ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Երէկ, Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան հիւրընկալեց Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հապիպ Էօզֆուրունճուն եւ իր ընկերները։ Գումգաբու այցելութեան ընթացքին թաղականներուն ուղեկցեցաւ նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան։
Նկատի ունենալով, որ այս տարի Դեկտեմբերի 20-ին տեղի պիտի ունենայ Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութիւնը՝ թաղային խորհուրդը փափաքած էր նախօրեակին այցելել Պատրիարքարան։ Զրոյցի տեւողութեան Հապիպ Էօզֆուրունճու եւ իր ընկերները Ընդհանուր Փոխանորդին նկատառման յանձնեցին թաղի եկեղեցւոյ եւ յարակից վարժարանի գործունէութեան շուրջ։
Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութեամբ կայանալիք արարողութիւններուն ընդառաջ Նորին Սրբազնութիւնը եշիլգիւղցիներուն փոխանցեց իր օրհնութիւնը եւ գնահատելով անոնց կողմէ տարուած աշխատանքը յղեց յաջողութեան մաղթանքներ։