ԻՐԱՆ ՆՈՐ ԾՐԱԳՐԵՐ Կ՚ԱՌԱՋԱՐԿԷ
Միջուկային ծրագրին շուրջ Արեւմուտքին հետ համաձայնութեան հասնելէ վերջ՝ Իրան ներկայիս կը նախատեսէ բազմակողմանի քայլերու ձեռնարկել տնտեսութիւնը թափով զարգացնելու առաջադրութեամբ։ Կը հաղորդուի, որ Թեհրան վերատեսութեան ենթարկած է արտասահմանեան ուժանիւթային ընկերութիւններու հետ պայմանագրեր կնքելու կարգը՝ փորձելով 30 միլիառ ամերիկեան տոլարի նոր ներդրումներ ներգրաւել։ «Պի.Պի.Սի.»ի հաղորդումներով, քարիւղի այս նոր պարտաւորագրերու պայմանները աւելի գրաւիչ պիտի ըլլան արտասահմանեան ներդրողներու տեսակէտէ։ Արդարեւ, անոնց շահաբաժնի բարձրացում կ՚առաջարկուի երկարաժամկէտ շահոյթներու մէջ։
Այս նոր կարգադրութիւններուն վերաբերեալ յայտարարութիւններ կատարուեցան վերջերս Թեհրանի մէջ կազմակերպուած խորհրդաժողովի մը ընթացքին։ Այդ հաւաքոյթին մասնակցեցան աշխարհի բազմաթիւ յառաջատար ուժանիւթային ընկերութիւններու ներկայացուցիչները։ Վիթխարի շուկայի հանգուցային խաղացողները շահագրգռուած են Իրանի նաւթի ընդարձակ պաշարներու օգտագործման մասնակցելով։
Հարկ է նշել, որ Իրան կը տնօրինէ աշխարհի մեծագոյն նաւթի ու կազի պաշարներէն մին։