ՅԱԿՈԲԵԱՆ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ՀՄԸՄ-Ի ՎԱՐՉԱՅԻՆՆԵՐԸ

Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան նա­խըն­թաց օր հիւ­րըն­կա­լեց Հայ մարմ­նակր­թա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան (ՀՄԸՄ) կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ Գառ­նիկ Մկրտի­չեա­նի կող­մէ գլխա­ւո­րուած պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը, որ վեր­ջերս այ­ցե­լեց Ե­րե­ւան։ Հարկ է նշել, որ ՀՄԸՄ-ի կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան ներ­կայ կազ­մը ընտ­րուած էր ան­ցեալ Սեպ­տեմ­բե­րին Ե­րե­ւա­նի մէջ գու­մա­րուած 11-րդ պատ­գա­մա­ւո­րա­կան ժո­ղո­վի ար­դիւն­քին։ Ներ­կա­յիս կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թիւ­նը Ե­րե­ւան ժա­մա­նած է՝ իր ա­ռա­ջին լիա­գու­մար նիս­տը ի­րա­կա­նաց­նե­լու ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ։

Ող­ջու­նե­լով ՀՄԸՄ-ի վար­չա­յին­նե­րը՝ Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան դրուա­տի­քով ար­տա­յայ­տուե­ցաւ այս կազ­մա­կեր­պու­թեան կող­մէ հա­յա­պահ­պան­ման ուղ­ղու­թեամբ ծա­ւա­լուած գոր­ծու­նէու­թեան շուրջ։ Իր կար­գին, Գառ­նիկ Մկրտի­չեանն ալ վե­րա­հաս­տա­տեց, թէ ՀՄԸՄ մշտա­պէս հա­ւա­տա­րիմ կը մնայ իր հիմ­նա­կան նպա­տակ­նե­րուն, ո­րոնց շար­քին է հայ ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն մօտ ամ­րապն­դել գի­տակ­ցու­թիւ­նը Հա­յաս­տա­նին ծա­ռա­յե­լու ուղ­ղու­թեամբ։

Զրոյ­ցի տե­ւո­ղու­թեան քննար­կուե­ցան ՀՄԸՄ-ի կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան յա­ռա­ջի­կայ քա­ռա­մեայ ծրագ­րե­րը, նե­րա­ռեալ Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան զար­գաց­ման վե­րա­բե­րեալ նիւ­թեր։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 8, 2015