րոջ մը ա­նու­նը եւ նկա­րը՝ ա­ռանց զա­նոնք «unfriend» ը­նե­լու կամ ար­գե­լա­փա­կե­լու: Ա­նոնց հա­ղոր­դագ­րու­թիւն­նե­րը կամ նա­մակ­նե­րը չեն յայտ­նուիր լու­րե­րու է­ջին վրայ,  եւ ա­նոնց ա­նուն­նե­րը չեն նշուիր, երբ մար­դիկ հա­ղոր­դագ­րու­թիւն մը կը յղեն, կամ ըն­կեր­ներ նշեն նկար­նե­րու մէջ»:

«Սահ­մա­նա­փա­կել նկար­նե­րը, տե­սե­րիզ­նե­րը կամ անձ­նա­կան նոր տուեալ­ներ, զորս կրնայ նախ­կին ըն­կե­րը տես­նել»:

«Խմբագ­րել, կամ ջնջել այն ա­նու­նը,  որ կրնայ տես­նել նախ­կին ըն­կե­րոջ հետ ի­րենց ան­ցեա­լի հա­ղոր­դագ­րու­թիւն­նե­րը (նա­մակ­նե­րը) եւ ի­րենք զի­րենք դուրս բե­րել այդ ան­ձի հա­ղոր­դագ­րու­թիւն­նե­րէն»:

Երբ «Ֆէյս­պուք»ը ա­ռա­ջին ան­գամ սկսաւ հա­մալ­սա­րան­նե­րու շրջա­փա­կե­րուն մէջ, ա­տի­կա ըստ էու­թեան, «տա­թա­պէյս» մըն էր  յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու կար­գա­վի­ճակ­նե­րու: Տե­սակ մը՝ եր­թե­ւե­կու­թեան լոյ­սե­րու  թուա­յին խումբ մը, ո­րուն շնոր­հիւ շա­տեր բա­ւա­կան ժա­մա­նակ խնա­յե­ցին:

Սա­կայն բո­լո­րո­վին վեր­ջերս մենք շատ ա­ւե­լի ամչ­կոտ կը դառ­նանք մեր սի­րոյ եւ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու մա­սին «Ֆէյս­պուք»ի վրայ յայ­տա­րա­րե­լու:  Դուք հա­զուա­դէ­պօ­րէն կը տես­նէք մար­դիկ, ո­րոնք խզուող յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու մա­սին բազ­մա­թիւ տար­բե­րակ­նե­րէն կ՚ընտ­րեն «ա­տի­կա բարդ է» եզ­րը: Փո­խա­րէ­նը՝ մենք այժմ կը փու­թանք նշե­լու կեան­քի  ա­ւե­լի շօ­շա­փե­լի ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րու, ինչ­պէս՝ նշա­նուե­լու կամ ծննդա­բե­րու­թեան մա­սին: Կամ պար­զա­պէս՝  ա­տոր հա­մար, որ սկսած եմ տա­րի՞քս առ­նել:

«Այ­դու­հան­դերձ, նոր գոր­ծի­քը շու­տով պի­տի տա­րա­ծուի ամ­բողջ աշ­խար­հի մէջ», կ՚ը­սէ  «Ֆէյս­պուք»: «Այս գոր­ծը մէկ մասն է, մեր շա­րու­նա­կա­կան ջան­քե­րուն, զար­գաց­նե­լու մի­ջոց­ներ այն մար­դոց հա­մար, ո­րոնք ի­րենց կեան­քե­րուն մէջ դժուար պա­հեր կը դի­մագ­րա­ւեն», կը գրէ «Ֆէյս­պուք»ի ար­տադ­րու­թեան տնօ­րէն Քել­լի Ո­ւին­թըրզ: Ան կ՚ա­ւելց­նէ. «Կը յու­սանք, որ գոր­ծիք­նե­րը պի­տի օգ­նեն մար­դոց, որ­պէս­զի «Ֆէյս­պուք»ի վրայ ի­րենց յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը ա­ւար­տեն ա­ւե­լի դիւ­րաւ, հան­գիստ եւ հա­ւա­սա­րակշ­ռուած»: Ե­թէ դուք բջի­ջա­յին օգ­տա­գոր­ծող էք Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու մէջ, կրնաք գոր­ծի­քը փոր­ձել, ը­՜ը, մէ­կու մը հետ ձեր յա­րա­բե­րու­թիւ­նը խզե­լով…

Յատ­կան­շա­կան Տո­ղեր Ֆէյս­պու­քէն

- «Ե­թէ ես եր­կու օ­րէ ա­ւե­լի ֆէյս­պու­քի վրայ բա­ցա­կա­յիմ, ոս­տի­կան­նե­րուն լուր տուէ՛ք»:

- «Ծ­նող­ներս ինձ­մով հպարտ պէտք է ըլ­լան, ո­րով­հե­տեւ ես թմրե­ցու­ցի­չի մո­լի չեմ, այլ՝ ֆէյս­պու­քի»:

- «Կարգ մը մար­դոց պէտք է յի­շեց­նել, որ ֆէյս­պուք ըն­կե­րա­յին ցանց է, օ­րա­գիր չէ»:

- «Ֆէյս­պուք մար­դոց կեան­քը կը մսխէ 2004 թուա­կա­նէն ի վեր»:

- «Կ՚ու­զե՞ս ֆէյս­պու­քի մի­ջո­ցով հարս­տա­նալ. փա­կէ՛ զայն եւ աշ­խա­տան­քի գնա՛»:

- «Բա­րի ե­կաք ֆէյս­պուք, ուր ոչ ոք իս­կա­պէս ձեր բա­րե­կամն է»:

- «Ֆէյս­պու­քը միակ տեղն է, ուր դուն այն­պէս կը ձե­ւաց­նես, թէ բազ­մա­թիւ բա­րե­կամ­ներ ու­նիս»:

- «Լաւ բա­րե­կա­մը գի­տէ քու բո­լոր պատ­մու­թիւն­ներդ, լա­ւա­գոյն բա­րե­կա­մը զանոնք քե­զի հետ կ՚ապ­րի»:

ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 8, 2015